ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի լրատուական գրասենեակը հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ.
Այսօր առաւօտեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հովուապետական այցելութեամբ Պէյրութէն մեկնեցաւ Յունաստան, ընկերակցութեամբ՝ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Պատրիարքի քարտուղար Հայր Նարեկ Վրդ. Մնոյեանի, Երիտասարդական բաժնի պատասխանատու Հայր Արամ Վրդ. Աբրահամեանի, Պատրիարքարանի արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակի աշխատակից Շարպէլ Պասթուրիի եւ «Թէլէ Լումիէր-Նուրսաթ» պատկերասփիւռային կայանի անձնակազմին: Այցելութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենան Յունաստանի մէջ հայ գաղութի հարիւրամեակի առիթով հանդիսութիւններ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու պաշտօնական տեսակցութիւններ եւ զանազան հանդիպումներ լիբանանահայ ու սուրիահայ գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ:
صدر عن المكتب الإعلامي في بطريركية بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك البيان التالي:
غادر صباح اليوم صاحب الغبطة روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان كاثوليكوس بطريرك بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك، بيروت متوجها إلى اليونان في زيارة رعوية.يرافقه المطران بطرس مراياتي رئيس أساقفة أبرشية حلب للأرمن الكاثوليك و الاب ناريك منويان أمين سر البطريرك ،والأب آرام ابراهاميان و مندوب مكتب العلاقات العامة في البطريركية شربل بسطوري و فريق تيلي لوميار- نورسات. تتضمن الجولة احتفالات بمناسبة مرور مئة عام على وجود الارمن في اليونان و لقاءات روحية ورسمية، اضافة إلى لقاءات مع أبناء الجالية الأرمنية واللبنانية والسورية.