ՅԻՍՈՒՍԻ ԿԵՆԴԱՆԱՐԱՐ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐՈՎ` ՌԱՖԱՅԷԼ- ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՕՐՀՆԵՑ ՊՈՒՐՃ-ՀԱՄՄՈՒՏԸ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին նախագահութեամբ եւ Պուրճ-Համմուտի «Ս. Փրկիչ» Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան հրաւէրով՝ հազարաւոր հայորդիներ մասնակցեցան Յիսուսի Սուրբ Սրտին ջերմեռանդութեան փակումին տօնախմբութեան եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօնին:

Ուրբաթ, 7 Յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագը, ձեռամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, առընթերակայութեամբ Զմմառու Միաբանութեան «Ս. Միքայէլ» եւ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» դպրեվանքին տեսուչի տեղապահ Հ. Պետրոս Վրդ. Մարաշլաեանի եւ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին փոխ-ժողովրդապետ Հ. Ռաֆայէլ Վրդ. Ժաուհարժիի: Անոր ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ մատաղի օրհնութիւնը։

Ս. Զոհին՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հայրապետական պատգամով յորդորեց ներկայ հաւատացեալները շարունակել Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ջերմեռանդութիւնը մինչեւ Յունիս ամսուան աւարտը, շնորհաւորեց եկեղեցիին անուանակոչութիւնը եւ շեշտը դրաւ նմանելու Յիսուսին՝ ըսելով.«Այսօրուան մեր հաւաքն ու ջերմեռանդութեան կատարողութիւնը խոստում մըն է, որ նմանինք Յիսուսի Ս. Սրտին՝ ըլլալով իսկապէս հեզ, եղբայրասէր, բարի, գթած եւ խոնարհ: Նուիրենք մեր անձերը Անոր, ինչպէս Ինքը նուիրեց ինքզինքը մեզի բազմողորմութեամբ: Սիրենք մեր Տէրը, նաեւ սիրենք զիրար, ամբողջ էութեամբ»:

Գերերջ. Հայրապետը իր քարոզը շարունակեց՝ շեշտելով Ս. Հաղորդութեան կենսական ու հոգեւոր կարեւորութիւնը. «Ս. Հաղորդութիւնը սոսկ հաց մը չէ, այլ՝ իսկական Մարմինն է մեր Աստուծոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի. իսկական Միսն է իր Մարմինէն: Երբ տարակուսեցան անոր սրբութեան եւ իսկական էութեան մասին, տարրալուծարանի մէջ արդիւնքը ելաւ, որ ոչ թէ ցորենէ հաց է, այլ կենդանի բաբախուն սրտի երակին մկան է, հետեւաբար, Սիրելիներ, Յիսուս իր Ս. Սիրտը տուաւ մեզի իբր հոգեւոր ու մարմնաւոր կերակուր»:

Քարոզը եզրափակելով՝ մեր Հայրապետը հրաւիրեց հաւատացեալները պահ մը լռութեան մէջ՝ լսելու համար Աստուծոյ ձայնը՝ Յիսուսի Ս. Սրտին զարկերը:

Ջերմեռանդութեան մասնակցեցան Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին Օգնական նորօծ եպիսկոպոս Արհի. Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ, Արհի. Հ. Գէորգ Արքեպս. Խազումեան, Արհի. Հ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, Հ. Գրիգորիս Ծ.Վ. Սէրէնեան, Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան, Հ. Եղիա Վրդ. Դերձակեան, Ռմէյլի «Ս. Յարութիւն» եկեղեցիին հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեան, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցիին ժողովրդապետ Տէր Ռաֆֆի Քհնյ. Յովհաննիսեան, «Ս. Աւետում» եկեղեցիին ժողովրդապետ Տէր Կարապետ Քհնյ. Թադէոսեան, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրեր, պետական եւ կուսակցական ներկայացուցիչներ, հայ դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տնօրէններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հազարաւոր հաւատացեալներ:

Ս. Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին Զմմառու դպրեվանքին ժառանգաւորներն ու «Յիսուսի Բարեկամներ»-ը, արարողապետութեամբ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին ժողովրդապետ Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի, Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց «Արծիւեան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Նշան Կիս. Մարաշլեանի։

Ս. Պատարագէն ետք, Ամենասուրբ Հաղորդութեան հանդիսաւոր թափօրը, «Ս. Մեսրոպ» սկաուտախումբին եւ «Ս. Փրկիչ»-ի շեփորախումբին նուագներու առաջնորդութեամբ, շրջեցաւ Պուրճ-Համմուտի հայաբնակ թաղերը՝ օրհնելով անոնց բնակիչները։ «Բարեսիրական Միութեան» ու «Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան» անդամ-անդամուհիները կը շալկէին Յիսուսի Ս. Սրտին արձանն ու խաչվառը։ «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիէն դէպի «Պօղոս Արիս» պողոտան հասնելէ յետոյ՝ թափօրը թեքուեցաւ դէպի «Սարդարապատ» ակումբին թաղը եւ այն տեղէն ուղղուելով՝ անցաւ Նոր Մարաշէն դէպի «Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան»-ին շրջափակը:

Հոն, բակին մէջ պատրաստուած Ս. Խորանին վրայ «բազմոցի» զետեղուեցաւ Ս. Հաղորդութեան ոսկեճաճանչը, որուն դիմաց երկրպագութիւնը կատարուեցաւ Յիսուսի Ս. Մարմինին: Ապա, հգեւորական դասը, Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ եկեղեցի, իսկ հաւատացեալները շարունակեցին աղօթքը, որմէ ետք երկինքը լուսաւորուեցաւ տօնական պայթուցիկներով եւ մատաղ բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին:

«Յիսո՜ւս, հեզ եւ խոնարհ Սրտով, մեր սիրտը կազմէ՛ քու Սրտիդ պէս»:

 

ԴԻՒԱՆ

«Ս. ՓՐԿԻՉ» ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ