ՆԱԽԱՐԱՐ ՌԻՇԱՐ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ընկերային հարցերու նորանշանակ նախարար Ռիշար Գույումճեան շաբաթ, 2 փետրուարի կէսօրին այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան ընկերակցութեամբ “Լիբանանեան Ուժեր” կուսակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան պատուիրակութեան մը։ Պատրիարքարան ժամանումին, նախարար Գույումճեան դիմաւորուեցաւ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս  գերապայծառ Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանին, գերապայծառ Գէորգ Արք. Խազումեանին եւ գերապատիւ ու արժանապատիւ հայրերու կողմէ, որոնց հետ գոհաբանական աղօթք մը կատարելէ ետք  ծաղկեպսակ մը զետեղեց Նահատակաց Յուշարձանին։ Այնուհետեւ, նորանշանակ նախարարը ընդունուեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին, Հոգեւոր Տէրը նախ շնորհաւորեց նախարարը, ապա խօսակցութիւնը շօշափեց երկիրը յուզող եւ լիբանանցիները տագնապեցնող խնդիրները, եւ ասոնց լուծումներ գտնելու նորակազմ կառավարութեան յանձնառութիւնը։

Հանդիպման աւարտին, Պր. Ռիշար Գույումճեան ճաշի հիւրը եղաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։