2018-ի յունուարի մէկի առաւօտեան ժամը 4:00-ի մօտերը ուժգին պայթում մը ցնցած է Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի մերձակայքը ստեղծելով սարսափի մթնոլորտ մը։ Կը յայտնուի որ հրասանդի ռումբ մը հարուածած է Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի ճիշդ դիմացի շէնքը: Պայթումին հետեւանքով զոհուած է շէնքի երիտասարդ բնակիչներէն մէկը ու վիրաւորուած են անցորդներ, որոնք այդ ժամերուն դուրս եկած էին շրջակայ ճաշարաններէն: Առաջնորդարանի շէնքը, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ դահլիճը եւ ժողովրդապետ հայր Գէորգ վրդ. Պահէեանին ինքնաշարժը կրած են նիւթական վնասներ։
Մինչեւ շտապ օգնութեան մեքենաներուն եւ հրշէջներուն հասնիլը Հայր Գէորգ ջանացած է օգնութեան հասնիլ վիրաւորներուն։ Այս բոլորով հանդերձ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Տնօրէնութեան ու Անուան տօնին առթիւ, Ս.Պատարագ մատուցանած է Գերապատիւ Հայր Գէորգ վարդապետը եւ ներկայ հաւատացեալները թախանձագին աղօթած են որպէսզի մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ողորմի զոհ գացած երիտասարդին, շուտափոյթ բուժում տայ վիրաւորներուն ու Նոր Տարին խաղաղութիւն բերէ Սուրիոյ եւ համայն աշխարհին։