Կիրակի, 10 Մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Պուրճ-Համմուտի «Ս. Փրկիչ» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ, հայրապետական Ս. Պատարագը մատուցանեց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, առընթերակայութեամբ` Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Պատրիարքական էքզարք Գերպծ. Հ. Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նամոյեանի ու Հոգեւոր Տիրոջ քարտուղար Գերյ. Հ. Նարեկ Ծ.Վ. Մնոյեանի:
Ս. Զոհին ընթացքին սարկաւագական ձեռնադրութիւնը կատարուեցաւ Տիրացու Մանուէլ Քէշիշեան կիսասարկաւագին: Ձեռնադրեալին խարտաւիլակն էր Գերպտ. Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեան փոխ-ժողովրդապետը:
Հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին՝ Արհիպտ. Հ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան, Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեան ժողովրդապետը, Գերպտ. Հ. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեան, Գերպտ. Հ. Ռաֆայէլ Վրդ. Ժաուհարժի օգնական-ժողովրդապետը, Առաքինազարդ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրեր, Զմմառու Միաբանութեան ժառանգաւորներ, հայկական վարժարաններու ու հաստատութիւններու տնօրէններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ձեռնադրեալին ընտանիքը, հարազատներն ու բազմութիւնը հաւատացեալներուն:
Ձեռնադրիչ Հայրապետը իր քարոզին մէջ բարձր գնահատեց Տ. Մանուէլ Սրկ. Քէշիշեանի կեանքին ուղին՝ ըսելով, որ ան երկար տարիներէ ի վեր բոլորանուէր եւ անձնազոհութեամբ կը ծառայէ Յիսուս Քրիստոսին ու Ս. Եկեղեցիին: Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը շեշտը դրաւ սարկաւագական կարգին ծառայութեան ու զոհողութեան վրայ. «Հակառակ, որ Մեծպահքի շրջանին մէջ կը գտնուինք, սակայն այսօր մեզի համար մեծ ուրախութեան առիթն է, նոյն ժամանակ հրաւէր մըն է, սիրելի Մանուէլ, Քրիստոսի Խաչը կրելու եւ անոր օրինակին հետեւելով՝ դեռ առաւել ծառայելու ու զոհուելու Աստուծոյ փառքին համար»:
Ամենպտ. Կաթոիկոս-Պատրիարքը շարունակեց իր հայրական պատգամը՝ արժեւորելով սարկաւագական կարգը ստանալու ծանր պատասխանատուութիւնը. «Այսօր, դուն իրաւունքը պիտի ունենաս Քրիստոսը քու ձեռքերուդ մէջ առնելու եւ Զայն հաղորդելու հաւատացեալներուն: Անոնք, որոնք սարկաւագութեան կարգն ունին, պէտք է ծառայեն ոչ միայն Ս. Խորանին, այլ նաեւ Քրիստոսին իրենց կենցաղով, իրենց բարի օրինակով, իրենց աղօթասիրութեամբ, իրենց եղբայրսիրութեամբ եւ իրենց սրբութեամբ: Պէտք չէ փնտռել անձնական շահը, այլ՝ իր եղբօր, իր ընտանիքին, իր քրոջ սէրը կը մնայ մի միայն այդ խոր հաւատքին ու հաւատարմութեան մէջ Քրիստոսի հանդէպ. ա՛յս է մեծագոյն բարիքը»: Ձեռնադրիչ Հայրապետը աւարտեց իր քարոզը ձեռնադրեալին մաղթելով.«Հիմա, պա՛հն է, որպէսզի դուն կարողանաս եւս աւելիով Քրիստոսի Խօսքը, Սէրը, Մարմինն ու Արիւնը բաշխել բոլորին»:
Ս. Զոհի աւարտին՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը, հոգեւորական դասը, նոր սարկաւագն ու ընտանիքը շնորհաւորութիւնները ընդունեցան եկեղեցիին մէջ:
Բրշ. Տ. Մանուէլ Սրկ. Քէշիշեան ծնած է 3 Մարտ 1953-ին, հաւատացեալ ընտանիքին անդրանիկ զաւակն ըլլալով եւ քահանայական կոչումը մանկութենէն զգալով՝ 1965-ին, Հ. Նշան Վրդ. Գարաքէհէյեան զինքը ճանապարհորդած է Զմմառու Միաբանութեան մայրավանքը, երջանկայիշատակ Կարդինալ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին կառուցանել ծրագրած նորակերտ «Ս. Միքայէլ» ընծայարանը: Հոն կոչումը աճած է ձեռամբ սրբակեաց Հ. Օգոստինոս Վրդ. Հատտատի՝ Զմմառավանքին մեծաւոր նախ ունենալով Գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պասմաճեանը (1965-1969), ապա Գերյ. Հ. Միքայէլ Ծ.Վ. Մոմճեանը (1969-1971), եւ իբր տեսուչ ունենալով Հ. Անդրանիկ Կռանեան, Հ. Գրիգոր Կապրոյեանն ու Հ. Գէորգ Խազումեան վարդապետները:
Զանազան դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուելէ յետոյ՝ կամքի անկախ պատճառներով, 1971-ին, ան կամովին կը հեռանայ ընծայարանէն:
Պէյրութ վերադարձէն հազիւ քանի մը օր ետք, «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին ժողովրդապետը՝ Գերպտ. Հ. Մանուէլ Վրդ. Պաթագեան, կը հրաւիրէ զինքն անդամակցելու եկեղեցիին երգչախումբին: Վեց ամիս անցած՝ զինքը կը քաջալերէ նուագելու Հ. Ղեւոնդ Վրդ. Տէր Մինասեանի սորվեցուցած Ս. Պատարագի երգեցողութեան բաժինները, ապա, անոր կը վստահի ղեկավարի պաշտօնը մեր երգչախումբին, որ հետագային կոչուեցաւ «Արծիւեան»:
Մանուէլ Սրկ. Քէշիշեան պսակուած է նոյն եկեղեցիին մէջ. ունի երկու դուստր եւ մէկ մանչ զաւակ: Հինգ տարիներ շարունակ յաճախեց Պէյրութի «Անտոնեան» համալսարանը՝ հետեւելով իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան ուսումներուն: 2010 թուականին, երջանկայիշատակ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին տնօրինումով՝ Արհի. Հ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեան անոր շնորհեց փոքր աստիճաններն ու կիսասարկաւագութեան կարգը:
Այս հրճուողական առիթով՝ կու գանք շնորհաւորելու սարկաւագական ձեռնադրութիւնը Բրշ. Տ. Մանուէլ Քէշիշեանի, որ, 53 տարիներ շարունակ, մեծ հաւատարմութեամբ ու խանդավառ սիրով ծառայեց Յիսուսի Քրիստոսին եւ Ս. Եկեղեցիին:
Պուրճ-Համմուտ, 11 Մարտ 2024
Դիւան «Ս. Փրկիչ» Հ. Կ. Ժողովրդապետութեան