Հայոց Ցեղասպանութեան 109 ամեակին առիթով ՀՍԿՈՒՄԻ ԵՐԵԿՈՅԹ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻՆ ՇՈՒՐՋ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Թեմին Երիտասարդութեան, Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ժամը 8-ին տեղի ունեցաւ «Հսկումի» երեկոյթը, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին «Նահատակաց Յուշակոթող»-ին շուրջ՝ Ժըթաուի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս- Պատրիարքին նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Զմմառու վանքի Մեծաւոր Գերպծ. Գէորգ Թ. Ծ. վրդ. Նորատունկեանի, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներու, արժանապատիւ հայրերու, նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեանի, քաղաքական դէմքերու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, կաթողիկէ վարժարաններուն տնօրէններուն, աշակերտներուն եւ միութենականներուն, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ համայնքաւորներու:

Գառնիկ Փանոսեանի կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգերուն ունկնդրումէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկան Հ.Կ.Հ.Մ.-էն Հրակ Տէրտէրեան՝ հայերէնով, եւ Փաթիլ Նաճարեան՝ արաբերէն լեզուներով։ Անոնք անդրադարձան անցեալի սահմռկեցուցիչ ցեղասպանութեան եւ Արցախի մէջ իրագործուած ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան, անոնց միջեւ համեմատական մը կատարելով։

Ցեղասպանութեան արհաւիրքներու շուրջ փաստավաւերագրական տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք, «Էլեգիա» նուագին կատարողութեամբ հանդէս եկաւ Սարգիս Նաճարեան, որուն յաջորդեց Մերի Էքմէքճեանի կողմէ «Ղօղանջ Եղեռնական»-ի տպաւորիչ ասմունքն ու Սերժիօ Ահարոնեանի «Տուն իմ հայրենի» երգին մեկնաբանութիւնը։

Օրուան բանախօսը՝ արուեստագէտ Գէորգ Քէշիշեան հայերէնով մեկնաբանուած իր խօսքին մէջ ի մասնաւորի ըսաւ.«Մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն արիւնը վերածուեցաւ կարմիր ովկիանոսի. ովկիանոս մը, որ տարածուեցաւ աշխարհին չորս կողմը. ոռոգեց չոր ցամաքը, ծաղկեց զայն եւ կեանք տուաւ չորրորդ սերունդի մը, որուն զաւակներն ենք մենք:

Այո՛, մեր պապերը վերապրեցան աշխարհին չորս կողմը եւ կ՛ապրին մեր իւրաքանչիւրին հոգիին ու ենթագիտակցութեան մէջ: Կ՛ապրին մեզմէ ամէն մէկուն խղճին մէջ: Անոնց անմահ պայքարը ժառանքած ենք մենք:

Բացարձակ իրողութիւն է, թէ մենք խելացի եւ աշխատասէր ժողովուրդ ենք: Գիտցանք ստեղծել ոչինչէն: Մեր արցունքով եւ մեր ճակատին քրտինքով շինեցինք մեր յարկերը: Հիմնեցինք եկեղեցիներ, դպրոցներ ու ակումբներ:

Շարունակեցինք խօսիլ հայերէն: Աղօթեցինք եւ երգեցինք հայերէն: Զուարճացանք ու պարեցինք հայերէն: Սիրեցինք մեր ազգը եւ ծնունդ տուինք հայ զաւակներուն:

Ստեղծագործեցինք: Աշխարհին մօտ ճանչցուեցանք մեր արհեստներով, արուեստով եւ մշակոյթով: Յարգուեցանք մեր բարձրորակ բժշկութեամբ, գիտութեամբ ու տարբեր մարզերէ ներս առաջնակարգ մասնագիտութիւններով եւ գիւտերով:

Մեր ճիգերով հիմնեցինք գաղութներ եւ կազմակերպեցինք գաղութային հայադրոշմ հասարակութիւնններ: Չուրացանք մեր պապերը, որոնց արեան ժառանգորդներն ենք:

Այո՛, կը գտնուինք օտար երկիրներու մէջ, որոնք թէպէտ դարձած են մեր ծննդավայրերը, սակայն եւ այնպէս չձուլուեցանք, այլ՝ շինեցինք փոքր Հայաստաններ, ամէնուրեք:

Կարժէ պահ մը քննարկել հայ ժողովուրդին իրավիճակը Ցեղասպանութենէն ետք…:

Ճգնաժամ ու տառապալից տարիներ: Երկարատեւ պայքարն ապրելու եւ գոյատեւելու համար, ինչպէս ալ ապահովելու ամենատարրականն ապրուստին: Առաւել, ընտանիքներու կորսուած պարագաներուն պրպտումն ու վերագտնումը:

Ապա, հայ մնալու պայքարը: Մեր լեզուն եւ մշակոյթը պահելու աշխատանքը, բայց մանաւանդ մարտնչումը սպիտակ ջարդին՝ ձուլումին դէմ:

Տարիներ շարունակ ժառանգեցինք սուգը, տխուր երաժշտութիւնն ու լալագին երգերը: Նորածիններուն օրօրերգը դարձաւ ողբերգական:

Մեր ենթագիտակցութեան մէջ ժառանգեցինք տխրութիւն, բորբոքած վէրք եւ անվերջ վրէժխնդրութիւն…:

Այսօր, սակայն, բոլոր դժուարութիւններուն ի հեճուկս՝ մենք յաղթական ելանք մեր բոլոր պայքարներուն մէջ…:

Եւ այս սրբազան պահուն, յաղթանակով կը նշենք հարիւր ինն ամեակը մեր Հայասպանութեան՝ մերժելով ո՛չ միայն թրքականը, այլ նաեւ ամէն տեսակի օտարացում:

Յաղթեցինք այս պայքարը, որովհետեւ ուզեցինք մնալ հայ ու քրիստոնեայ ազգ, դարձեալ շնորհիւ մեր պապերուն եւ մեր կտրիճ մարտիրոսներուն:

Այս գիշեր, հաւաքուած ըլլալով Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Ապրիլեան Նահատակներուն յուշակոթողին շուրջ՝ ոչ միայն կը յիշենք, կը յիշեցնենք եւ կ՛ոգեկոչենք մեր մէկուկէս միլիոն սուրբերուն յիշատակը, այլ նաեւ կը տօնակատարենք մեր հարիւր ինն տարուան յաջողութեան տարեդարձը՝ միշտ նայելով դէպի յաղթանակի ապագան:

Շատերու մօտ, Ապրիլ 24-ը կը խորհրդանշէ տարուան ընթացքին սուգի մէկ օր մը լոկ: Իրողութիւնն այն է, սակայն, որ, մեր ենթագիտակցութեան մէջ, ամէն օր կ՛ապրինք Ապրիլ 24-ը, Ապրիլ 24-ի սուգն ու դատը: Այո՛, կ՛ապրինք ու կը գործենք մեր ծնունդին առաջին օրէն եւ ամէն օր, մինչեւ մեր կեանքին վերջին օրը:

Բայց յոյսով ու գաղափարականով կ՛ապրինք՝ մեր գոյութիւնը փաստելու, մեր ինքնութիւնը ամրապնդելու եւ մեր անունը միշտ բարձր պահելու համար:

Արդէն իսկ յաղթած ենք: Յաղթած ենք անգութ թուրքին ձախողած ու սատանայական ծրագիրներուն:

Ահաւասիկ, բոլորս կ՛ապրինք Մեծ Եղեռնին յիշատակը՝ խօսելով հայերէն, ճանչցուելով մեր հայկական մականուններով, յաճախելով հայկական վարժարանները, մեկնելով հայ ակումբն ու հայկական միութիւնները, ինչպէս ալ մասնակցելով հայածէս Ս. Պատարագներուն եւ ներկայ գտնուելով հայաբոյր ձեռնարկներուն:

Չմոռնա՛նք, թէ մինչեւ օրս նաեւ կը գործեն հայրենակցական միութիւններ, որոնք կը վերապրեցնեն մեր նախնիքներուն պատմական ծննդավայրերն ու սովորութիւնները՝ նաեւ այսպէս հաստատելով մեր պատկանելիութիւնը: 

Շնորհիւ մեր ընկերային, մշակութային, կուսակցական եւ եկեղեցական միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն գործունէութեան՝  ոչ միայն յաղթանակ արձանագրած ենք, այլ նաեւ վերազարթնում կ՛ապրինք ամէն օր:

Տեսէ՛ք մեր մշակութային կենդրոնները, որքա՜ն գործօն են եւ լեցուն՝ երիտասարդներով, երիտասարդուհիներով ու պատանիներով: Անո՛նք են մեր ապագան: Քաջալերե՛նք զանոնք: Գնահատե՛նք անոնց ներկայութիւնն ու աշխատանքը»:

Քէշիշեան իր խօսքը աւարտեց հաւաստիացնելով, որ «մենք կարիքը չունինք մեծ պետութիւններուն ճանաչումին կամ վկայութեան…: Ո՛չ ալ անոնց չունեցած խղճմտանքին ու ապարդիւն միջնորդութեան…: Կարիքը չունինք մեզի երկարած կեղտոտ ձեռներուն…:

Որովհետեւ մեր նահատակներն արդէն իսկ սրբադասուած են, իսկ մեր գոյութիւնը՝ մեծ փաստ: 

Իսկական արդարութիւնը չար աշխարհին վրայ չէ, այլ՝ դրախտային երկնքին մէջ է, ուր ամենակալ Տէր Աստուած իր պահապան հրեշտակներով կը հսկէ հայու հոգիին վրայ:

Մնա՛նք հայ: Մնա՛նք զիրար սիրող ու քաջալերող: Գործե՛նք որպէս հայ եւ ըլլա՛նք մեր զօրաւոր հաւատքով ու կամքով: Մեր ոյժը, մեր կորովը, մեր վերելքը մեր միասնականութեան մէջ է»։

Գեղարուեստական յայտագրին երկրորդ հատուածով հսկումի մասնակիցներուն մատուցուեցաւ «Շուշի» պարախումբին կատարողութեամբ «Տլէ Եաման» պարը, ապա, Սերժիօ Ահարոնեան դարձեալ հանդէս եկաւ «Կռունկ» երգով։

Արաբերէն լեզուով օրուան պատգամը փոխանցեց պրն. Կարօ Մարաշլեան, որ իր ելոյթին մէջ ընդհանուր ակնարկով մը անդրադարձաւ մարդկային չափանիշներու բացակայութեան վերջին դարաշրջանի գլխաւոր հանգրուաններուն, սկսելով՝ 1915 թուականէն, երբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անցնելով 2020 թուականէն՝ Արցախեան պատերազմին, որուն զոհ գացին 6500 հայորդիներ, ապա, շարունակելով 2023-էն, երբ արցախահայութիւնը պաշարումին ենթարկուեցաւ ու տեղահանուեցաւ իր դարաւոր հայրենիքէն, եւ հասնելով մինչեւ ներկայիս պաշարուած Կազան:

Ան յիշեց արեւմտեան երկիրներու անարդար ու անիրաւ քաղաքականութիւնը, որ Ուքրանիոյ պատերազմին համար ամէն ինչ շնորհեց, մինչ հայ դատին ու Արցախի պարագային՝ այդ նոյն խանդավառութիւնը չցուցաբերեց:

Բանախօսը ընդգծեց, թէ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը կը մղէ պատերազմներու եւ միջազգային անկայունութեան: Հետեւաբար, ան խնդրեց որ պատմական կարեւոր դասեր քաղենք անցեալէն ու ներկայէն՝ հիմնուելով մասնաւորապէս իրաւունքի եւ արդարութեան ոյժին վրայ: Ան աւելցուց, որ լիբանանահայութիւնը, իդ կարգին, կառչած պիտի մնայ իր արդար իրաւունքներուն Լիբանանի մէջ, որքան ալ ներքին դժուարութիւններն ու արտաքին խոստումները բազմանան:

Վերջապէս, ան յայտնեց, թէ «մենք ամուր զինուած կը մնանք ճշմարտութեանբ եւ օրէնքով մինչեւ վերջ»: Ան երափակեց իր խօսքը՝ հաստատելով թէ հայ ժողովուրդին յարատեւութիւնը կը կայանայ իր հաւատքին մէջ, որուն միջոցաւ կը յաղթահարէ բոլոր անիրաւութիւնները եւ կը վերանորոգուի մխիթարութեամբ, միասնականութեամբ ու սիրով:

Ոգեկոչումը իր լրումին հասաւ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներու հնչեցուցած` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան նուիրուած «Բազմաչարչար» շարականով, ղեկավարութեամբ համանուն կրթօճախի փոխտեսուչ Գեր. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանի:

Ամենպտ. Եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը, ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքով իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց երիտասարդներու կազմակերպած այս լուրջ եւ բծախնդիր յայտագրին համար՝ մեծապէս գնահատելով հայ նոր սերունդին անգնահատելի ներդրումը ազգային աւանդութիւններուն եւ հայ դատին պաշտպանութեան ի խնդիր։ Հայրապետը` այնուամենայնիւ չյուսահատելու եւ լաւագոյն ապագայի տեսլականով ընթանալու հրաւիրեց ներկաները եւ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Իրաւունքը երբեք չի կորչիր, Աստուած միշտ իրաւազրկուածներուն եւ իրաւատէրերուն կողքին կը յայտնուի, ասոր համար մեր աչքերը սեւեռենք արդար Աստուծոյ»։

Հոգեւոր Տիրոջ «Պահպանիչով» հսկումին յայտագիրը հասաւ իր աւարտին։

ԹՂԹԱԿԻՑ