Զմմառեան Միաբանութեան հիմնարկութենէն շուրջ երկու դարեր ետք, տուեալ ժամանակահատուածի պահանջքէն մղուած, Զմմառու եւ Ճիւնիի նախկին երկու տարբեր շէնքերու մէջ հաստատուած երկու հասարակութիւն ունենալու փորձը այլեւս գործնական չէր: Հետեւաբար, նոր եւ առաւել արդիական շէնքի մը գաղափարը յառաջացաւ եւ զայն կեանքի կոչեց Վսեմաշուք Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը, յանձն առնելով այդպիսի նոր շէնքի մը կառուցումին համար անհրաժեշտ նիւթական բոլոր միջոցներուն հայթայթումը։
Զմմառու հին նորընծայարանի շէնքը արդէն մեծ մասամբ հակառողջապահական վիճակի մէջ էր, իսկ Ճիւնիի միջավայրը փոխուած էր եւ շատ յարմար չէր այլեւս կղերիկոսներու դաստիարակութեան համար։ Ճիւնիի ընծայարանի ուրիշ մէկ անպատեհութիւնն էր` կղերիկոսներու հեռու մնալը Զմմառու վանքէն եւ ուսումնական տարիներու ընթացքին վանքին լքուած երեւոյթը:
Ճարտարապետներու յանձնախումբի մը կողմէ կատարուած երկար ուսումնասիրութիւններէ ետք, նախընտրութիւնը տրուեցաւ Լեւոն Գասպարեանի նախագիծին, եւ 1961 Մայիսի 28-ին մեծ շուքով կատարուեցաւ ծրագրուած շէնքին հիմնարկէքը` Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան զոյգ տօներուն առթիւ:
Նախկին Զմմառու ընծայարանի օգտագործումը իբրեւ մատենադարան, ձեռագրատուն եւ դիւան կայացաւ միեւնոյն տարին, 1961-ին, ի ծաղկումն հայ մշակոյթի եւ ի բարօրութիւն միաբան հայրերու: Իսկ ասոնց վրայ կառուցուեցաւ Վեհարանն ու թանգարանի յարկաբաժինը:
1963 Յուլիս 7-ին տեղի ունեցաւ Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ.ի բարեպաշտ մօր` Իսկուհի Աղաճանեանի յիշատակին նուիրուած նորակառոյց Ընծայարանի բացման հանդիսութիւնը, նախագահութեամբ` երջանկայիշատակ Տէր Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ ներկայութեամբ Կարտինալին քրոջը: Առ այս, Դպրեվանքի սաները միշտ երախտապարտ եղած են Վսեմաշուք Կարտինալին իրենց հանդէպ ունեցած հոգածութեան համար:
Դպրեվանքի 1963-1964 ուսումնական տարեշրջանը սկսաւ ամենայն օրինականութեամբ` պետական ծրագրին համաձայն: Նորընծայարանի դպրոցը ճանչցուեցաւ իբր երկրորդական վարժարան, որով ան իրաւասու եղաւ օրինաւորապէս տալու Լիբանանեան կրթական ծրագրին համապատասխան` շրջանաւարտներու ուսումնական վկայականը:
2001 թուականին, Զմմառեան Միաբանութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին, որոշում կայացաւ Ս. Միքայէլ Ընծայարանին միացնել համալսարանականներու բաժինը՝ երէց ժառանգաւորացը, որ յանձնուեցաւ երանելի նահատակ՝ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի պաշտպանութեանը:
Այդ թուականէն սկսեալ Զմմառու Վանքի Ընծայարանի շէնքին ներքեւ կը գործէ Ս. Միքայէլ փոքր Ընծայարանն ու երէց ժառանգաւորացը, համալսարանական ժառանգաւորներու բաժինը՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքը: