Պատմական այցելութիւն Քեսապ եւ Օծում նորակերտ Ս. Խորանի Տապանակի

Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր` Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, վաղ առաւօտեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Քեսապ` ընկերակցութեամբ Զմմառու միաբանութեան դպրեվանքի փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի: Քեսապի մէջ Ս. Միքայէլ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Նարեկ վրդ. Լուիսեան դիմաւորեց այցելու պատրիարքական փոխանորդն ու հայր Մաշտոցը:

Նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, զոր մատուցեց Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան` առընթերակայութեամբ Նարեկ վրդ. Լուիսեանի եւ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի: Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին ՀԿՄ պատանեկան միութեան անդամները: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ազգային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը: Իր քարոզին մէջ հայր Գաբրիէլ առաջին հերթին կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին հայրական օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց: Ապա աւելցուց. «Քեսապը պատմական Կիլիկիոյ թագաւորութեան մէկ մասնիկն է, որ մինչեւ այսօր հայութեամբ կ՛ապրի: Իսկ դուք, սիրելինե՛ր, հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան հերոսներն էք, որ դիմացաք եւ յաղթահարեցիք պատերազմի արհաւիրքները եւ ձեր հաւատքը ամուր ու հաստատուն պահեցիք, որուն համար պատմութեան առջեւ մենք մեզ հպարտ կը զգանք»: Այնուհետեւ, ան քաջալերեց ժողովրդապետն ու հաւատացեալները` ըսելով. «Դուք աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն համար օրինակելի եւ տիպար ժողովուրդ էք»:

Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ խորանին նորակերտ տապանակին օծումը: Յիշատակութեան արժանի է այն, որ այս մարմարակերտ եւ պղնձեայ քանդակներով զարդարուած տապանակը Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան նուէրն է: Ապա, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին տօնին առիթով պատարագիչ հայրը Յակոբ անունը կրող հաւատացեալներուն վարդարաններ նուիրեց: Նարեկ վրդ. Լուիսեան, իր հերթին, խորին շնորհակալութիւն յայտնեց մեծաւոր հօր ներկայութեան համար` շեշտելով, որ այս պահը որքա՜ն խորհրդանշական եւ յուզիչ է Քեսապի հայութեան համար, որովհետեւ յոյս, սէր եւ երջանկութիւն կը ներշնչէ իւրաքանչիւրին սրտին ու հոգիին: Այս պատմական այցելութեան առթիւ հայր Նարեկ ձեռագործ խաչ մը նուիրեց գերապայծառ հօր:

Պատարագի աւարտին հոգեւորական դասն ու բոլոր ներկաները ուղղուեցան «Բարեյուսոյ» հայ կաթողիկէ վարժարանին սրահը, ուր տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն: Այնուհետեւ, Քեսապի հայ կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ` Նարեկ Ա. քհն. Զերենցեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի` Ժիրայր Ղազարեան, Քեսապ հայաւանի գիւղապետ Վազգէն Չափարեան եւ զանազան միութիւններու պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ: Ճաշի ընթացքին բաժակաճառեր արտասանուեցան հայկական տոհմիկ մթնոլորտի մէջ: Այս պատմական այցելութիւնը վերջ գտաւ կիրակի երեկոյեան, որմէ ետք պատրիարքական փոխանորդը հրաժեշտ տուաւ Քեսապի ժողովուրդին եւ վերադարձաւ իր նստավայրը՝ Զմմառի վանք: