Կիրակի, 26 մայիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցանեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, առընթերակայութեամբ գերապատիւ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի եւ գերապատիւ Հ. Անտոն վրդ. Գրիգորեանի։ Սուրբ արարողութեան ներկայ էին գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր, Հռոմի Անարատ Յղութեան քոյրերը, Սաատօ ընտանիքը ու իրենց հարազատները եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։
Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը տիրացու Արամ Սաատոյի,, ձեռամբ` Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի , խարտաւիլակութեամբ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի Մեծաւոր՝ գերյարգելի Հ. Նարեկ ծ. վրդ. Նաամոյեանի։