Երգի ու երաժշտութեան ճամբով Յիսուսի սուրբ Ծնունդը աւետելու ու փառաբանելու առիթ մը հանդիսացաւ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կողմէ կազմակերպուած՝ Ս. Ծննդեան նուիրուած վոքալ երաժշտութեան երեկոն, որ օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, կատարողութեամբ հայրենի երգչուհիներ` Էմմա Ջոթեանի եւ Քլարա Կարապետեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիմոն Գալայճեանի, հովանաւորութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեաններու։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սրբոյ Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ երաժշտութիւնը աստուածաշնորհ պարգեւ մըն է, որ սահմանուած է ազնիւ ապրումներ հաղորդելու մարդոց եւ պայծառացնելու անոնց մտքերն ու հոգիները: Ան հաստատեց, որ ճշմարիտ երաժշտութեան միջոցով ծիսակատարութեան ժամանակ հնչած երգը կը դառնայ աղօթք եւ երկնային ճշմարտութիւնները հոգիներուն մէջ դրոշմելու ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մէկը: Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան յայտնեց նաեւ, որ երգը քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւոր միջոցներէն մէկն է: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին իր քաջալերանքին համար, Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, տէր եւ տիկին Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան համերգի կազմակերպման աշխատանքներուն:
Հիասքանչ ու բարձրարուեստ կատարումներով Էմմա Ջոթեան եւ Քլարա Կարապետեան աւելի քան մէկ ժամ իրենց զուլալ ձայներով հմայեցին ներկաները եւ Ս. Ծնունդի խորհուրդը վերաթարմացուցին բոլորի սրտերուն մէջ: Խորհրդաւոր էին Ս. Ծնունդի շարականներն ու հոգեւոր երգերը, ինչպէս` «Աւետիս ծննդեան» եւ «Փրկչի ծնունդը», Ատոլֆ Ատամի «Օ Հոլի նայթ», Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Նոր տարուան հանդէս», «Եղեւնին» եւ «Դինգ-դոնգ» երգերը: Հիանալի կատարումներ էին Քլարա Կարապետեանի «Աւէ Մարիա»-ն եւ Էմմա Ջոթեանի «Փանիս Անժելիքուս» երգերը: Քաղցր հնչեց Կոմիտասի «Օրօր»-ը Քլարա Կարապետեանի կատարողութեամբ: Քլարա Կարապետեանի Եկմալեանի «Ամէն Հայր Սուրբ» շարականի այնքան գեղեցիկ երգեցողութեամբ յայտագիրը իր աւարտին հասաւ:
Աւարտին, Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ իր մարմնացումով անգամ մը եւս առիթ կը շնորհէ հանդիպելու իրեն հետ, շօշափելու իր ներկայութիւնը եւ ողորմութիւնը: Ան ըսաւ, թէ համերգը իւրաքանչիւրին համար հանդիպման առիթ էր Քրիստոսի հետ: Սեպուհ վրդ. Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի երգչուհիներ Էմմա Ջոթեանին եւ Քլարա Կարապետեանին, որոնք իրենց սքանչելի ձայներով ներկաներուն հոգիները եւ սրտերը բարձրացուցին առ Արարիչը` ճաշակելու համար անոր անսահման սէրն ու գութը: Ան մաղթեց, որ Յիսուս մանուկին ծնունդը ըլլայ յոյսի նշոյլ մը հաշտութեան ու խաղաղութեան` ամբողջ աշխարհի մէջ, ապա` աղօթք բարձրացուց խնդրելով ամենակարող Աստուծմէ, որ դադրին պատերազմները եւ հալածանքները ամենուրեք, որ մայր հայրենիքը` Հայաստանը, ծաղկի ու բարգաւաճի, Արցախեան հիմնախնդիրը իր արդար լուծումը գտնէ, ջաւախքահայութիւնը յոյսի եւ լոյսի օրեր ունենայ եւ Լիբանան վերագտնէ իր երբեմնի փառքի օրերը: