ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՅՈԲԵԼԵԱՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Armenian /Arabic
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին լրատուական գրասենեակը, ինչպէս քանի մը օր առաջ հրապարակեց յոբելենական տօնախմբումին յայտագիրը, այսու կ’իմացնէ յարգոյ հասարակութեան, թէ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիարքը այսօր, Շաբաթ, 24 Յունիս 2023-ին, Նաբոլի, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցիին մէջ, Հայրապետական Ս. Պատարագով, կը տօնէ իր Քահանայութեան Օծման 50-ամեայ Ոսկեայ Յոբելեանը:
Այս տօնառիթին՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, իր արքեպիսկոպոսներով, եպիսկոպոսներով, առաջնորդներով, վարդապետներով, քահանաներով, սարկաւագներով, կրօնաւորներով, միաբաններով, մայրապետներով, աշխարհական պատասխանատուներով ու հաւատացեալներով, իր սրտաբուխ շնորհաւորութիւնները կը ներկայացնէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին՝ անոր քահանայութեան 50-ամեայ ոսկեայ յոբելեանին առիթով՝ խնդրելով Տիրոջմէն, որ իր «Գլուխն ու Հայրը» հզօրացնէ, առաջնորդէ եւ պտղաբերէ անոր հայրապետական առաքելութեան մէջ՝ ապաւինելով աստուածային շնորհքին ու հաստատակամ մնալով իր ծառայութեան մէջ՝ ամենայն սիրով եւ խոնարհութեամբ, որովհետեւ Ան արժանի է կոչուելու «բարի Հովիւ» ու «հաւատարիմ Ծառայ»:
تتقدم كاثوليكوسية بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك، أساقفة، إكليروسا، وشعبا، بالتهنئة القلبية من غبطة البطريرك روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان بمناسبة اليوبيل الخمسين الذهبي لكهنوته، سائلين الرب أن يقويه ويعضده في مسيرته البطريركية، وأن يتكل على نعمة الرب ليحلق في سماء الروح، والمواظبة في عمله وخدمته بروح التواضع الذي تحلى ويتحلى بها من أجل الخدمة، لأنه يستحق أن يلقب بالراعي الصالح والخادم الأمين