ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԿԼԷՆՏԷՅԼԻ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կը շարունակուի Հոգեւոր Տիրոջ Հայրապետական առաջին այցը ԱՄՆ։

Արդարեւ, Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ին, Կլէնտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի նախագահութեամբ եւ առընթերակայութեամբ Հայր Ճոն Հենրի Հենսընի եւ Հայր Անտոն Վրդ. Նորատունկեանի։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան հանգստեան կոչուած կարդինալ Ռոճըր Մահոնի եւ Լոս Անճելըսի Արքեպիսկոպոս Խոսէ Կոմեզի ներկայացուցիչ՝ Սան Ֆերնանտօ շրջանի օժանդակ եպիսկոպոս Ալեխանտրօ Աքլան, Լոս Անճելըսի առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գերյ. Մանուէլ Ծ.Վ. Պաղտասարեան։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախ անգլերէն լեզուով շնորհակալութիւն յայտնեց պատուաւոր հիւրերուն ապա գոհաբանութիւն մատուցեց Աստուծոյ իրեն շնորհած այս առիթին համար, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ պատարագին գտնուող հաւատաւոր ժողովուրդին, որ «հաւատարիմ մնաց եկեղեցւոյ եւ Քրիստոսին»։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ակնարկեց հուսկ Ամերիկա չժամանած իր ուղղած պատգամին, որուն միջոցաւ ուզած է քաջալերել զանոնք, որպէսզի անոնց յոյսը հաստատ մնայ Քրիստոսի մէջ եւ այդ յոյսը արտացոլայ եղբայրական սիրոյ մէջ։

«Հոս ներկայ էք լսելու համար Աստուծոյ խօսքը ամրապնդուելու յոյսի եւ սիրոյ մէջ, որպէսզի Աստուծոյ գթութիւնը ներկայ ըլլայ իւրաքանչիւրիդ կեանքին մէջ» ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ ակնարկելով աշխարհին ապրած դժուար օրերուն, զանոնք նկատելով «անցումային շրջան» ուր կը հանդիպինք «մարդկութեան դէմ կարգախօսներու», «սակայն, ըսաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետը, մենք պէտք է մնանք կառչած մեր ինքնութեան, վկայելու համար մեր պատկանելիութիւնը Քրիստոսին»։

«Իմ պարտականութիւնս, որպէս Հայր, կը կայանայ Յիսուսին ինծի յանձնուած առաքելութեան մէջ, ըլլալ Բարի Հովիւ, նմանելու Անոր ու շարունակելու համար Անոր առաքելութիւնը, առաքելութիւն` զոր ունի ձեզմէ իւրաքանչիւրը։ Դուք ալ հովիւներ էք, հայրերը եւ մայրերը ընտանիքին մէջ հովիւներ են, որոնք պիտի զոհուին իրենց զաւակներուն համար, որպէսզի իրենց կարգին հասնին այս հովիւի պարտականութեան, շարունակելու համար Քրիստոսին առաքելութիւնը» ըսաւ ի միջի այլոց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, դիտել տալով նաեւ` թէ «այս ընելու համար պէտք է յանձնուիլ Քրիստոսի նախախնամութեան ու ապաւինիլ Աստուածամօր, որուն նուիրուած ամսուայ մէջ կը գտնուինք»։

«Մեզմէ ամէն մէկը ունեցած է պահը, ուր աշխարհէն անջատուած եկած ենք Աստուածամօր հովանիին տակ, զգալով անոր մայրական գուրգուրանքը ու յաջողած ենք յաղթահարել չարն ու դժուարութիւնները. եւ ամէն տեսակ ան բարոյականութիւն, որ այսօր մեզ կը շրջապատէ» յարեց ապա Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը ու քարոզը աւարտեց ընդգծելով որ իր աղօթքը, իր մաղթանքը եւ իր պատգամն է. «սիրեցէք զիրար ինչպէս Քրիստոս մեզ սիրեց։ Մէկը միւսին դէմքին մէջ տեսնել Քրիստոսին պատկերը»։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսքը եզրափակեց Աստուծոյ օրհնութիւնները հայցելով բոլոր ներկաներուն վրայ ու նշելով, որ այսօրուան աղօթքը կը նուիրէ ոչ միայն ներկաներուն այլ նաեւ բացականերուն, հիւանդներուն մանուկներուն եւ բոլոր անոնց` որոնք Աստուծոյ շնորհքին կարօտն ու պակասը ունին։

Սուրբ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, ապա պատշաճ հիւրասիրութիւն մը։