ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿ

Armenian /Arabic
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. իր Քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակին առիթով, հաւատացեալներուն հետ ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Նափոլի, Հարաւային Իտալիա:
Առաւօտեան՝ ան իր կեանքի վկայութիւնը կատարեց «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» հայ եկեղեցւոյ մէջ, որ հանրածանօթ է «Սրբուհի Փաթրիսիա» անունով եւ ուր ամփոփուած են Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադիր Հայրապետ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Այնուհետեւ, կէսօրէն ետք հայածէս գոհաբանական հայրապետական սուրբ Պատարագ մատուցեց նոյն եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Հալէպի թեմի առաջնորդ՝ Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Նափոլիի Արքեպիսկոպոս` Տոմենիքօ Պաթթալիայի, Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս` Գերապայծառ Կայեթանօ Քասթելլիի, խումբ մը քահանաներու եւ սարկաւագներու, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեանի եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ ընդգծեց իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատի համար բնորոշուած աստուածային իւրայատուկ կոչումին մասին, եւ բացատրեց, թէ ինչպէս կարելի է զայն իրագործել անոր սարկաւագական կամ քահանայական կամ եպիսկոպոսական կամ պատրիարքական կամ քահանայապետական ծառայութեամբ: Ան յայտնեց թէ բոլորը Աստուծոյ զաւակներն են եւ Աստուծոյ սէրը բոլորին կը պարգեւէ զանազան շնորհքներ ի սպաս Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներու բարիքին: Ան նաեւ շեշտեց եսասիրութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի անձնուիրումը յաղթանակէ աւելի վսեմ ու ընդհանրական բարիքին համար: Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Նափոլիի Արքեպիսկոպոս` Տոմենիքօ Պաթթալիայի միջեւ տեղի ունեցաւ եղբայրական պատգամներու ու նուէրներու փոխանակումը: Մինչ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան՝ յանուն կղերական դասին ու Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց մատանի մը, ի նշան հաւատարմութեան Աստուծոյ եւ իրեն յանձնուած առաքելութեան ու հօտին:
Յիշենք, որ Ուրբաթ երեկոյեան, սոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի բազմաշնորհ հայոց Կաթողիկոսի մասին դասախօսութիւն, զոր կատարեց Մխիթարեան միաբան հայր Գրիգորիս Սէյրանեան, որուն յաջորդեց Սուրբ Հայրապետին շարադրած-յօրինած շարականներու երգեցողութիւնն ու աղօթքներու կատարողութիւնը:
Մինասեան Հոգեւոր Տէրը առաւօտեան հանդիսապետեց նաեւ հայածէս սուրբ Պատարագը:
لمناسبة ذكرى 50 سنة على رسامته الكهنوتيّة، قام البطريرك روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان كاثوليكوس بطريرك بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك بيوم حجّ مع المؤمنين المقيمين في الأراضي الإيطاليّة إلى مدينة نابولي جنوب إيطاليا.
قدّم البطريرك ميناسيان صباحًا شهادة حياته بكنيسة القديس غريغوريوس الأرميني (المنوّر)، المعروفة شعبيًّا باسم كنيسة القديسة باتريسيا والتي تحتضن ذخائر هامَة القديس غريغوريوس، هادي أرمينيا من الوثنيّة إلى المسيحيّة ومؤسس الكنيسة الأرمنيّة الرسوليّة وأوّل من رئسها. تطرّق البطريرك ميناسيان إلى التحديّات التي يواجهها المسيحيّون في الشرق الأوسط.
من ثم تراس البطريرك ميناسيان بعد الظهر القداس الإلهي في الكنيسة عينها، عاونه في الخدمة المطران بطرس مراياتي رئيس أساقفة أبرشية حلب للأرمن الكاثوليك، ورئيس أساقفة نابولي دومينيكو باتاليا، والأسقف المساعد غاييتانو كاستيلو، ولفيف من الكهنة والشمامسة، بحضور سفير أرمينيا لدى الكرسي الرسولي غارين نازاريان وحشد غفير من المؤمنين. وبعد الإنجيل المقدّس تحدث غبطته عن أهميّة دعوة الله الخاصة لكلّ مسيحي شارحًا كيف يحقّقها كل إنسان بخدمته الشماسيّة أو الكهنوتيّة أو الأسقفيّة أو البطريركيّة أو الباباويّة. وفسّر أنّ الجميع أبناء لله ومحبّة الربّ تغني أبناءه بمواهب متعدّدة توضع في خدمة الكنيسة والمؤمنين. وشدّد على ضرورة الحرب ضدّ الذات والأنانيّة كي تنتصر التضحية بالذات من أجل خير أسمى وأكبر. وفي ختام القداس تبادل البطريرك ميناسيان الهدايا مع المطران باتاليا علامة أخوّة بين الكنيستَيْن. كما أهدى المطران بطرس مراياتي خاتمًا للبطريرك باسم المعهد الحبري الأرميني في روما.
يُذكر أنّ الكنيسة عينها في نابولي شهدت يوم الجمعة محاضرة حول البطريرك الأرميني القديس نرسيس المُنعّم (الكثير النِعم) الذي عاش في القرن الثاني عشر، ألقاها الراهب المختاري الأب غريغوريس سيرينيان، تبعتها ترانيم وصلوات من مؤلّفات نرسيس. كما احتفل البطريرك ميناسيان فيها صباح اليوم أيضًا بالذبيحة الإلهيّة بالطقس الأرمني.