ՀՅԴ ՊԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ. Կ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ամենապատիւ եւ Գերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2019-ի ժամը 10-ին  ընդունեց ՀՅԴ Պիւրոյի ներկայացուցիչ Պր. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որուն կ’ուղեկցէր ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ պետական երեսփոխան Պր. Յակոբ Բագրատունի։ Հանդիպումին ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Հ. Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեան, Գերապայծառ Տեարք Գէորգ արք. Խազումեան, Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեան, ժողովրդապետ Հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ օգնական ժողովրդապետ արժ. Տէր Կարապետ Թադէոսեան, ինչպէս նաեւ Հ. Կ. անձնաւորութիւններ։

Առաւելաբար Պր. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ ծանօթացման բնոյթ ունեցող հանդիպումին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ողջունեց հիւրերը։ Այնուհետեւ, շուրջ ժամ մը տեւած մտերիմ զրոյցը շօշափեց սփիւռքահայութիւնը յուզող խնդիրներ, հայապահպանութեան մտահոգութիւններ՝ մասնաւորաբար Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Դպրոցին վերապահուած առաքելութեան կարեւորութիւնը սփիւռքահայ սերունդներու քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ։ Ուրախութեամբ արձանագրուեցաւ աշխարհասփիւռ օտարախօս հայերու իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան վերադարձի երեւոյթը։

Հիւրերը  հրաժեշտ առին նոր հանդիպումներու մաղթանքով։