ՍՐՏԻ ԽOՍՔ՝ «ՄԱՍԻՍ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԻ 75-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ – Դոկտ․ Աբէլ Քհնյ․ Մանուկեան

«Միջերկրական ծովու գեղածիծաղ ափերուն ալիքները քնքշօրէն կ’ողողեն փիւնիկեան քաղաքակրթութեան օրրանը հանդիսացող մայրիներու երկիր Լիբանանի արեւմտեան սահմանները։ 225 քմ. հիւսիսէն հարաւ ձգուող այս ափին անուանի եղած են պատմա­կան շատ մը քաղաքներ, որոնց շարքին առափնեայ գիծին կեդրոնը՝ դէպի Միջերկրա­կան ծոց բացած թերակղզիի մը վրայ կը տարածուի Պէյրութ մայրաքաղաքը, որ հա­զարամեակներէ ի վեր եղած է բազմաթիւ մշակոյթներու, լեզուներու եւ ժողովուրդնե­րու սիրտը։ Արդարեւ, կենդանի խճանկարի նման, ուր միահիւսուած են բազմազգ հա­մայնքներու եւ կրօններու գոյները, Պէյրութ միշտ եղած է խաղաղ համակեցութեան, հանդուրժողականութեան ու տարբեր ազգերու, մշակոյթներու եւ դաւանանքներու պատկանող մարդիկը միաւորող ջերմ հիւրընկալութեան փայլուն խորհրդանիշ մը:

Ահաւասիկ այսպիսի բազմազգի համայնքանին, մշակութային եւ կրօնական միջավայ­րի մը երկնակամարին վրայ 1947 թուականի յունուարին ծնունդ կ’առնէ նոր աստղ մը, որ հայաշխարհին կը յայտնէ իր հոգեւոր-բարոյական, գրական-մշակութային, ազգային եւ կրօնական ինքնութիւնը ‛Մասիս’ նուիրական անունով։ Ան արդէն թեւակոխած է անխոնջ նուիրումի եւ արգասաբեր առաքելութեան պատկառելի տարիք մը, եւ այժմ՝ 75 տարի անց, ան կը փայլի աւելի քան երբեւէ՝ սփռելով իր լուսեղէն ճառագայթները մին­չեւ հեռաւոր ապագայի հորիզոնները։ Արդարեւ, ‛Մասիս’ վաստակաշատ յոբելեար մըն է եւ իր շուրջբոլորը իրաւացիօրէն յարգանք կը պարտադրէ նշելու համար այս կա­րեւոր իրադարձութիւնը։ 

Երբ յոբելեան մը կը նշենք, հոգեւին կը գնահատենք կարեւոր դէպք մը կամ կը տօնա­խմբենք սիրելի անձի մը տարեդարձը, որոնք զգալի ներդրում եւ նշանակութիւն ունե­ցած են մեր կեանքին մէջ։ Փաստօրէն ան յիշատակի տօն մըն է, անձնական կամ հաւա­քական երախտագիտութեան անկեղծ զգացումներու դրսեւորում մը ոչ միայն այն բա­րիքներուն համար, որ յոբելեարը շնորհած է մեզի, այլ միաժամանակ գնահատել կարե­նալու համար այդ առիթին ընձեռած կարեւորութիւնը անցեալին, ներկային, բայց մաս­նաւորաբար ապագային հեռանկարով։

‛Մասիս’ իր գոյառումը կը պարտի Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան ծիրանաւոր կաթողիկոս-պատրիարքի նախաձեռնութեան, որ արդէն 1946 թուականի վերջերը «Թուղթ շրջաբերականով» մը հայ կաթողիկէ բոլոր թեմակալ առաջնորդներուն, ուխ­տերուն, միաբանութիւններուն, հաստատութիւններուն, կղերին եւ ժողովուրդին կը յայտնէ, թէ «Յառաջիկայ 1 յունուարին հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը իր շաբաթա­թերթը պիտի ունենայ ‛Մասիս’ անունով»։ Այս մեծանուն հայը եւ Ընդհանրական կա­թողիկէ եկեղեցւոյ հայազգի կարտինալը քաջ կը գիտակցի նման շաբաթաթերթ մը ստեղծելու կենսական կարիքին՝ իր խնամքին յանձնուած հայ կաթողիկէ հօտին հա­մար։ Թէպէտ վաղուց արդէն գոյութիւն ունէր հայ կաթողիկէ պատկառելի մամուլ մը՝ «Բազմավէպ», «Եւրոպա», «Հանդէս ամսօրեայ», «Կաթողիկէ արձագանգ», «Ուսում­նարան», «Աւետիք» եւ «Մխիթարեան ընտանիք» անուններով, սակայն եւ այնպէս կը պակսէր շաբաթաթերթ մը, որ ուղղուած պիտի ըլլար լրացնելու բոլորովին ուրիշ բաց մը։ Ահաւասիկ այս փաստին կ’անդրա­դառնայ 1 յունուար 1947 թուականին ‛Մասիս’-ի անդրանիկ թիւին մէջ լոյս տեսած խմբագրականը.

«Այս տարի՝ Պէյրութահայ մամուլի համեմատաբար բազմաթիւ հրատարակու­թիւններու շարքին մէջ՝ նոր թերթ մըն է որ կ’երեւի ճիշդ կաղանդի առթիւ. ‛Մասիս’։ Ի՞նչ է ատոր նորութիւնը. նա կու գայ կարեւոր պէտք մը հոգալու, գոցելու զգալի բաց մը։ Հայ կաթողիկէ համայնքը չունէր իր թերթը, որ խօսէր իրեն յատ­կապէս, որ բերէր ուղղակի իրեն՝ զինքը շահագրգռող լուրեր, ստոյգ, ճշգրիտ, վստահելի տեղեկութիւններ այն ամէն բանի շուրջ, որ պիտի ուզէր գիտնալ ա­տենին, տեղն ի տեղով, որ հաղորդակցութեան դնէր ոչ միայն իր ազգին, իր հայ­րենիքին, իր ալ սփիւռքի, այլ նաեւ աշխարհատարած կրօնակիցներու հետ, տար՝ ազգայինէն, քաղաքականէն զատ՝ կաթողիկէ աշխարհէ ալ լուրեր»։

Սոյն յայտարարութիւնը յստակ ու մեկին կը դարձնէ այն փաստը, որ առկան փա­ռա­տենչութեան եւ ոչ իսկ մտաւորական թռիչքի մը յագուրդ տալու ցանկութիւն ունի, այլ առաջնահերթ կը համարէ լրատւութեան եւ արագ հաղորդակցութեան միջոցներով ծա­ռայելու համայնքային կարիքներուն, որոնք ցարդ թերի կը մնային։

‛Մասիս’ շաբաթաթերթին գոյառման առնչութեամբ նոյնքան խորիմաստ է այն կարգա­խօսը, որ ծիրանաւոր հայրապետը իբրեւ մեկնարկ կու տայ նորածին թերթին՝ «Որպէս զէն՝ ճշմարտութիւն»։ Ի՞նչ կը բնորոշէ այս կարգախօսը կամ ինչպիսի՞ պատգամ մը կ’ուզէ հաղորդել թերթին խոհուն հիմնադիրը ճշմարտութիւնը իբրեւ զէնք ունենալ նշանաբանով։

Մեծանուն Հայրապետը ստոյգ ներշնչուած է Աստուածաշունչ մատեանի Սաղմոսաց գիրքէն եւ իր մտասեւեռումներուն նիւթ դարձուցած է անոր Ղ. (90-րդ) սաղմոսին 5-րդ հա­մարը, ուր Դաւիթ մարգարէն գովաբանական սրտաբուխ օրհներգով Տիրոջ կը դիմէ ու կ’ըսէ. «Որպէս զէն՝ շուրջ եղիցին զքեւ ճշմարտութիւն նորա» (Սղ. Ղ,5)։

Մակերեսային ընալում մը ենթադրել պիտի տայ, թէ կարգախօսին «զէն» եւ «ճշմար­տութիւն» բառակապակցութիւնները ակրեսիւ կամ յարձակողական, գուցէ որոշակի իմաստով չափազանցուած, նոյնիսկ թշնամական բնոյթ մը ունին, որ ի հարկէ միանգա­մայն հեռու է երջանկայիշատակ ծիրանաւորին դիտաւորութենէն։

Արդարեւ, Ղ. սաղմոսը Տիրոջ պաշտպանութեան ու խնամքին հանդէպ ամբողջական վստահութեան հզօր խոստովանութիւն մըն է: Սաղմոսերգուն կը շեշտէ, որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքով ապրողները Անոր պաշտպանութեան տակ են, հետեւաբար պաշտպանուած են մարմինն ու հոգին խոցող, նոյնիսկ կեանքը խորտակող վտանգ­նե­րէն։ Ան զԱստուած կը նկարագրէ որպէս ապաստան եւ ամրոց, որ կը պաշտպանէ Իր հաւատացեալները բոլոր տեսակի չարիքներէն, ըլլան անոնք հիւանդութիւն, պատե­րազմներ թէ այլ սպառնալիքներ: Սաղմոսը կը հաղորդէ այն հոգեւոր պատգամը, որ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը կ’ընդգրկէ ամէն ինչ, եւ որ Տիրոջ հանդէպ վստահութիւ­նը ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն կը պարգեւէ, թէկուզ դժնդակ նեղութիւններու ժամանակ։

Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր թարգմանիչ վարդապետները Հին կտակարանի Սաղմոսաց գիրքի Եօթանասնիցի յունարէն թարգմանութեան համապատասխան արտայայտու­թիւնը՝ «ὅπλῳ κυκλώσει σε ἡ ἀλήθεια αὐτοῦ» – «Որպէս զէն՝ շուրջ եղիցին զքեւ ճշմար­տութիւն նորա», ոսկեղենիկ գրաբար հայերէնի բառացիօրէն ճիշդ փոխադրած են։ Ի հարկէ, այստեղ խնդրոյ առարկան «զէն» կամ անոր յոգնակին՝ «զէնք» բառն է, որ այսօր միակողմանի իմաստ մը առնելով իբրեւ մահաբեր գործիք կը հասկցուի։ Մինչդեռ մեր թարգմանիչ հայրերը «զէն» բառով միաժամանակ այլ հոմանիշ մը՝ պաշտպանութեան «վահան» հասկացութիւնը ընկալած են։ Հետեւաբար աւելի ժամանակակից թարգ­մա­նութիւններ այս սաղմոսը այսպէս վերարտադրած են.

«Անոր ճշմարտութիւնը քու ասպարը [զրահանդերձը] ու վահանը պիտի ըլլայ»։

Սակայն ի՞նչ է ճշմարտութիւնը ծիրանաւոր հայրապետին համար բովանդակային այս կառոյցին մէջ։ Իմաստասիրական մանուածապատ հասկացութիւններու համակա՞րգ մը, թէ՞ պարզ ըմբռնում մը, որ ճշմարտութիւն բառին դիմաց կը կարդանք իւրաքանչիւր բառարանի մէջ.«Խօսքին կամ արտայայտութեան համապատասխանութիւնը այն նիւթին կամ իրականութեան հետ, որուն մասին ան եղած է»։

Քաջանուն աստուածաբան Հայրապետին համար նման ընկալում մը խիստ սահմանա­փակ է։ Անոր տրամախոհութիւնը կը հայի կրօնական խորապատկերներուն, ճշմար­տութեան ընկալման աստուածային ոլորտին։ Կրօնական ըմբռնումին մէջ ճշմարտու­թիւնը յաճախ կը դիտուի իբրեւ աստուածային իրականութիւն կամ այն, որ համահունչ է Աստուծոյ կամքին եւ էութեան: Ան անփոփոխ է, բացարձակ, եւ կը գերազանցէ մարդ­կային ճանաչողութեան սահմանը: Շատ մը կրօններ ճշմարտութիւնը կ’ընկալեն իբրեւ աստուածային էութեան արտայայտութիւն, որ կը բացայայտուի աստուածային յայտ­նութիւններու, սուրբ գրութիւններու եւ բարոյական սկզբունքներու մէջ: Ճշմարտութիւ­նը կը ծառայէ իբրեւ բարիի եւ սրբութեան ուղեցոյց եւ էապէս կը հակադրուի կեղծիքին ու խաբէութեան: Յամենայնդէպս, քրիստոնեաներուս համար ճշմարտութիւնը «ի՞նչ» մը չէ, այլ «ո՞վ» է։ Ո՞վ է ճշմարտութիւնը. Ան, «Որ յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան իջեալ ի յերկնից՝ մարմնացաւ, մարդացաւ, ծնաւ կատարելապէս ի Մար­իամայ սրբոյ կուսէն՝ Հոգւովն Սրբով» (Նիկիական Հանգանակ), եւ ըսաւ. «Ե՛ս եմ ճանապարհն, ճշմարտութիւն եւ կեանք» (Յով. ԺԴ, 6)։

Վերոգրեալ ըսինք՝ ‛Մասիս’ հայութեան համար նուիրական անուն մըն է, որ երանա­շնորհ Աղաճանեան հայրապետը ստոյգ ինք ընտրած է եւ զայն իբրեւ ինքնութիւն ձօ­նած է հայ կաթողիկէ նորածին շաբաթաթերթին։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ ծիրա­նա­ւոր հայրապետը իր ծագումով սփիւռքահայ մը չէ, այլ ծնունդով հայրենի հողէն կու գայ։ Ան իր էութեան մէջ կը կրէ ոչ միայն հայոց պատմութեան, այլեւ իր հայրենի ծննդա­վայրին կնիքը, որ Մեծ Հայքի Գուգարք նահանգի պատմական Ջաւախք գաւառի Ա­խալցխա քաղաքն է։ Արդ, եթէ դառն ճակատագրի բերումով մենք՝ սփիւռքահայ դար­ձածներս, մեր հոգիին բոլոր թելերով ու զգացումներով կապուած կը զգանք հայ ժողո­վուրդի գոյութեան գերազանց խորհրդանիշ եւ հայոց պատմութեան մեծագոյն վկայ Մասիսին, ապա ան որքա՜ն էական ներկայութիւն մը պէտք է հանդիսանայ այն եկե­ղեցական բարձրաստիճան գործիչին կեանքին ու գործին համար, որ ուղղակի հայկա­կան լեռնաշխարհէն կը սերի եւ որուն բարձրագոյն գագաթը մարդկային ցեղի օրրան աստուածաշնչական Արարատը կամ հայկական Մասիս սարը կը կազմէ։

Ասոր մեկնաբանութիւնը լաւագոյնս կը բացատրէ ‛Մասիս’-ի անդրանիկ թիւին խմբա­գրականը. «Նա սակայն կու գայ հնագոյն ամուամբ մը, անուամբը լերան մը, որ աւելի եր­կինքի զուգահաղորդ է՝ քան երկրի ‛խանձարոյք համագոյից սեռի’ (Ալիշան)։

Վասնզի ըլլայ նա ուրարտական կոչումով Արարատ, ըլլայ արարչութեան թատե­րաբեմը առաջին, ըլլայ նախիջեւանը վերապրած մարդկութեան, է եւ պիտի մնայ յաւէտ յուշարձանը մեր բնագաւառին, որ Հայաստան կը կոչուի, որու ձեռին ալ ըլլայ՝ ‛Հայոց Մեծաց’ արձան է նա աստուածակառոյց։

[…] Մասիս անունը հետեւաբար ամանորի աւետաբեր մըն է, Ծննդեան ութօրէ­քի խաղաղութեան նշանաբան մը, ալեկոծ աշխարհի աղաւնի մը Նոյեան Տա­պանի, որ հոն հանգչած կ’ըսուի հինէն եւ նորէն բաներ մը հայրենիքի։

Այդ անունը կը խտացնէ իր մէջ ինչ որ վսեմ է կրօնական եւ ազգային տեսա­կէտով, ջրահեղձ աշխարհի նախօթեւանը, ուր մնացորդը մարդկութեան վերա­ծնունդ գտաւ, վիմահասակ ‛կէտ կոթող’ մահացուներու եւ անմահներու, որ ե­ղաւ աս­տուածադիր սահմանը Հայկազն Տան։

Ահա այդ անուամբ՝ հայ կաթողիկէ համայնքը կ’ուզէ արձանացնել միաձոյլ կրօնք եւ հայրենիք, աստուածսիրութիւն եւ ազգասիրութիւն։ Զիրար ամբող­ջացնող կէսեր են ասոնք, երկու սարերն են Մասեաց. կրօնք պիտի ըսէինք աւագ Մասիսը, հայրենիք՝ փոքր Մասիսը։ Երկու սարերու յօդակապը նոյն սէրն է, որ Հայկազն կ’ընէ աստուածսիրութիւնը, որ կ’առինքնացնէ հայրենասիրութիւնը։

Մեր համայնքը չի կրնար բաժնել ու բաժնուած տեսնել Աստուած՝ հայրենիքէն, կրօնքը՝ ազգէն. առանց աւագ Մասիսին փոքրը լոկ մահարձան մը պիտի ըլլար հայոց, առանց փոքր Մասիսին՝ աւագը սառնեղէն բագին մը պիտի մնար»։

Առանց նսեմացնելու նորածագ շաբաթաթերթի առաջին խմբագիր Յարութիւն վրդ. Թէքէեանի գրական կարողութիւնները, հակած պիտի ըլլայի փորձուելու՝ ենթադրելով, որ վերոգրեալ հոգեցունց խօսքերը հոսած են նոյնիսկ ծիրանաւոր հայրապետին գրչէն կամ առնուազն անոնք շիթ առ շիթ զեղած են անոր համակ հայրենասիրութիւն տրո­փող սրտէն։

‛Մասիս’-ի առաջին խմբագրականը, որուն կ’անդրադառնանք, ընդսմին անթաքոյց կը յայտնէ իր առաքելութեան ուղին.«Այսպէս հայ-կաթողիկէ ‛Մասիս’-ը իր տեսութիւններու, տեղեկութիւններու, ու­սումնասիրութիւններու մէջ պիտի դնէ գրականին, պատմականին, բանասիրա­կանին, գիտականի կողքին՝ կրօնականն ու բարոյագիտականն ալ. իրաւագի­տականի կողքին՝ ընկերաբանականն ալ. օգտակարի կողքին՝ հաճոյականն ալ պիտի չանտեսէ. եւ այդ ամենուն մէջ պիտի դնէ յատկապէս շունչ մը կաթո­ղի­կէութեան, այսինքն ճշմարտութեան եւ արդարութեան»։

Ուշագրաւ է, որ ‛Մասիս’ իր առաջին թիւին ճակատը կը զարդարէ Արարատեան դաշ­տավայրէն առնուած մեծ ու փոքր Մասիսներուն սպիտակափառ եւ արեգնաճեմ գա­գաթներուն լուսանկարով, որուն տակ կը տեղադրէ Աւետիք Իսահակեանի Արարատին ձօնուած ‛Ռավեննայում’ բանաստեղծութիւնը։ Այս քերթուածին մէջ արեւելահայ գրա­կանութեան մեծագոյն բանաստղծներէն Իսահակեան կը ներկայացնէ հայ ժողովուր­դին յաւերժութիւնը եւ Արարատը՝ իբրեւ այդ յաւերժութեան կրանիթեայ խորհրդանիշը.

«Արարատի ծեր գմբէթից
Դար է եկել, վայրկեանի պէս,
Ու անցել:

Անհուն թուով կայծակների
Սուրն է բեկուել ադամանդին,
Ու անցել:

Մահախուճապ սերունդների
Աչքն է դիպել լոյս գագաթին,
Ու անցել:

Հերթը մի պահ քոնն է հիմա.
Դո՛ւ էլ նայիր սէգ ճակատին,
Ու անցիր…»։

«Խորհուրդ մարդկան՝ կամքն Աստուծոյ»։ Արդեօ՞ք ‛Մասիս’ տարիներու հոլովոյթին մէջ կրցաւ անընդմէջ իրագործել իր առաջադրանքը։ Մնա՞ց հաւատարիմ այն խոստու­մին, որ ան իր անդրանիկ խմբագրականին մէջ կու տար ոչ միայն հայ կաթողիկէ, այլ ընդհանրապէս իր հայ ընթերցողներուն, երբ կ’ըսէր.«‛Մասիս’ պիտի ըլլայ շաբաթաթերթ, ուստի եւ պիտի ամփոփէ շաբթուան կա­րեւորագոյն լուրերը։

Պիտի ըլլայ ամէն յօդուածագիրներու գրչին տակ յարգադիր իշխանութիւններու, բծախնդիր բարքերու, նախանձախնդիր ճշմարտութեան, որ անողոք ալ է՝ որով­հետեւ արդար է։

Ահա ինչ կը խոստանայ ըլլալ ‛Մասիս’. ահա Նոր Տարի. նոր թերթ, կաղանդչէք մը հայ-կաթողիկէ համայնքին, համեստ կաղնադչէք մը համայն հայ ազգին»։

Բնականաբար արտաքին հանգամանքներ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, երկիրը ընդարմացնող ծանրակշիռ ազդակներ՝ ըլլան անոնք քաղաքական թէ տնտեսա­կան, իրենց բացասական անդրադարձը ունեցան «Մասիս»-ի նոյնաձեւ ու շարունակա­կան հրատարակութեան վրայ։ Սակայն մասիսականներ չվհատեցան. թէպէտ շաբա­թաթերթը վերածուեցաւ ամսաթերթի, եղան ժամանակաւոր եւ ակամայ ընդհատում­ներ, բայց ի վերջոյ կարկաչահոս ու արգասաբեր առուակը հայ մամուլի սաղարթագեղ անդաստանին մէջ չցամքեցաւ, այլ վերագտաւ իր հունը՝ շրջանցելով իր դէմ ցցուած բո­լոր թումբերն ու առապարները։ Կրօնի, հաւատքի, գաղափարի, գրականութեան եւ ազ­գային-եկեղեցական առաքելութեան նուիրեալներ Վարդան վրդ. Թէքէեան, Մեսրոպ վրդ. Թերզեան, Հրաչ Քաջարենց, Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, տիար Սարգիս Նա­ճարեան, Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, իսկ ներկայիս՝ Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, իրենց անձնդիր եւ երախտաշատ ներդրումը բերին ‛Մասիս’-ի 75-ամեայ առաքելաշաւիղ եր­թին՝ զայն հասցնելով այսօրուան պատկառելի յոբելեանին։

Սոյն իրադարձութեան կարեւորութիւնը նշելու միտումով,– օրհնութեամբ եւ տնօրի­նումով Հոգեւոր տիրոջ՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին,– մեզի կը ներկայացուի ‛Մասիս’ պար­բերաթերթին 75 ամեակին նուիրուած 304 էջեր պարունակող մեծղի ‛Յուշամատեան’ մը։ Առկան իրականացած է յօժարակամ նուիրատւութեամբը ազնիւ բարերարներու՝ Գրիգոր, Քրիսթին եւ Քերոբ Ճապուրեաններու, իրենց լուսակեաց ծնողաց՝ Քերոբ եւ Հայկուհի Ճապուրեաններու անթառամ յիշատակին, նաեւ վեհանձն օժանդակութեամբ Ժան Պ. Մինասեանի՝ ի յիշատակ իր լուսաբնակ ծնողաց՝ Պետրոս եւ Վեհամայր Ռոզա Մինասեանի։

‛Հարկս՝ հարկաւորաց, պատիւս՝ արժանաւորաց’, կ’ըսէ հին ասացուածք մը։ Հետեւա­բար փորձելով ամենեւին չվիրաւորել հոգեւոր եղբօրս՝ Հ. Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանին համեստութիւնը, պիտի ուզէի ոգեւին գնահատել զինքն այն բացառիկ ներդրումին հա­մար, որ ան խմբագրապետի իր նոր հանգամանքով իրականացուց այս կոթողային «Յուշամատեան»-ին ստեղծումը։

Վերոգրեալ յիշեցինք, որ ‛Մասիս’-ի 75 ամեակին նուիրուած այս ‛Յուշամատեան’-ը 304 էջերէ կազմուած է եւ կը պարունակէ 13 բաժին. ‛Խմբագրապետի գրչէն’, ‛Օրհ­նանք’, ‛Շնորհաւորանք’, ‛Մասիսական’, ‛Մասիս’-ականներուն’, ‛Կռանեանա­կան’, ‛Հայրախօսական’, ‛Բարոյախօսական’, ‛Եկեղեցապատմա­կան’, ‛Պատմա­գրական’,‛Կենսագրական’, ‛Գրականագիտական’ եւ ‛Մատենախօսական’։ Այս խորագրերը որոշակի պատկե­րացում մը կու տան, որ ազգային-եկեղեցական պարբե­րաթերթի մը յոբելենական թիւը իր պարունակին մէջ կ’ընդգրկէ կարեւորագոյն նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ, ո­րոնք ստոյգ կը հետաքրքրեն մեր ընթերցասէր հասարա­կութիւնը։

‛Յուշամատեան’-ը գեղեցիկ խմբագրականով մը ընթերցողը կը հրաւիրէ «Վարդահեղ արշալոյսով» օծուն դէպի «ներկայաշէն եւ ապագայակերտ» հորիզոններ, ապա հոյա­կապ վերլուծումներով կը ներկայացնէ ‛Մասիս’-ի անցած ուղին իր սկզբնաւորութենէն մինչեւ ներկան, այսինքն՝ 75 ձիգ տարիներու վրայ երկարող լուսասլաց գոյերթի մը պատմութիւնը։ Ասոնց կը հետեւին Հոգեւոր տիրոջ եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապե­տին շնորհած հայրապետական օրհնութեան գիրերը, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի ողջոյնի գիրը, Հայ Կաթողիկէ եւ Առաքելական Եկեղեցիներուն վիճակաւոր առաջնորդ­ներու, թեմերու, բարձրաստիճան հոգեւորականներու, լիբանանահայ մամուլի ներկա­յացուցիչներու, անուանի մտաւորականներու երկու տասնեակ ուղերձները, որոնք ան­խտիր կ’ողջունեն 75-ամեայ դափնեպսակ ‛Մասիս’-ը՝ իրենց անկեղծ գնահատականը եւ ջերմ շնորհաւորանքները յայտնելով անոր։

‛Մասիսական’ եւ ‛Մասիս’-ականներուն’ խորագրերուն տակ կ’ամփոփուին բոլոր այն հայ կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարքները, որոնք հովանաւորած են «Մասիս»-ի հրատարակութիւնը, ապա բծախնդրութեամբ կը ներկայացուին պարբերաթերթին բոլոր խմբագրապետերն ու աշխատակիցները, նաեւ՝ ականաւոր գրողները, որոնք ի­րենց եկեղեցաշէն ու ազգանպաստ ուսումնասիրութիւններով, այլեւ ուսանելի յօդուած­ներով տարիներու հոլովոյթին մէջ ‛Մասիս’-ին տուած են բովանդակութիւն եւ որակ՝ նպաստելով անոր լուսաբաշխ վերելքին ու տարածումին, արդարեւ ոչ միայն հայ կա­թողիկէ ընթերցողներու, այլ ազգային բոլոր շրջանակներէն ներս՝ առանց դաւանական խտիրի։

Եօթ յօդուած նուիրուած է հոգելոյս հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի անմեռ յիշա­տակին։ Միջնադարուն Հայ եկեղեցւոյ երեւելի հայրերը իրենց անունին կից ստացած են եզակի մակդիր մը իրենց սրբութեան, իմաստութեան եւ գիտնականութեան համար՝ արժանապէս կոչուելով «եռամեծ» վարդապետներ։ Երանաշնորհ հայր Անդրանիկ Կռանեան իր ազգային-եկեղեցական, կրօնական-աստուածաբանական, գրական-լե­զուական, գրականագիտական եւ հանրային-կրթական վաստակաշատ գործունէու­թեան, նաեւ մատենագրական հարուստ թողօնով ոչինչով պիտի թերանար բառին բուն իմաստով եւ իրաւամբ կոչուելու եռամեծ վարդապետ մը, եթէ երբեք հայ եկեղեցական իրականութեան մէջ նաեւ այսօր պահպանուած ըլլային այդ վանական «եռամեծու­թեան» եւ «եօթնալոյս» վարդապետութեան  կրօնաբոյր աւանդոյթները։

‛Յուշամատեան’-ին հայրախօսական բաժինը ունի զոյգ մը արժէքաւոր ուսումնասի­րութիւններ նուիրուած 12 ապրիլ 2015-ին Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Փրանկիս­կոս Պապին կողմէ ‛Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ’ (Doctor Ecclesiae universalis) հռչակուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիին, իսկ յօդուած մըն ալ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրա­պետին վերաբերեալ։

‛Յուշամատեան’-ին բարոյախօսական բաժինը չափածոյ ստեղծագործութեան բնոյթ կրող ուսանելի խրատականով մը կ’անդրադառնայ քրիստոնէական կենցաղավարու­թեամբ ապրելու առաւելութիւններուն։ Ասոր կը յաջորդէ յօդուած մը, որուն հանդիսա­ւոր խօսքին երանգը կը յիշեցնէ եկեղեցւոյ բեմէն հնչած քարոզ մը։ Բովանդակութիւնը կ’անդրադառնայ Ս. Ծննդեան տօնին ու կը հրաւիրէ ընթերցողը ճիշդ ընկալելու Բեթղեհէմի իրադարձութեան հոգեւոր իմաստը՝ զայն անաղարտ եւ հեռու պահելու համար նուէրներու փոխանակման եւ շուկայական առեւտուրներու մերօրեայ ժխոռէն։ Յատկապէս ուշագրաւ է, որ այս ուղերձը ոչ թէ եկեղեցականի մը, այլ աշխարհականի մը գրիչէն կը հոսի, որ զայն արդարեւ աւելի գրաւիչ եւ համոզիչ կը դարձնէ թէ՛ իր բո­վանդակութեամբ եւ թէ Ս. Մսուրին խորհուրդէն թելադրուած հոգեւոր պատգամներով:

Անդրադառնալով ‛Յուշամատեան’-ին եկեղեցապատմական եւ պատմագրական բա­ժիններուն՝ նկատի առնուած են 18 գիտահետազօտական եւ տեղեկագրական յօդուածներ, որոնք ընթերցողին կը ներկայացնեն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զանազան միաբանութիւններու, հաստատութիւններու, եկեղեցիներու եւ համայնքներու պատմութիւնը։ Սոյնը մեր մտապատկերին վրայ կ’ուրուագծէ յստակ եւ գունեղ պատկեր մը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կաթողիկէութեան պատմական եւ անուրանալի ներկա­յութեան մասին։ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ անհերքելի վկայութիւններէ, կարեւոր ձեռքբերումներէ բացի, կարեւորագոյն ներդրումը այս հաստատութիւննե­րուն, համայնքներուն եւ դպրոցներուն հայութեան մատուցած անգնահատելի ծա­ռայութիւնն է ոչ միայն հայ սփիւռքի պատմական եւ ներկայ գաղթօճախներուն, այլեւ ոչ-պակաս՝ հայրենիքին տարածքին՝ Ջաւախք, Լոռի եւ Շիրակ գաւառներու զանազան գիւղերու՝ Սիզաւէտի, Ղազանչիի, Մեծ Սեպասարի, Բաւրայի, Փանիկի եւ այլ շրջաննե­րուն մէջ։

Կենսագրական, գրականագիտական եւ մատենախօսական 11 ուշագրաւ յօդուածնե­րու ծաղկաբոյլ մըն ալ կու գայ առաւել եւս հարստանցնելու ‛Յուշամատեան’-ին հաս­կագեղ ատոքը։ Ան չի զլանար իր էջերուն մէջ լայն տեղ տրամադրել Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին բազմերախտ գործիչներուն, որոնք առնչուած են ‛Մասիս’-ի առաքելութեան հետ, որպիսիք են՝ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Գասպար, Սահակ եպս. Կոգեան, Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, Յովհաննէս վրդ. Օրջանեան, Վարդան եպս. Աշգարեան, ողբացեալք՝ Յակոբ Բամպակեան, Հրաչ Քաջարենց, Ժիրայր Դանիէլեան, նաեւ այս շարքին կարգ մը ուրիշ լուսաբնակ երախտաւորներ։

Հայ Եկեղեցին ու մշակոյթը դարաւոր աւանդոյթ ունին ոգեկոչելու եւ մեծարելու զանոնք, որոնք իրենց կեանքին նպատակն ու իմաստը չեն դարձուցած ‛Ոսկի հորթին’ պաշտա­մունքը, այլ ի սակաւէ անտի զորս ունին նուիրաբերած են Եկեղեցիին, ազգին ու հայ­րենիքին։ Այս հաւատազգեաց մարդիկ, որոնք այլեւս մեզի հետ չեն, ‛Յուշամատեան’-ի էջերուն ընդմէջէն կ’արժանանան մասնաւոր գնահատականի։ Արդարեւ, հանգուցեալի մը համար ի՞նչ է մեծագոյն գնահատականը, եթէ ոչ անոր անունին, կեանքին ու գործին յիշատակումը, զոր ‛Մասիս’ կ’իրականացնէ գերազանցօրէն։ Յիշատակի այս ձեւը, իր կարգին, կը վկայէ հոգիին անմահութիւնը, մարդու գոյացութեան անխորտակելիութիւ­նը, որ խարսխուած է քրիստոնէական հոգեւոր աւանդութեան մէջ։ Այն համոզումը, որ մահը կեանքին վերջակէտը չէ, այլ՝ ընդամէնը անցում մըն է դէպի այլ գոյաձեւ, իր ար­տայայտութիւնը կը գտնէ ներկայութիւն դարձնելով զանոնք մեր հաւաքական յիշողու­թեան, ոգեկոչումներուն եւ մեծարանքին միջոցաւ։ Անոնց կեանքն ու գործը թէկուզ ի­րենց լուսաբնակ բարձունքէն կը շարունակեն լուսաւորել մեր խաւարչտին ճամբաները՝ իրենց հոգեւոր ներկայութիւնը մեզի դարձնելով աւելի քան երբեւէ զգալի մեր կեանքին ամէն քայլափոխին՝ անձնական թէ հաւաքական, համայնքային թէ համազգային առու­մով։

‛Per aspera ad astra’, հռոմէական հին ասացուածք մըն է, որ ստոյգ Սենեքայի կը վե­րագրուի։ Այսինքն՝ ‛Դժուարութիւններու ճամբով դէպի աստղերը’, այլապէս ազատ թարգմանութեամբ՝ ‛Աստղերուն կարելի է հասնիլ միայն դժուարութիւններու ճամբով’։

Արդարեւ, այսօր մենք կը գտնուինք ‛Մասիս’ պարբերաթերթին պատմական նշանա­կալից մէկ փուլին մէջ։ 75 տարի՝ երեք քառորդ դար, սոյնը իսկապէս առիթ մըն է հպարտանալու անցեալի ձեռքբերումներով։ Այստեղ պարտք կը զգանք անհուն երախ­տագիտութեամբ յիշելու այն բազմաթիւ յանձնառու մարդիկը, որոնք իրենց անխոնջ աշխատանքով, հաւատքով ու նուիրումով հաստատած են այն ամուր հիմքը, որուն վրայ մենք սա պահուս կանգնած ենք:

Անշուշտ, թէեւ կարեւոր է յետադարձ հայեացքով գնահատել անցեալը, սակայն համոզ­ուած եմ, որ աւելի՛ կարեւոր է նայիլ դէպի ապագան: Քանզի ‛Մասիս’-ի իրական իմաստը եւ առաքելութիւնը կը բացայայտուի ոչ միայն այն փաստով, ինչ որ ան եղած է, այլ նաեւ այն, թէ ան ի՛նչ կրնայ ըլլալ հիմա ու թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ ապագայի հեռանկարով:

Արդարեւ, հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ ‛Մասիս’-ի նման եկեղեցական պարբերաթերթ մը պէտք է շարունակէ հրատարակուիլ այսօր եւ ապագային, յատկապէս ժամանակա­շրջանի մը մէջ, ուր անորոշութիւնը կ’իշխէ, մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ատե­լութեան ոգին կործանարար եւ անզուսպ ընթացք մը կ’առնէ, ժողովուրդներու միջեւ հակամարտութիւնները աւելի կը բազմանան, ընկերային-հասարակական եւ բարոյա­կան կեանքի ցարդ գոյութիւն ունեցող ամբողջ արժեհամակարգը սրընթաց կը փոխուի։ Մեր կեցուածքն ու պատասխանը այս հարցերուն հանդէպ պարզ է ու մեկին. ‛Մասիս’ պէտք է հրատարակուի, ան պէտք է շարունակէ իր ազգային-եկեղեցական առաքելու­թիւնը յատկապէս այս տագնապալի ժամանակներուն, որովհետեւ ան այսօր եւ տակա­ւին վաղը աւելի քան երբեւէ պէտք է մեզի։

‛Մասիս’-ը պարզապէս տեղեկատուութեան փոխանցման միջոց մը չէ։ Ան լուսեղէն փա­րոս մըն է յաճախ փոթորկոտ ովկիանոսի մէջ։ Ան կ’ուղղորդէ մարդիկը առանց դաւա­նական խտիրի՝ աւանդելով անոնց հաւատքի, համայնքային միասնականութեան, հա­մախմբուածութեան, հաղորդակցութեան եւ յոյսի արժէքը: ‛Մասիս’-ը երկխօսութեան, լուրջ մտածումներու եւ հոգեւոր մտորումներու տարածք է: Արդի աշխարհի մէջ, որ աւելի ու աւելի կը բնութագրուի գռեհկութեամբ, մակերեսայնութեամբ եւ արագընթաց անցողիկութեամբ, ‛Մասիս’ իր կրօնաբոյր պատգամներով, բարոյախօսական ուղերձ­ներով, իմաստալից յօդուածներով մեզի կը փոխանցէ մեր կեանքին իմաստին եւ հետա­պնդած անձնական թէ ազգային նպատակներուն վերաբերեալ խորք, կայունութիւն, տոհմիկ ինքնութիւն եւ պատկանելիութեան զօրեղ զգացում:

‛Մասիս’ յանձնառու պէտք է մնայ հասնելու նաեւ գալիք սերունդներուն՝ անոնց ցոյց տալու Նայիրեան հողէն սերած իրենց ցեղին ազնուական արմատները, միաժամանակ անոնց հոգիին եւ ապրումներու քուրային մէջ առթէ հայ ըլլալու հպարտանքը։

Ան պէտք է ձեւաւորել կարենայ երկխօսութիւն աւանդոյթի եւ ներկայի, անցեալի եւ ա­պագայի միջեւ՝ մնալով ամուր խարսխուած մեր հաւատքի արժէքներուն վրայ:

Վստահ եմ, որ ‛Մասիս’ տակաւին տարիներ շարունակ պիտի հանդիսանայ ոգեշնչման անսպառ աղբիւր մը։ Աղբիւր, որ ոչ միայն մեզի պիտի յիշեցնէ, թէ ո՛վ եղած ենք մենք, այլեւ առաջին հերթին ցոյց պիտի տայ, թէ ո՛վ կրնանք ըլլալ եւ դէպի ո՛ւր պիտի ուզենք երթալ՝ որպէս եկեղեցի, որպէս համայնք, որպէս դուստրերն ու որդիները հա­մայնական ջրհեղեղէն ետք Մասեաց լանջերուն իջեւանած հայ ժողովուրդին:

‛Մասիս’ պարբերաթերթին 75 ամեակին նուիրուած այս ‛Յուշամատեան’-ը թող ըլլայ պատեհ առիթ մը մեզի ի խորոց սրտի յայտնելու մեր երախտագիտութիւնը ամէն բանէ առաջ անոր ծիրանաւոր հիմնադիրին՝ երանաշնորհ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճան­եան Կաթողիկոս-Պատրիարքին, խմբագրապետներուն, խմբագիրներուն, հաւատարիմ ընթերցողներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են անոր իրականացման եւ զարգաց­ման գործին մէջ։ Թող բոլորս շարունակենք ոգեշնչուիլ այն իմաստութեամբ, խորու­թեամբ եւ գեղեցկութեամբ, որ ‛Մասիս’ անմնացորդ առատաձեռնութեամբ կը հրամ­ցնէ մեզի։

‛Մասիս’ պարբերաթերթին 75-ամեայ յոբելեանին առթիւ անգամ մը եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Հոգեւոր Տէրը՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Տանն Կի­լիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սրբակրօն հոգեւորականաց դասը, հոգեւոր եղբայրս՝ ‛Մասիս’ պարբերաթերթին հմուտ խմբա­գրապետ հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանը, մասիսականներու ժրաջան հոյլը, ինչպէս նաեւ այսօրուան նշանակալից տարեդարձին նուիրուած ‛Յուշամատեան’-ի վեհանձն բարերարները։

Բարեխօսութեամբ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր՝ թող մեր Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիս­տոս նոր հրատարակութիւններու օրհնեալ եւ բազում տարիներ շնորհէ «հների մէջ՝ դու ալեհեր, նորերի մէջ՝ նոր ու ջահել» ‛Մասիս’-ին։