ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, նկատի առնելով Լիբանանի մէջ տիրող դժուար ընկերա-տնտեսական պայմանները, իր Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոնին միջոցաւ արդէն իսկ սկսած է 400-է աւելի կարիքաւոր ընտանիքներու օգնել սննդեղէն բաժնելով ամսական դրութեամբ, անսալով Անանուն Բարերարներու, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամ Միութեան, ինչպէս նաեւ Յարգարժան Տէր եւ Տիկին Ալեքօ եւ Անի Պէզիքեաններու առատաձեռն օժանդակութիւններուն:

Բաշխումները սկսած են 2019-ի Դեկտեմբեր ամիսէն, Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, ինչպէս նաեւ Յունուար 11 եւ Փետրուար 15, եւ պիտի շարունակուին ամսական դրութեամբ մինչեւ 2020-ի վերջը, Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Հ.Կ.Մ.-ի սրահին մէջ, հետեւեալ Շաբաթ օրերուն՝ Մարտ 14, Ապրիլ 8, Մայիս 16, Յունիս 13, Յուլիս 11, Օգոստոս 8, Սեպտեմբեր 12, Հոկտեմբեր 10, Նոյեմբեր 7 եւ Դեկտեմբեր 12:

Առ այդ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ընկերային Ծառայութեան Կեդրոնէն երիտասարդներ հերթական այցելութիւններ պիտի կատարեն կարիքաւոր ընտանիքներուն՝ պատրաստելով մանրամասն ցուցակներ, որպէսզի կատարուած օժանդակութիւնները համապատասխանեն ընտանիքներու իսկական կարիքներուն:

Նշենք որ դրամական յատկացումներ պիտի չկատարուին:

Դիւան

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ

Պատրիարքական Առաջնորդարանի