Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը բարձր գնահատեց Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապի դիրքորոշումը Օգոստոս 4-ի պայթումի երկրորդ տարելիցին գծով եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց նահատակներու ընտանիքներուն ու զոհերուն։
Հոգեւոր Տէրը յոյս յայտնեց, որ Լիբանան՝ միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ, կը շարունակէ յոյսով եւ հաւատքով շարժիլ դէպի ցանկալի արդարութիւն, որ կը վերաբերի իւրաքանչիւր մարդու:
«Մենք մեծ ցաւ կը զգանք Լիբանանի ժողովուրդի դժբախտութիւններուն համար՝ հարիւրաւոր նահատակներու եւ անմեղ զոհերու կեանք խլած պայթումին պատճառով, բայց մենք բոլորս վստահ ենք, որ երկնային արդարութիւնը կը յաղթէ՝ բացայայտելով ճշմարտութիւնը, թէ ո՛վ կանգնած է աշխարհի ժամանակակից դարաշրջանի մեծագոյն պայթումներէն մէկուն ետին» ըսաւ ան։
Հոգեւոր Տէրը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Թող Աստուած ողորմի նահատակներուն, կը խնդրենք նաեւ անոնց ընտանիքներուն շնորհել համբերութիւն եւ մխիթարութիւն, եւ Լիբանանին՝ ապահովութիւն»:
***
نوه كاثوليكوس بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك البطريرك رافائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان بمواقف البابا فرنسيس تجاه الذكرى الثانية لانفجار الرابع من ٱب وأعلن تضامنه مع عائلات وضحايا الشهداء.
وامل غبطته أن يواصل لبنان بمساعدة المجتمع الدولي للسير نحو تحقيق العدالة المرجوة التي تعني كل شخص برجاء وإيمان.
واضاف: ” نشعر بألم كبير تجاه ما ألم الشعب اللبناني من ويلات تجاه الانفجار الذي قضى ضحيته مئات الشهداء والضحايا الأبرياء، لكننا كلنا ثقة أن عدالة السماء سوف تنتصر لتكشف حقيقة من كان وراء أكبر الانفجارات في العصر الحديث.
ختم غبطته :” رحم الله الشهداء ونسأله أن يمن على العائلات بالصبر والسلوان وعلى لبنان بالأمن والأمان”.