«ՍՈՒՐԲ ՊԵՏՐՈՍԻ ԳԱՀ»Ի ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՍԱՆՏՐԻԻՆ ՔԱՐՈԶԸ ՊԱՐԻԻ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ, 22 Փետրուարին կը յիշատակուի Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը, որ կը յատկանշէ Քրիստոսի՝ Սուրբ Պետրոսին պարգեւած Վարդապետի եւ Հովիւի առաքելութիւնը, ու Անորմէ ետք Անոր յաջորդներուն փոխանցուած այդ իշխանութիւնը։ «Դուն ես վէմ եւ այդ վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս», ըսած էր մեր Տէրը Յիսուս՝ Սուրբ Պետրոսին որ ապա դաւանած էր Տէրը ըսելով «Դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ կենդանի Որդին»։

Վերոնշեալ տօնին առթիւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ Պարի քաղաքին մէջ կը մասնակցի «Միջերկրականը Խաղաղութեան Սահմանագիծ» բնաբանով՝ Միջերկրականի հետ կապ ունեցող 20 երկիրներու եպիսկոպոսներու ու պատրիարքներու համաժողովին, (որուն կը մասնակցի նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը) Պարիի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին վերոնշեալ համաժողովին մասնակցող եպիսկոպոսներն ու պատրիարքները։.

Սրբազան արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ծիրանաւորը՝ «Հանդիպումի, Ունկնդրութեան եւ Աղօթքի» համաժողովին օրերը որակեց օրհնուած, ակնարկելով նաեւ տօնի զուգադիպութեան, ու զայն նկատելով պատրաստութիւն՝ ընկալելու Սուրբ Պետրոսին յաջորդը՝ որ Պարի քաղաք կը ժամանէ 23 Փետրուարին։

Կարդինալ Սանտրին հուսկ նշեց որ «Հովիւները, որոնք Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ միասին կը հանդիպին իրարու, իրենց հետ կը բերեն իրենց հաւատացեալներուն ցաւերը, հոգերը, ուրախութիւններն ու յոյսերը, եւ հարցերու հետ միասին անոնք դարձեալ կը վառեն հաւատքին, յոյսին ու սիրոյ լոյսը, լոյս՝ որ կը ցոլայ նոյնիսկ ամենամութ գիշերուան մէջ»։

«Քրիստոս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ ինքզինք կը պարգեւէ որպէս կերակուր եւ Հովիւը Անոր նայելով կրնայ միայն ըլլալ մոմի նման՝ որ վառելով կը հալի, սակայն կը լուսաւորէ եւ կը կազդուրէ աշխարհին խաւարը» ըսաւ ի մէջ այլոց Կարդինալ Սանտրի իր քարոզին մէջ, որուն աւարտին բոլոր ներկաները հրաւիրեց աղօթելու նաեւ Պարիի մէջ կայացած հաւաքին համար։

ՌՈՊԵՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Վատիկան