ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ.
Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած հազարաւոր հայ երեխաներու, ծերերու եւ երիտասարդներու սպանութեան ու բռնի տեղահանութեան դիմաց, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան կասկածելի լռութեան դիմաց, որ թոյլ կը մնայ վճռական որոշումներ առնելու՝ անարդարութեան պարագային, եւ հեռու մնալով միջազգային ընտանիքի յայտնի շահերուն համար, որոնք ներկայացուած են մարդու ամենատարրական իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի բացակայութեամբ, մենք՝ ՄԱԿի եւ որոշում կայացնող հզօր պետութիւններու բոլոր ներկայացուցիչները լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնենք, որպէսզի անոնք քննեն իրենց խիղճը, մեկնելով մեր խոր համոզումէն, թէ միայն Աստուած բոլորին պատասխանատուութեան պահուն պիտի դատապարտէ անոնց արարքներուն ու գործերուն համաձայն:
Հայ ժողովուրդին կը յայտնենք, թէ Հայ Եկեղեցին միշտ կը մնայ ձեր մեծ ընտանիքը։ Ձեզ կը յորդորենք կառչած մնալ քրիստոնէական հաւատքին, առանց մոռնալու, որ դուք այն մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու թոռներն էք, որոնք հարիւր ութ տարիներ առաջ նահատակուեցան քրիստոնէական հաւատքի եւ հայ ինքնութեան պահպանման համար։ Այս իրողութիւնը այսօր կը կրկնուի կասկածելի լռութեան պայմաններուն մէջ։ Չարը կրնայ յաղթել հանգրուան կամ ճակատամարտ մը, բայց ի վերջոյ Բարին պիտի յաղթէ, որովհետեւ մենք լոյսի զաւակներն ենք, յոյսի զաւակները, սիրոյ զաւակները, Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդները:
Հաւատալով աղօթքի զօրութեան, կոչ կ’ուղղենք համայն աշխարհի ծայրամասներուն մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցականներուն եւ հաւատացեալներուն, Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2023-ին, աղօթքներ բարձրացնել եւ Պատարագներ մատուցանել հոգիներու անդորրութեան եւ բոլոր տեղահանուածներու ապահովութեան համար։
صدر عن صاحب الغبطة روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان كاثوليكوس بطريرك بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك البيان التالي:أمام الكارثة المتمثلة بقتل وتهجير الآلاف من الأرمن، أطفالاً وشباباً وشيوخاً ومسنين، وأمام التطهير العرقي الذي يحدث في جمهورية أرتساخ، وأمام الصمت الدولي المريب المتمثل بالتقاعس بأخذ القرارات التي تميز بين الظالم والمظلوم وبين صاحب الحق والمعتدي، بعيداً عن المصالح المعلومة للمجتمع الدولي والمتمثلة أيضاً بعدم احترام أدنى حقوق الانسان.
نضع جميع المسؤولين في الأمم المتحدة ودول القرار أمام مسؤولياتهم وفحص ضمائرهم وذلك إيماناً منا أن الله هو فقط سوف يحاسب الجميع وذلك بحسب أفعالهم وأعمالهم.
إلى الشعب الأرمني نقول أن الكنيسة الأرمنية كانت دائماً عائلتكم الكبيرة. ندعوكم للتشبث بالايمان المسيحي، ولا تنسوا أنكم أحفاد المليون ونصف المليون من الشهداء الذين استشهدوا قبل مئة وثمان سنوات حفاظاً على الإيمان المسيحي والهوية الأرمنية. وهذا الأمر ها هوذا يتكرر اليوم وسط صمت مريب. إن الشر بامكانه أن يربح جولة أو معركة ولكن في نهاية سينتصر الخير وذلك لأننا أولاد النور، أولاد الرجاء، أولاد المحبة، أولاد يسوع المسيح.
إيماناً منا بقوة الصلاة، ندعو جميع الاكليروس والمؤمنين في جميع أصقاع الارض لرفع الصلوات والقداديس يوم الأحد ١ تشرين الأول ٢٠٢٣ وذلك على راحة أنفس الشهداء وسلامة جميع النازحين.