Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

29 յունուար 2018,  երկուշաբթի առաւօտուն,  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որուն կ’ընկերակցէին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Շահէ եպիսկ. Փանոսեան եւ միաբան հայրեր։

Շուրջ ժամ մը տեւած այցելութեան ընթացքին, երկու Հոգեւոր Պետերուն միջեւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի ներքեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց    ընդհանրապէս Հայութիւնը եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութիւնը յուզող խնդիրներ,  ազգային միասնականութեան, միջ-համայնքային, ինչպէս նաեւ  Հայաստան-Սփիւռք  համագործակցութեան առընչուած հարցեր։ Շեշտուեցաւ ազգը եւ հայրենիքը միացնող արժէքներուն ու ձգտումներուն շուրջ համախմբուելու հրամայականը։