Նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, մասնակցութեամբ 11 եպիսկոպոսներու, Չորեքշաբթի 17 Օգոստոս 2022ին, առաւօտեան ժամը 7:30ին, սուրբ եւ անմահ Պատարագով, սկիզբ առաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը, որ պիտի երկարի մինչեւ 22 Օգոստոս, Զմմառու վանքին մէջ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Ահաւասիկ հաւաքուած ենք այսօր այս սուրբ վայրը՝ Զմմառու Տիրամօր վանքը, մեր սիրելի համայնքին Պատրիարքական աթոռանիստը։ Միասին դիտելու ենք մեր եկեղեցական եւ ընկերային վիճակները, եւ առնելու կարեւոր որոշումներ ի ծառայութիւն մեր ժողովուրդին, ազգին եւ եկեղեցւոյ, սիւնհոդոսական հոգիով, որուն մեծ կարիքը ունի այսօր եկեղեցին Աստուծոյ զաւակները համախմբելու եւ անոնց հոգ տանելու իրենց եւ եկեղեցւոյ փրկութեան համար: Այս օրերուն միասին պիտի ուսումնասիրենք, սիւնհոդոսական հոգիով, մեր եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները հոս եւ համայն սփիւռքին մէջ, եւ սիրով աշխատինք լեցնելու այս պարապութիւնները, եւ հոգեւոր ու ժամանակաւոր լաւագոյն ծառայութիւնը տրամադրելով ժողովուրդին: Այսու կը խնդրեմ ձեզմէ, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, դուք որ կ’ընկերակցիք մեզի մեր առաքելութեան մէջ, որ աղօթէ մեզի համար, եւ խնդրէ սուրբ հոգիին պարգեւները որպէսզի մեզ առաջնորդէ մեր որոշումներուն մէջ դէպի խաղաղութեան եւ սիրոյ նաւահանգիստը, որուն միշտ կը ձգտինք: Օրհնութիւնն Ամենակալ Հօր թող ըլլայ ձեր եւ մեր վրայ: Ամէն»։
ԼՈՒՐԵՐ
ՆՈՐ ԱՆՈՒԱՆՈՒՄ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Պէյրութ, Հայ Կաթողիկէ...
ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ
Ամենապատիւ Հոգևոր Տէր...
ՍՐՏԻ ԽOՍՔ՝ «ՄԱՍԻՍ» ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԻ 75-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ – Դոկտ․ Աբէլ Քհնյ․ Մանուկեան
«Միջերկրական ծովու...