Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրամանով Զմմառու միաբանութեան անդամ եւ ցարդ Միացեալ Նահանգներու Պելմոնթի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր Միքայէլ Պասսալէ նշանակուեցաւ Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդութեան Առաքելական Կառավարիչ։
Հայր Միքայէլը ծնած է Հալէպ` 16 Յունուար 1969-ին։ Նախնական ուսմունքները կատարած է իր ծննդավայրին մէջ ապա 1986-1987 տարեշրջանին յաճախած է Հալէպի Զմմառու միաբանութեան փոքր նորընծայարանը որմէ ետք փոխադրուած է Լիբանան` Զմմառու վանք, ուր աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսմունքները, մեկնած է Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարան, ուր երկու տարի մնալէ ետք դարձեալ վերադարձած է Լիբանան ու աւարտած Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ուսմունքները։ Քահանայ ձեռնադրուած էր 21 Դեկտեմբեր 1997-ին։ Ծառայած է տարբեր առաքելական վայրերուն մէջ, ինչպէս Լիբանան, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսիա` ուր վերակազմակերպած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, հուսկ երկար տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու մէջ է։