Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանութեան գործավարը՝ Ուալիտ Պախարի՝ Հինգշաբթի 29 դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրին այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ, որուն փոխանցեց 17 յունուար 2017-ին Եարզէի պալատին մէջ գումարուելիք իսլամ եւ քրիստոնեայ մշակոյթներուն նուիրուած հանդիպումին մասնակցելու հրաւէրը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ մարզերուն վերաբերեալ հարցեր՝ լիբանանեան նոր կառավարութեան կազմութեան լոյսին տակ։ Սէուտցի գործավարին այցելութիւնը միաժամանակ առիթ մը եղաւ բարեմաղթանքներ փոխանակելու Նոր Տարուան սեմին։
ԼՈՒՐԵՐ
Ս. ՓՐԿԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Պէյրութի Պատրիարքական...
ՆՈՐ ԱՆՈՒԱՆՈՒՄ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Պէյրութ, Հայ Կաթողիկէ...
ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ
Ամենապատիւ Հոգևոր Տէր...