ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՀՌՈՄԻ ԼԵՒՈՆԵԱՆ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, արեւելեան Ուղղափառ եւ Առաքելական եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներ Վատիկան հրաւիրուեցան, որպէսզի աւելի մօտէն եւ ամբողջական կերպով ծանօթանան Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունէութեան։ Այս շրջագիծէն ներս, Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2020-ի կէսօրուան ժամը 12:30-ին, գլխաւորութեամբ՝ Վատիկանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահ՝ Վսեմ. Կարտինալ Քըրթ Քոխի, անոնք այցելեցին Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարան, ուր եղբայրական ագապ մը տեղի ունեցաւ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին հրաւէրով եւ որուն մասնակցեցան Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արհի. Փօլ եպս. Կալակեր, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Բերիոյ եւ Բարձր Ճազիրէի թեմերու առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Ֆրանսայի թեմի վաստակաւոր առաջնորդ՝ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, վարժարանի մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր եւ վարժարանի ժառանգաւորները։ Ներկայ էին նաեւ՝ էջմիածնական եւ անթիլիասական հոգեւորականներ:

Հանդիպումը ընթացք առաւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր կը գտնուին երկու հայ կարդինալներու շիրիմները եւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկու նահատակ երանելիներու սրբապատկերները։ Վարժարանին ժառանգաւորները ընդգծեցին եկեղեցւոյ հինգդարեայ պատմական արժէքը։

Ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի Լեւոնեան Վարժարան, ուր Ճաշու Երրորդ ժամերգութիւնը աղօթեցին Տիրամայր Նարեկի նուիրուած մատրան մէջ։

Աղօթքէն ետք, սիրոյ սեղանի շուրջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ֆրանսերէն լեզուով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, շնորհաւորեց Հայ եկեղեցւոյ Ղեւոնդեանց Սուրբերու օրուայն Տօնը եւ վեր առաւ այդ Սուրբերուն տիպար եւ աննկուն վարքը։ Ան ըսաւ. «Բոլորս տեղեակ ենք եկեղեցւոյ դէմ հալածանքներուն, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ: Ուստի Ս. Առաքեալներու օրինակով, միասնաբար քաջութեամբ ու աղօթքով միայն կարող ենք զանոնք յաղթահարել»։

Վսեմաշուք Կարտինալը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ վարժարանիս մեծաւոր Հօր իրենց ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան համար, ապա մէջբերեց Սրբազան Քահանայապետին խօսքը. «Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու աճումով, մենք եւս մեր մէջ կը զօրացնենք հոգիներու փրկութեան առաքելութիւնը»: