ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ԱՄԵՐԻԿԱ

Այսօր երեկոյեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայրապետական առաջին այցով մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Հայրապետական այս շրջագայութեան ընթացքին, Հոգեւոր Տէրը պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներու Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնները, ուր հանդիպում կ’ունենայ պատկան մարմիններու եւ հաւատացեալներուն հետ։