ՀՀ ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021-ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Վահագն Աթաբեկեանը:

Մեծարգոյ դեսպանը իր անկեղծ շնորհաւորութիւնները ուղղեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին  ընտրութեան կապակցութեամբ: Ան շեշտելով Լիբանանի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ունեցած մեծ դերը, կարեւորեց յետագայ սերտ փոխ համագործակցութիւնը ի շահ Լիբանանահայութեան եւ Մայր Հայրենիքի:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը հայրական զգացումներով ընդունեց մեծարգոյ դեսպանը եւ իր կարգին հաւաստիացուց եւ վստահեցուց համագործակցութեան գծով իր պատրաստակամութիւնը:

Վերջապէս Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը եւ մեծարգոյ դեսպանը քննարկեցին Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը եւ շեշտեցին հայութեան միասնականութեան կարեւորութիւնը ի նպաստ Լիբանանի վերելքին: