Վսեմաշուք Տիար ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Նորընտիր Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան – Հայաստան
Պէյրութ, 2 Մարտ 2018
Դիւան թիւ ԳՊ/045/18
Վսեմաշուք Պարոն Նախագահ,
Անխառն ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը իբր նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան, Հայաստանի Ազգային Ժողովի կողմէ:
Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութիւնը այս եղելութիւնը կը նկատէ նոր եւ յուսադրիչ հանգրուան մը հայ ազգի պատմութեան մէջ, տեսնելով այս բարձրօրէն պատասխանատու պաշտօնին կանչուած՝ անձ մը որ իր ազգային ու քաղաքական կեանքի ամբողջ տեւողութեան, ինքզինք նուիրած է հայրենիքի զօրացման ու ժողովուրդին բարօրութեան իրականացման:
Աշխարհի ներկայ բարդ պայմաններուն մէջ, ուր լրջօրէն վտանգուած են խաղաղութիւնը, ապահովութիւնն ու համակեցութիւնը, ուր մեր Հայրենիքը եւս անբաժին չի մնար մարդկութիւնը յուզող սուր տագնապներէ, Դուք, Պարոն Նախագահ, Ձեր լայնածիր զարգացումով, գիտական, դիւանագիտական ու քաղաքական մարզերու մէջ տիրացած փորձառութեամբ, կը հանդիսանաք նախախնամական անձը որ ձեռք կ’առնէ Հայրենիքի ճակատագիրը, վստահելով Աստուծոյ օգնութեան, անշահախնդիր գործակիցներու աջակցութեան եւ մանաւանդ ժողովուրդին անվերապահ վստահութեան:
Վստահ ենք որ, ամէն բանէ վեր դասելով Հայրենիքի բարիքն ու ժողովուրդին խաղաղ ու բարօր կենցաղը, Դուք ջանք պիտի չխնայէք լիացնելու համար ակնկալութիւնները բոլոր անոնց որ, Ձեր վրայ յարած իրենց աչքերը եւ նոր յոյսերով ոգեւորուած, կը սպասեն որ Ձեր նախագահութեան օրով Հայրենիքը նոր հանգրուան թեւակոխէ, նոր սլացք ստանայ եւ իրազեկ դառնայ թէ պարկեշտ ու անձնազոհ ծառայութիւնը, ուշ կամ կանուխ իր բաղձալի պտուղները կու տայ:
Մեր կողմէն, մենք, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի, մեր Նուիրապետութեամբ, Կղերով ու հաւատացեալներով, կը հաւաստիացնենք Ձեզ թէ մեր անվերապահ աջակցութիւնը պիտի տրամադրենք ի սպաս մեր Հայրենիքին, ինչպէս միշտ, նպաստելու համար անոր յարատեւ նուաճումներուն ամէն մարզերու մէջ, ինչպէս յայտնեցինք Ձեզի, Պէյրութի մեր Պատրիարքարանը Ձեր կատարած այցելութեան ընթացքին:
Հայցելով աստուածային օրհնութիւնները Ձեր անձին ու Ձեր ստանձնած նոր պաշտօնին վրայ, մնամ
Ձերդ աղօթարար՝
Գրիգոր Պետրոս Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց