ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՈՒՆԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

Յարութեան Տօնին առթիւ, Ասորի Կաթողիկէ Իգնատիոս Էֆրէմ Գ․ Եունան Պատրիարքը, չորեքշաբթի, 1 Մայիս 2019-ին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին։ 

Հանդիպան ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց եկեղեցին ու երկիրը յուզող եւ լիբանանցիները տագնապեցնող խնդիրներն ու միջին արեւելքի ներկայ իրավիճակը։ Յատուկ ուշադրութիւն արժանացաւ եկեղեցիներու մէջ կոչումներու տագնապը։