Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի 95-ամեակի արժանավայել նշում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէի, նախագահութեամբ Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի 95-ամեակին նուիրուած փառաշուք հանդիսութիւն` ներկայութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչչիա եպիսկոպոսին, Լիբանանի կրթութեան եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւններէն ներկայացուցիչներու, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի,  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխաններու, նախկին նախարարներու, պատկան մարմիններու, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով հիւրերու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով հանդիսութեան բացումը կատարեցին եւ զայն վարեցին Փաթրիք Քուրիէ եւ Լիւսի Հալէպեան-Ուլուճեան: Անոնք հրաւիրեցին Հռիփսիմեանց վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որպէսզի արտասանէ իր խօսքը զոր ան սկսաւ յուզումնախառն ու սիրոյ զգացումներով ողջունելով բոլոր ներկաները: Տնօրէնը յատկանշական նկատեց այս փառաշուք եւ արտասովոր հանդիսութիւնը, որուն շարժառիթը վարժարանին ապրած 95 տարիներու նշումն է: Ան դիտել տուաւ, որ արդէն իսկ շատ փոքր քայլ մը հեռու ենք 100-ամեակէն` հաստատելով, որ մէկ դարու ամբողջացման պիտի հասնին վճռակամութեամբ եւ Հռիփսիմեանց վարժարանի հիմնադիրներուն կամքով: Թէեւ տարիքով շրջանցած ենք 9 տասնամեակը ու կը մօտենանք 100 տարուան, սակայն տակաւին երիտասարդ է մեր դպրոցը, վստահեցուց քոյր Արմինէ Մակարոսեան` յայտարարելով, որ կ’երաշխաւորեն սերունդներուն, որ տէր կը կանգնին հայկական ազգային աւանդութիւններուն եւ ժառանգութիւններուն:

Տնօրէնուհի քոյրը հաստատեց, որ հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն` դպրոցը կրցած է յառաջանալ այս հիւրընկալ երկրին մէջ, որ գրկաբաց ընդունած է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածները, եւ այդ մօտեցման շնորհիւ է, որ մինչեւ օրս կարելի եղած է շարունակել հիմնադիրներուն առաքելութիւնը: Քոյր Արմինէ դիտել տուաւ, որ դպրոցին մէջ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կառոյցի զարգացման նպատակով:

Ապա քոյր Արմինէ Մակարոսեան վկայակոչեց Հայոց ցեղասպանութենէն անտուն, ծարաւ եւ անմխիթար վիճակի մէջ Լիբանան հասած կիներուն, երեխաներուն, ծերերուն պայքարը` արդարութեան փնտռտուքի ի խնդիր: Անոր համաձայն, այդ սերունդը ապաստան գտաւ միջինարեւելեան այս երկրին մէջ, որ երկրորդ հայրենիք եղաւ հայութեան համար, որ միշտ ալ հաւատարիմ մնաց իր Մայր Հայրենիքին: Հայկական եւ լիբանանեան սկզբունքներու միախառնումով կը պատրաստուինք դէպի 100-ամեակ ուղղուելու, շեշտեց Հռիփսիմեանցի տնօրէնը` աւելցնելով, որ երկու պատկանելիութիւնները լիբանանահայը կը դարձնէ աւելի զօրաւոր, աւելի վճռական` շարունակելու իր առաքելութիւնը եւ հաստատակամօրէն անմար ճրագը, սիրոյ սկզբունքներով յագեցած, կը բոցավառէ յառաջիկայ սերունդներուն մէջ:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` դպրոցին անցեալն ու ներկան ծանօթացնող, իսկ աւարտին ներկաները առիթ ունեցան տեսնելու երկար տարիներու երազ հանդիսացող մատուռի կառուցման յատակագիծը, պատրաստուած  ճարտարապետներ Վիգէն եւ Րաֆֆի Թարխանեաններուն կողմէ:

Օրուան բանախօսն էր Սարգիս Նաճարեան, որ իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Հռիփսիմեանց վարժարանի հիմնադիրներ` մայր Թէոպիստէ Ալեքսանեանի, քոյրեր` Պէաթրիս Թաշճեանի, Աղեքսանտրա Հեպոյեանի, Էլիզ Պոյաճեանի եւ  Ակաթա Փարթամեանի անձնազոհութիւնները` դիտել տալով, որ անոնք դարձան յոյսի եւ լոյսի աղբիւր, սակայն ցայսօր յուշատախտակի մը անգամ չարժանացան: Ուստի ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու անոնց յիշատակը:

Հակիրճ գիծերու մէջ անդրադառնալով դպրոցին պատմականին` Սարգիս Նաճարեան յայտնեց, որ Պէյրութի մէջ աղջկանց վարժարան մը բանալու գաղափարը յղացած էր Լիբանանի կաթողիկէ հայոց պատրիարքական փոխանորդ  Յակոբ  ծ. վրդ. Նեսիմեանը, հաստատելով, որ վարժարանի պատմութեան բոլոր փուլերուն քոյրերը արժանացան  հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան քաջալերանքին ու զօրակցութեան:

Իր խօսքին մէջ կարգ մը իրականութիւններու շեշտադրումը կատարելով` Սարգիս Նաճարեան դիտել տուաւ, որ 95-ամեայ Հռիփսիմեանցը եկաւ հաստատելու Անարատ Յղութեան Հայ Հոյրերու Միաբանութեան հիմնադիր, հաւատաւոր մեծ եկեղեցական, հայազգի առաջին կարդինալ Անտոն Հասունեանի, հետագային` Անտոն Պետրոս Թ. Կաթողիկոս Պատրիարքին այն մարգարէաշունչ նախատեսութիւնը, թէ ազգը քոյրերուն աշխատանքէն պիտի ստանայ բազմաթիւ բարիքներ, որոնցմէ միայն մէկը եղաւ Հռիփսիմեանցը: Ըստ անոր, 95 տարիներու ընթացքին Հռիփսիմեանցի մէջ պաշտօնավարելու կոչուած իրերայաջորդ մայրապետները դարձան կենդանի վկայութիւնը միաբանութեան հիմնադիր հօր այն խօսքին, թէ քոյրերը, պահելով իրենց կրօնաւորական ուխտերը եւ նուիրեալ հոգիով  ծառայելով հայ եկեղեցւոյ,  երկնային շնորհներուն արժանի պիտի դարձնեն իրենց միաբանութիւնը, հայ ազգը, եւ այն բոլոր երկիրները, ուր պիտի ծառայեն: Լիբանանը եղաւ այդ երկիրներու առաջիններէն: Ս. Նաճարեան դիտել տուաւ, որ Հռիփսիմեանցը իր շքեղ կառոյցով եկաւ ի դերեւ հանելու օտար վարժարանին շքեղութիւնը կամ այլազգի միջավայրերու մէջ օտար լեզուներու տիրանալու իբր թէ աւելի մեծ կարելիութեան պատճառաբանութեամբ իրենց զաւակները օտար վարժարան տանող ծնողներու պատրուակը: «Արդարեւ, ինչպէս վարժարանի հիմնադրութեան ժամանակ, նաեւ այնուհետեւ,  Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու կրթական-դաստիարակչական առաքելութեան մասին  հայ  ժողովուրդին  համարումը եկաւ անհիմն դարձնելու հայ աղջիկներու, ապա նաեւ մանչերու դաստիարակութիւնը այլազգի միջավայրերու վստահելու ոմանց միտումը», նշեց ան:

Սարգիս Նաճարեան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ Հռիփսիմեանցը ջանաց միաժամանակ ունեւորէն գանձած լիագումար կրթաթոշակին շնորհիւ ի դերեւ հանել իրենց զաւակները պետական դպրոցներ առաջնորդելու չքաւորութեան պատրուակը: Անոր համաձայն, «Հռիփսիմեանցը հաւասար կարեւորութեամբ մօտեցաւ հայակերտումի հիմնական երկու  երեսներուն`  հայուն եւ քրիստոնեային միաժամանակ, որպէսզի հռիփսիմեանցական սերունդները ո՛ւր ալ գտնուին, արդարացնեն աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգին պատկանելու իրենց կոչումը, որովհետեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան զանցառումը  բոլոր մակարդակներու վրայ եւ ամէն համեմատութեամբ, անկատար կը դարձնէ հայակերտումը ու կը թուլացնէ հայուն ինքնութեան արմատները»:

Սարգիս Նաճարեան խօսեցաւ Հռիփսիմեանց քոյրերուն ծով զոհաբերութեան մասին` զանոնք նմանցնելով անզուգական  Սեւանին, որ` «հարազատ մօր նման սնուցանեց հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը, հոգաց անոր կարիքները, ոռոգեց Արարատեան դաշտի այգիներն ու անտառներ, բերրիացուց դաշտեր, կանաչապատեց  հողատարածքներ, բանեցուց ելեկտրակայաններ, լուսաւորեց աւաններ»:

«Աստուածապարգեւ այս հրաշալիքին մայրական հոգատարութիւնը  ժողովուրդին՝ ի վերջոյ յոգնեցուց զինք, սպառեց եւ ուժաթափեց զինք: Վտանգաւոր համեմատութեամբ իջաւ անոր մակերեսը: Սակայն անոր բարիքները վայելած ժողովուրդը երախտամոռ չեղաւ, չլքեց իր հոգատար մայրը  եւ անոր վերադարձնելու համար իր երբեմնի կենարար կարողութիւնը, պահպանելու համար անոր գեղեցկութիւնն ու հմայքը` արիւն-քրտինք թափեց,  լեռներ ճեղքեց եւ ժայռեր հորատեց, փապուղիներ կառուցեց, Արփայի եւ Որոտանի նման գետերու հուները շեղեցնելով, անոնց յորդառատ ջուրերով բարձրացնել տուաւ ծովանման լիճին մակերեսը`  հատուցելու համար իր պարտքը մայր Սեւանին:  Անոր վերադարձուց իր սքանչելագործ ուժը:

«Ահա այսպիսի երախտագիտական արտայայտութեան կարիքն ունին այսօր հայ քոյրերը` իրենց միաբանութեան հիմնադրութեան 170-ամեակին: Ո՛չ միայն լիբանանահայութիւնը, այլ աշխարհասփիւռ հռիփսիմեանցականները եւ հայկական  ինքնութեան անաղարտ պահպանումին համար հայկական դպրոցի անփոխարինելի դերակատարութեան նախանձախնդիր  անխտի՛ր բոլոր հայորդիները, ինչո՞ւ չէ, նաեւ մայր հայրենիքը`  Հայաստանը, ուր եւս վերջին երկու տասնեակ տարիներուն սահմանամերձ գօտիներէն մինչեւ Երեւանի մէջ իրենց կրթական, բարեգործական եւ մարդասիրական գործունէութեամբ կը փայլին հայ քոյրերը` մայր Արուսեակին գլխաւորութեամբ»: Ան նշեց, որ  բոլո՛րը պէտք է զգան  պարտաւորութիւնը` հայ քոյրերուն զօրակցելու եւ կերպով մը հատուցելու իրենց պարտքը, աւելցնելով, որ զօրակցութիւնը լոկ նիւթական չէ, այլ,  Անարատ  Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան պարագային, այդ զօրակցութիւնը երբեք չ’ենթադրեր միա՛յն նիւթական օժանդակութիւն, այլ նաեւ քաջալերանք` նոր կոչումներու, որպէսզի բազմանան նուիրեալ քոյրերու շարքերը, եւ գէթ բազմապատկուի Հռիփսիմեանցին մէջ ծառայող քոյրերուն թիւը:

Իր խօսքը եզրափակելով` Սարգիս Նաճարեան յոյս յայտնեց, որ միաբանութեան 170-ամեակը եւ Հռիփսիմեանցի 95-ամեակը ըլլան այսպիսի զօրակցութեան ու յանձնառութեան հրաւէր-կոչ մը` ուղղուած համայն հայութեան:

Այլ տեսերիզով մը Հռիփսիմեանցի յարկին տակ լացած ու խնդացած, այդ դպրոցէն շրջանաւարտ եղած եւ այսօր պատուաբեր աշխատանքի լծուած Սիւզի Սեմերճեան, Թալին Իւրնեշլեան, Րաֆֆի Ետալեան, Համբիկ Քուրիէ, Րաֆֆի ու Վիգէն Թարխանեաններ արտայայտեցին իրենց յանձնառութիւնը  շարունակելու իրենց դպրոցէն ստացած աւանդը:

Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ ներկաները մեծապէս տպաւորեցին Հայաստանէն յատուկ այս առիթով հրաւիրուած, «Տիրամայր Հայաստանի Պօղոսեան կեդրոն»ի մենակատարներ Էմմա Ճոթեան եւ Աննա Աւտալեան, որոնց դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ Նայիրա Ալեքսանտրեան: Ապա Անի Եփրեմեան ասմունքեց Ժաք Յակոբեանէն` յուզելով եւ գօտեպնդելով ներկաները: Պարիթոն Գէորգ Քերեմեթլեան իր հզօր ձայնով մեկնաբանեց երկու երգեր:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ 95 տարուան գործունէութիւնը ինքնին խօսուն նկատեց, որովհետեւ անիկա պատմական տարողութիւն ունի հայկական, յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ, դիտել տալով, որ Հռիփսիմեանց վարժարանը ո՛չ միայն իրականացուցած է հայեցի կրթութիւն ջամբելու իր նպատակը, այլ նաեւ լիբանանեան արժէքներու արտացոլացումը հանդիսացած է` յաջողելով արժանի ըլլալ բոլորին յարգանքին ու ակնածանքին: Ան վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ վարժարանը նոյն վճռականութեամբ եւ նուիրականութեամբ պիտի շարունակէ իր երթը:

Իր խօսքի աւարտին դեսպան Մկրտչեան կարդաց հատուածներ Հայաստանի սփիւռքի եւ կրթութեան նախարարութիւններուն կողմէ այս առիթով յղուած շնորհաւորական ուղերձներէն, ուր լուսարձակի տակ կ’առնուին վարժարանի շուրջ մէկ դարու շնորհանուէր եւ ազգանուէր գործը` հայկական բարձրորակ կրթութիւն ջամբելու: Ապա դեսպանը` վարժարանին առ ի գնահատանք, Հռիփսիմեանցի տնօրէնուհի քոյր Արմինէին յանձնեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան յուշամետալը:

Ապա Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան խօսքը արտասանեց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք, որ լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի համար առանցքային դերակատարութիւն ունեցող կառոյցներուն կարգին դպրոցին ու կրթական համակարգին զարգացման կարեւորութիւնը: Խօսելով Հռիփսիմեանց վարժարանի 95-ամեայ երթին մասին` ան ըսաւ, որ շնորհիւ հաւաքական ճիգին ու բոլորանուէր աշխատանքին, դպրոցը փայլեցաւ լիբանանեան ընկերութեան մէջ: Նախարարութեան կողմէ այս առիթին համար մեծ ուրախութիւն յայտնելով` Ֆ. Եարաք դիտել տուաւ, որ դպրոցին կողմէ տրուած սէրն ու գուրգուրանքը, կրթական եւ մարդկային իմաստով տարուած առաքելութիւնը կարեւոր եղած են իրերայաջորդ սերունդներու համար: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հռիփսիմեանց վարժարանին` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան հետ մնայուն գործակցութեան համար, հաւատք արտայայտելով այն մասին, որ դպրոցը կը շարունակէ մնալ մարդուժի պատրաստութեան քուրայ եւ հպարտութիւն ներշնչող կառոյց:

Ֆատի Եարաք անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայութեան ունեցած կարեւոր ու անփոխարինելի դերակատարութե

 

րգը` մասնաւորապէս:

ան` նշելով, թէ անոնք յատկանշուեցան արուեստով, արհեստներով, Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութեամբ եւ իրենց ակունքներուն կառչածութեամբ` այս բոլորը ծառայեցնելով կրթական ասպարէզին մէջ յաջողութիւններու արձանագրութեան: Ան դիտել տուաւ, որ հաւատալով, թէ մարդը բարձրացնելու եւ անոր աւելի լաւ կեանք ապահովելու առումով մեծ աշխատանքի կարիք կայ, նախարարութիւնը յաւելեալ ուշադրութիւն կը դարձնէ կրթական համակարգին, մանաւանդ որ արդիականութիւնը կը պարտադրէ նոր ծրագիրներ մշակել ու գործադրել, որովհետեւ նոր պայմանները նոր ու դժուար մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն համայն մարդկութիւնը ընդհանրապէս եւ դպրոցական համակա

 

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց Հռիփսիմեանց վարժարանի 95-ամեակը` մաղթելով, որ ան կը շարունակէ իր պատուաբեր երթը` նորանոր յաջողութիւններով եւ հպարտութիւն առթող նուաճումներով:

Աւարտին իր սրտի խօսքն ու պատգամը փոխանցեց  կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը,  որ լուսարձակի տակ առաւ  այն  երեւոյթը, որ Հռիփսիմեանց վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալը միշտ ալ հպարտութիւն եւ ուրախութիւն պատճառած է ենթականերուն` ո՛ւր ալ գտնուին անոնք: Ան հաստատեց, որ այս վարժարանին մէջ սերունդները հասակ կ’առնեն իբրեւ հայ ու քրիստոնեայ, ինչ որ պատուաբեր երեւոյթ է: Ան յոյս յայտնեց, որ միաբանութեան քոյրերը կը բազմանան, որովհետեւ հայ ժողովուրդը Լիբանանի մէջ թէ այլուր, նաեւ` Հայաստանի մէջ, կարիքն ունի նուիրեալ հոգիներու:

Կաթողիկոս Պատրիարքը շեշտեց, որ պէտք է փառք տալ Աստուծոյ, որ առիթ տուաւ հայութեան` մոխիրներէն բարձրանալու, յարութիւն առնելու, ինչ որ հրաշքի համազօր է, հաստատելով, որ նաեւ փառք պէտք է տանք այն պատիւին համար, որ տրուեցաւ հայութեան` ունենալու Քրիստոսի կեանքին նման կեանք մը` խաչելութիւն, ապա` յարութիւն: Ան կոչ ուղղեց` չսարսափելու խաչէն, այլ պատիւ զգալու, որ նման ենք Խաչեալին, որուն նման պիտի ըլլայ նաեւ մեր ապագան, ու պիտի ապրինք յաւիտեան: