ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս.ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ

Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Հովանաւորութեամբ Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան օգնական եպիսկոպոսին Պէյրութի Պատրիարքական թեմին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ, Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան աւանդական համերգ, կատարողութեամբ՝ Հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեանի՝ փոխ-ժողովրդապետ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ լիբանանահայ թենոր՝ Պրն. Ճոնի Կէօքճեանի, եւ մասնակցութեամբ Արծիւեան եւ Բլբուլ երգչախումբերու՝ ղեկավարութեամբ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի:

Ներկայ էին Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոսը, սրբազար հայրեր, Պապական նուիրակի քարտուղար՝ Հայր Իվան Սանդուս, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողորդապետ՝ Հ. Պերճ վրդ. Սապէ, գերյարգելի, գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրեր, Անարատ Յղութեան հայ քոյրեր, Հ. Հ. Դեսպանութեան ներկայացուցիչը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչը, վարժարաններու տնօրէններ, երեւելի անձնաւորութիւններ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Համերգը սկիզբ առաւ մեր բոլորին ծանօթ եւ աւանդական «Խորհուրդ մեծ» շարականով, սակայն այս շարականը այդ պահուն դադրեցաւ աւանդութեան մաս կազմելէ եւ դարձաւ արդիական ու հրաշալի մեղեդի մը երբ սկսաւ հնչել տուտուկ երաժշտական գործիքով եւ կատարողութեամբ՝ Պրն. Գէորգ Քէշիշեանի,եւ ոչ պահը աւելի յուզիչ դարձաւ երբ Բլբուլ երգչախումբի բլբուլները մուտք գործեցին իրենց հրեշտակային անմեղութեամբն ու իրենց լուսաւոր մոմերով:

Օրդ. փաթիլ Գալուստեանի բացման խօսքէն եւ բոլոր ներկաներուն բարի գալուստի մաղթանքէն ետք, սկիզբ առաւ համերգին առաջին մասը, ուր՝ Բլբուլ երգչախումբը ներկայացուց երեք երգեր. Joyful joyful, Tu scendi dalle stele եւ ճոխ հայկական ծննդեան երգաշար մը:

Բլբուլ երգչախումբին յաջորդեց Արծիւեան երգչախումբը որ իր կարգին կատարեց հինգ երգեր. Ամենահրաշ Տէր, Venez Divin Messie, sing we Noel, ինչպէս նաեւ Ննջեա Որդեակ-ը մասնակցութեամբ՝ Հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, եւ Little drummer boy-ը մասնակցութեամբ Պրն. Ճոնի Կէօքճեանի:
Ծննդեան համերգին երկրորդ մասը յատուկ էր իր ձեւովն ու իր պարունակութեամբը. Այս մասին մէջ, երկու թենորները՝ Հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեան ու Պրն. Ճոնի Կէօքճեան, հանդէս եկան որպէս մեներգողներ, հետեւեալ վեց երգերով. Ave Maria, Gesu Bambino, Panis Angelicus, O Tannenbaum, O Holy Night, ինչպէս նաեւ Adeste Fideles.

Գեղարուեստական յայտագրին գործադրութիւնը ջերմացուց թատերասրահին մթնոլորտը եւ ներկաներուն հոգիները Քրիստոսի խաղաղութեամբ եւ այս ջերմ մթնոլրտին ներքեւ բեմ բարձրացաւ արհի. Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, համերգին փակման խօսքը արտասանելու համար։ Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան այսպիսի գեղեցիկ երեկոյի մը համար, եւ ներկաներուն ծննդեան տօնին առթիւ բարեմաղթութիւններ ընելէ ետք, անոնց առջեւ դրաւ որպէս ծննդեան պատգամ՝ համերգին մէջ կատարուած բոլոր երգերն ու անոնց բառերուն իմաստը՝որպէսզի Յիսուս Մանուկը աւելի լաւ ընդունինք մեր մէջ:

Ս. Ծննդեան համերգին աւարտին, բեմ բարձրացան Բլբուլ եւ Արծիւեան երգչախումբի բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ երկու թենորները որպէսզի երեկոն փակեն Deck the halls ուրախ երգով: