Ողջոյն եւ Աստուածաւանդ Օրհնութիւն
Պատուական Եղբարց Մերոց՝
Արհի․ Արհի․ Արքեպիսկոպոսաց, Եպիսկոպոսաց,
Գերյ․ ու Գերպտ․ Վարդապետաց եւ Արժնպտ․ Քահանայից,
Բարեշնորհ Սարկաւագաց, Առաքինազարդ Մայրապետաց
եւ Հաւատացեալ Ժողովրդեանս
Պատուական Եղբարք եւ սիրեցեալ Որդեակք ի Քրիստոս,
Այո՛, «մեծ եւ սքանչելի է խորհուրդը, որ այսօր յայտնուեցաւ մեզի»:
Այս ցնծաբաշխ աւետիսը մեզի կու տայ հայադրոշմ շարականը՝ մեզի յուշելով տօնին սրբութիւնը, մեծութիւնը, խորհրդաւորութիւնն ու նորարարութիւնը։
«Նոր Արքայի մը» ծնունդին բերկրատու աւետիսը կը տրուի մեզի, Արքայի՛ն, որ տիեզերքին Արարիչը, աշխարհին Տէրը եւ մարդկութեան Փրկիչն է։
Աստուածորդիին Մարդեղութեան խորախորհուրդ տօնը Տէր Աստուծոյ անսպառ սիրոյն, ողորմութեան ու հաւատարմութեան վկայութիւնն է։
«Արդ գիտցի՛ր, որ քու Տէր Աստուածդ Ի՛նքն է Աստուած, հաւատարի՛մ Աստուած, որ Զինքը սիրողներուն ու իր պատուիրանները պահողներուն մինչեւ հազար ազգը ուխտ եւ ողորմութիւն կը պահէ» (Ե.Օ. 7,9):
Այսպէս, Յիսուս Քրիստոսի ծնունդէն հարիւրամեակներ առաջ, Տէր Աստուած, մարգարէներուն բերանով, յայտնեց մարդերուն փրկագործութեան իր ծրագիրը եւ հաւատարիմ անոր անանց խօսքին՝ «Հօր էակից անսկիզբ Բանն մարմին առաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ» (Յվհ. 1,14)։
Մեր Տիրոջ ու Փրկչին ծնունդը, սակայն, պարզապէս տօն եւ յիշատակութիւն մը չէ, Սիրելիններ, քանի, ինչպէս գիտենք ու կը հաւատանք, Ան ծնաւ որպէսզի ուսուցանէ, քարոզէ, օրինակ դառնայ, չարչարուի, խաչուի, իր մահով ու յարութեամբ մեզ ազատէ մեղքին գերութենէն եւ պարգեւէ յաւիտենական կեանքը, յաւերժական երանութիւնը։
Փրկչին կամքով եւ զօրութեամբ հիմնուած Մայր մեր Սուրբ Եկեղեցին կը շարունակէ անոր սրբազան Փրկագործութեան առաքելութիւնը՝ հասցնելով Ձեզի անոր կենարար Խօսքը, սրբացնելով Ձեզ Ս. Խորհուրդներով եւ նոյն այս ծնեալ մեր Փրկչին ու Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մնայուն ներկայութեամբ Ամենասուրբ Հաղորդութեան մէջ Ձեզ անքակտելի զօդով հաղորդակից պահելով Անոր հետ։
«Մարիամ իր անդրանիկ Որդին ծնաւ ու խանձարուրով փաթաթեց եւ Զինքը մսուրին մէջ դրաւ, որովհետեւ իջեւանին մէջ տեղ չկար Իրենց համար» (Ղկ․ 2,7):
Ինչպէս երէկ Քրիստոսի ծննդեան օրերուն, այնպէս ալ այսօր ցաւով կը նկատենք, թէ Անոր համար տեղ չկայ։ Ս. Ծննդեան ժամանակաշրջանին մէջ առիթն է դառնալու դէպի Յիսուս Փրկիչը, բանալ մեր սրտերը Անոր, որպէսզի Ան ազատագրէ մեր անձերը, նորոգէ մեր վատթար ընթացքը եւ ուղղէ մեր ոտքերը սիրոյ, համերաշխութեան, ներողամտութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան ճամբով, որոնց կարիքն այսօր ունինք բոլորս։
Աստուածատուր անդորրութեան հասնելու համար մանաւանդ տօնական այս օրերուն՝ հարկ է, որ մենք հետեւինք մարդացեալ Փրկչին եւ երթանք դէպի մեր կարօտեալ եղբայրներն ու քոյրերը, զորոնք անտեսած ենք, որովհետեւ անոնց մէջ մենք մոռցած ենք տեսնել Քրիստոսի պատկերը՝ մտաբերելով անոր անանցանելի խօսքը:
«Ես անօթեցայ, եւ դուք Ինծի ուտելիք չտուիք:
Ես ծարաւեցայ, եւ դուք Ինծի չխմցուցիք:
Ես օտարական էի, եւ դուք Զիս ներս չառիք:
Ես մերկ էի, եւ դուք Ինծի չհագցուցիք:
Ես հիւանդ ու բանտի մէջ էի, եւ դուք Ինծի չայցելեցիք» (Մտթ․ 25,42-43)։
Արդ, Մարիամ Աստուածամայրէն կը խնդրենք անդադար բարեխօսութիւնը իր Միածին Որդիին մօտ, որպէսզի, հրեշտակներուն նման, մեզ ալ արժանացնէ խաղաղութիւն եւ հաճութիւն սփռել մարդերուն մէջ ու ջերմ հաւատքով առլցուն՝ սրտովին աւետենք արար աշխարհին եւ իրարու․«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Անոր փառք յաւիտեանս, յաւիտենից: Ամէն»։
Սուրբ Ծննդեան հրաշափառ եւ փրկարար տօնին առիթով՝ Մեր աղօթքը կը մնայ աշխարհին խաղաղութեան, բայց յատկապէս Միջինքի Արեւելքի, Լիբանանի ու Հայաստանի անդորրութեան համար եւ, 2025-ի Ամանորին ընդառաջ, յուսավառ սրտով միշտ վստահելով «նորածին Արքային» մարդասիրութեան՝ Մենք կը մաղթենք բոլորիդ ու բոլորին «ամենայն տուրք բարիք եւ ամենայն պարգեւք կատարեալք ի վերուստ», ապա, հայրական սիրով կը շնորհենք մեր Հայրապետական Օրհնութիւնը։
Տուեալ ի Պատրիարքական յԱթոռոյն, որ ի Զմմառ, Լիբանան, յամի Տեառն 2024, ի ԻԴ. աւուր ամսեանն Դեկտեմբերի, ի տօնի «Ծննդեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի», եւ յԳ. ամի Հայրապետութեան Մերոյ:
† Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան
Կաթողիկոս-Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց