Հ.Ե.Օ. եւ Կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւն եղբ. Արամ Սաատոյի

Կիրակի, 22 Յուլիս 2018-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Հայաստանի Գիւմրի քաղաքի Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր  սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցանեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, առընթերակայութեամբ՝ Գերյարգելի Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի եւ Գերապատիւ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի։ Ս. արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի մօտ Քահանայապետական նուիրակ՝ Արհիապատիւ Ժոզէ Արք. Պեթենքուրդ, Ա.Մ.Ն.ի եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Հ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, տեղւոյն նախկին առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Հ. Նշան Արք. Գարաքէհէեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ, արժանապատիւ քահանաներ, հաւատացեալներ եւ Համաշխարհային Երիտասարդական Օրերու (Հ.Ե.Օ.) Թորոս գիւղի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին տարբեր երկիրներէ ժամանած մօտ 260 երիտասարդներ։ Այս առիթով կազմակերպուած հոգեպարար արարողութեան ընթացքին, ձեռամբ` Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի, եկեղեցական փոքր աստիճանաց եւ կիսասարկաւագութեան կարգերը շնորհուեցաւ եղբայր Արամ Սաատոյի, խարտաւիլակութեամբ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր՝ Գերյարգելի Հ. Նարեկ ծ. վրդ. Նաամոյեանի։

ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ