ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՓԱԿՈՒՄ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարուայ Մայիսի վերջին կիրակին վերածուած է Զմմառու Տիրամօր ուխտի օրուայ: Այս տարի եւս 28 Մայիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան հայրերը մեծ սիրով հիւրընկալեցին Զմմառու մայրավանք բարձրացող Լիբանանահայ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը, որ եկած էր իր ուխտը կատարելու՝ Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր առաջ:

Սոյն տօնակատարութիւնը զուգադիպեցաւ Հայաստանի անկախութեան

99-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւններուն: Տարին յատկանշական էր նաեւ, որ ջերմեռանդութեան միացաւ բարեշնորհ՝ Տիգրան սարկաւագ Փիլիպպոսեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը ձեռամբ՝ Ամեն. եւ Գերջ. Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, խարտաւիլակութեամբ՝ գերպծ. Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանի՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ մեծաւոր Զմմառու վանքի, առընթերակայութեամբ՝ գեր. Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի, տեսուչ՝ Զմմառեան Միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ գեր. Մովսէս վրդ. Տօնանեանի՝ ընդհանուր քարտուղար Զմմառու Միաբանութեան, ներկայութեամբ Զմմառու Կղերի Միաբանութեան եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կղերիկոսներուն, պետական երեսփոխաններու, կրթական, մշակութային, բարեսիրական, եւ այլ բնագաւառներու մէջ ծառայող այրերու եւ նորօծ քահանային ծնողաց՝ որոնք ժամանած էին Հալէպէն:

Խորանին սպասաւորեցին Զմմառեան Միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սաները: Իսկ «Արծիւեան» երգչախումբը կատարեց սուրբ եւ անմահ Պատարագի երգեցողութիւնը, ղեկավարութեամբ՝ տիար Մանուէլ Քէշիշեանի:

Վանք ժամանած ուխտաւորները Տիրամօր արձանը ձեռամբարձ՝ թափօրով հասան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ կառուցուած՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոն: Ապա՝ սուրբ եւ անմահ Պատարագի թափօրը մուտք գործեց  նոյն վայրը՝ ուր ընթացք առաւ հոգեպարար արարողութիւնը: Յընթացս սուրբ եւ անմահ Պատարագին եւ ձեռնադրութեան արարողութեան՝ հաւատացեալներուն ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար նորօծ քահանային՝ Տիգրան Փիլիպպոսեանին, իր հայրական պատգամը փոխանցեց Ամեն. Հոգեւոր Տէրը: Ան նախ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Տիրամօր խոնարհ, բարի, առաքինի եւ ամենակարեւորը՝ անոր Աստուածամայր եւ Աստուծոյ նուիրեալ ըլլալու հանգամանքը:   Ապա,   Հոգեւոր   Տէրը   հոգիներու փրկութեան ի խնդիր կենսական համարեց  դերակատարութիւնը քահանաներու, որոնք իրենց ճշմարիտ քարոզչութեամբ կրնան ճիշդ ուղիով հունաւորել մարդոց վարքագիծն ու կենցաղը: Անդրադառնալով նորօծ քահանային կոչման հաւատարմութեան ուխտին, Հայրապետը նշեց, որ ինքն իր անձը անվերապահ պէտք է նուիրէ Տիրոջ ծառայելու ամենավեհ եւ ամենանուիրական գործին եւ իր ամբողջ էութեամբ պէտք է սատարէ Անոր փառքի տարածմանն ու ամրապնդմանը համայն մարդկութեան սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ Պատարագին, օրուայ արարողապետ՝ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան ընթերցեց Սրբազան Քահանայապետ՝ Ֆրանչիսկոս Պապի առաքած Առաքելական Օրհնութեան Գիրը, որմէ ետք  Հայրապետը, Մեծաւոր Հայրը, նորօծ քահանան ու անոր ծնողները ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:

Շնորհաւորութիւններուն յաջորդեց եղբայրական ագապ Միաբանութեան դպրեվանքի սեղանատան մէջ եւ որու ընթացքին նորօծ քահանան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց՝ որոնք նեցուկ կանգնեցան իր կոչմանը մէջ եւ նպաստեցին՝ հասնելու Սուրբ Խորան: Այնուհետեւ հերթաբար կարդացուեցան բոլոր օտարերկրեայ միաբանակիցներու կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական գիրերը: Դրուատանքի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր շռայլեց Վանքի Մեծաւոր հայրը: Հացկերոյթի աւարտին ձեռնադրութեան կարկանդակը հատեցին նորօծ Հ. Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեանը, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը, Մեծաւոր հայրը, տեսուչ եւ փոխ-տեսուչ հայրերը, նորօծ քահանային ծնողքը եւ յիշատակի լուսանկարով անմահացուցին օրը:

Յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, կրկին Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ կատարուեցաւ Մայիսեան ջերմեռանդութեան փակումը Վարդարանի աղօթքով: