Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Լիբանանի Հանրապետութեան նորընտիր Նախագահին՝ Ն.Վ. Ժոզէֆ Աուն Զօրավարին, որուն մէջ մասնաւորապէս կը գրէ:
«Մեր սիրելի Հայրենիքին՝ Լիբանանի նախագահի Ձեր ընտրութեան առիթով, խոր ուրախութեամբ եւ երջանկութեամբ առլցուն սրտով, Ձեզի կը մաղթեմ յաջողութիւն ու բարի երթ մեր Երկրին վէրքերը բուժելու Ձեր անդուլ աշխատանքին մէջ, ինչպէս խոստացաք Ձեր երդումին խօսքին մէջ: Մաղթանքս է նաեւ, որ Դուք համախմբէք բոլոր տուժած, զրկուած, տեղահանուած եւ լուսանցքայնացած լիբանանցիները:
Նոյնպէս խոստացաք Ձեր պաշտօնավարութեան ընթացքին աչալրջութեամբ հսկել կառավարական, վարչական եւ ընկերային հաստատութիւններուն վրայ, որոնք լիբանանեան օրէնքին եւ սահմանադրութեան հովանիին տակ գործելու են։ Ահաւասիկ, այս հեռանկարին կը ձգտինք մենք եւ բոլոր լիբանանցիները։
Ձերդ Վսեմուութիւն, Լիբանանի նորընտիր Նախագահ, վստահ եմ, որ Դուք ի վիճակի էք ազգային դրօշակի ներքեւ մէկտեղելու բոլոր հակասական կողմերը՝ թէ՛ իրարմէ հեռացածներն ու թէ՛ իրարու հետ գժտուածները, ինչ որ Դուք սկսած էք իրագործել Ձեր երիտասարդ տարիքէն ի վեր։
Կը շնորհաւորեմ Ձեզ այս անգին ուխտին եւ Ձեր սահմանադրական երդումին ուղերձին մէջ ներառած այն ճշգրիտ մանրամասներուն համար, որոնք արդէն այսօր շահեցան մեր Հայրենիքին բարեկամներու եւ կուսակցութիւններու, ինչպէս ալ մեր սփիւռքին զանազան բաղադրիչներու վստահութիւնը։
Ես լիովին կը հաւատամ Ձեր կարողութեան, վճռակամութեան եւ հաւատքին, որուն հոգեւոր կորովով Դուք պիտի արդարացնէք մեր ակնկալութիւնները։ Դուք պիտի առաջնորդէք մեր Հայրենիքին՝ Լիբանանի նաւը դէպի խաղաղութեան եւ բարօրութեան խարիսխները։
Կրկին սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Ձեզի կը փոխանցեմ մեր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան՝ Հայրենիքին եւ արտերկրին մէջ գտնուող թեմերուն զաւակներու մեծ ուրախութիւնն ու շնորհաւորութիւնը՝ աղօթելով Աստուծոյ, որ Ձեզի թիկունք կանգնի՝ բարիք գործելու եւ բարեփոխումներ իրականացնելու համար, քանի որ Դուք լիբանանեան դրօշակին խորհրդանիշն էք, անոր յոյսերն ու նկրտումները:
Թող Աստուած օգնէ Ձեզի ու պաշտպանէ Ձեզ իր սիրով: Իր երկնային օրհնութիւններով պահպանէ Ձեզ չարէն եւ ամբարիշտներէն:
Կեցցէ՛ք Դուք:
Կեցցէ՛ Լիբանան»:
X ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
Կաթողիկոս-Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց