Արձագանգելով ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «2017 թուականը համայն հայութեան համար թող դառնայ Արցախի տարի» կարգախօսին եւ մեկնարկելով «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին վարժարանիս որդեգրած շարք մը ծրագիրները, Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն մը, հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, նախագահութեամբ՝ ՀՀ Սփիւռքի վսեմափայլ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեանի, հիւպատոս՝ Տիար Աշոտ Վարդանեանի, արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, նախկին նախարար մեթր Ժագ Չուխատարեանի, հիւրերու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարժարանիս լրատուական բաժնի պատասխանատու Օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Հայաստանը հայուն ոգեղէն ու հոգեւոր արժէքներու բնօրանն է, ուրկէ կը սնանի սփիւռքի վրայ տարածուող հայ ժողովուրդը: Ուստի, որպէս սփիւռքահայ, անհրաժեշտ ու էական կը գտնենք սփիւռք-հայրենիք կապը, որուն անքակտելիութեան մէջ իր մեծ դերը ունի ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը: Այսօր, որպէս սփիւռքահայ, ականջ կու տանք նախարարութեան «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» կոչին, մեր ուժերը ի մի բերելով եւ մեր կարողութիւնները ի սպաս դնելով Լեռնային Ղարաբաղի՝ մեր Արցախի բարօրութեան ու բարգաւաճման համար»:
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Սերժիօ Ահարոնեան՝ «Ղարաբաղ» երգով, Աքասիա Ազատեան՝ «Արցախի Հերոսներուն» ասմունքով, Արեւ Պոյաճեան՝ «Հէ՛յ, երգիր Արաքս» ջութակի նուագով, Փաթիլ Մարաշլեան, Փաթիլ Մարգարեան եւ Ռաֆայէլ Մխսեան՝ «Ղարաբաղցին» երգով, իսկ Մարկրիթա Մալտոսեան, Խաչիկ Օքսազեան, Փաթիլ Աւետիսեան եւ Յակոբ Վարդանեան քառեակը՝ «Արցախ» պարով:
Վարժարանիս եւ Սփիւռքի նախարարութեան միջեւ համագործակցութիւնը խտացնող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ նշեց. «29 Մարտ 2010-ին, այն օրէն երբ մեր վարժարանէն ներս առաջին անգամ հիւրընկալեցինք Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը, Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի եւ Սփիւռքի նախարարութեան միջեւ սկիզբ առած յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը օրէ օր ծաղկեցաւ, զարգացաւ ու բարգաւաճեցաւ: Տնօրէնութիւնս, առաջին օրէն, իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ գործեց այն համոզումով, որ այս նախարարական կառոյցը կամուրջ կը հանդիսանայ Սփիւռքի մէջ գործող հաստատութիւններու եւ հայրենիքի միջեւ: Արդարեւ, հաւատալով որ մեր հայրենիքը կը հզօրանայ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ հաստատուած, բայց իրենց սիրտը միշտ Հայաստանով ու Արցախով բաբախող հայորդիներով, վարժարանս, այս հանդիսաւոր պահուն, կու գայ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնելու Արցախի նուիրուած համահայկական շարժումին եւ առ այդ հանրութեան կը ներկայացնէ այս ուղղութեամբ իր ծրագիրներու շարքը»:
Այնուհետեւ, տնօրէնուհին ներկայացուց «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» շարժումին կապակցութեամբ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի գլխաւոր ծրագիրը, որով ան իր համեստ մասնակցութիւնը կը բերէ այս ազգօգուտ շարժումին։
Հայրենիք-Սփիւռք կամրջող նախաձեռնութիւններուն մէջ իր անսպառ ջանքին առ ի երախտագիտութիւն եւ գնահատանք՝ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան վսեմափայլ տիկին նախարարը պատուեց յուշանուէրով մը, գերապայծառ Ասատուրեանին ձեռամբ: Տիկ. Յակոբեան խօսք առնելով այս հանդիսութիւնը թուեց որպէս ամենալաւագոյնը, ամենայուզիչը եւ ամենահայրենասիրականը, եւ արտասուալից աչքերով ըսաւ. «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» կոչէն անմիջապէս ետք հայկական սփիւռքը ալեկոծուեցաւ, եւ սփիւռքեան կառոյցները հատիկ առ հատիկ ոտքի կանգնեցան սատար հանդիսանալու Ղարաբաղին: Այս առումով Տիկ. Պոյաճեանի ներկայացուցած ծրագիրով հիացայ եւ ուրախացայ, որովհետեւ այս դպրոցը անով կը փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի դառնայ այս շարժման գլխաւոր մասնակիցը»: Տիկ. նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց, որ մենք ակնդէտօրէն կը հետեւինք ու կը գործակցինք Սփիւռքի նախարարութեան հետ: Ան գլուխ խոնարհեց այն ուսուցիչներուն առջեւ, որոնք ամէն բան կ’ընեն այս դպրոցին մէջ հայը կերտելու եւ աշակերտը մղելու որպէսզի սահուն խօսի ոսկեղնիկը, եւ յատուկն շնորհաւորեց վարժարանիս տնօրէնուհին։՝ Վսեմափայլ նախարարը իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ բոլորին հայեացքը ուղղուած է հայրենիքին, որովհետեւ ան է բոլորիս իսկական թթուածինը, եւ հետեւաբար, մենք բոլորիդ կը սպասենք, կը կանչենք եւ կ’ըսենք՝ արի տուն:
Հանդիսութեան աւարտին, հիւրերը իրենց հետ տարին վարժարանիս վերոնշեալ ծրագիրը ֆինանսաւորելու համար դպրոցին մէջ հաւաքական աշխատանքով պատրաստուած լիբանանեան խնձորի անուշը: