Չորեքշաբթի, 15 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին՝ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրման արարողութիւնը՝ որ պատրիարքական բարձրագոյն պարգևն է:
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի սրբատառ Կոնդակի ընթերցումէն յետոյ՝ առ ի գնահատանք հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքին, շքանշանը պարգեւատրեալին անձամբ յանձնեց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ յատուկ այս առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ժամանակ, որուն ներկայ գտնուեցան Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ երկու վերապատուելի, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի Անի Սարաֆեան Եփրեմեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան, պարգեւատրեալին կողակիցը՝ Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ։
Իր սրտի խօսքին մէջ, պարգեւատրեալը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ բոլոր ներկաներուն՝ այս պատիւին համար, ապա մատնանշեց որ այս աշխատանքը ինք այս աշխատանքը կը կատարէ Քրիստոսի եւ հայ ժողովուրդին համար։ Նշելով որ մենք որպէս առաջին քրիստոնեայ պետութիւն, եւ քրիստոնէական մեր հաւատքը, անկախ թէ ի՛նչ դաւանանքի կը պատկանիս, ատիկա մեզի համար սրբութիւն է։ Անշուշտ ընդունելով որ մեր հաւատքի հիմքը Աստուածաշունչն է, առ այդ կը փորձենք Աստուծոյ խօսքը հասցնել մեր ժողովուրդի բոլոր տարիքի ներկայացուցիչներուն. Այստեղ յատկապէս կարեւոր է որ այս խօսքը հասնի մանուկներուն եւ պատանիներուն, որովհետեւ անոնք են մեր ապագան։
Աւելի եւս հիմնաւորելու համար իր սկսած աշխատանքի դրդապատճառը, յետադարձ ակնարկ մը կատարելով, Ճէպէճեան պատմեց իր հին ծանօթութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ հետ, երբ տակաւին Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ էր, իսկ ինք՝ Լիբանանի Աստուածաշունչի ընկերութեան մէջ կ’աշխատէր։ Այս հանդիպումին ան նկատած էր Հոգեւոր Տիրոջ տագնապը՝ հոգեւոր գրականութիւն հասցնելու համար ժողովուրդին, հետեւաբար, միասնաբար լծուած են մանուկներու յատուկ նկարազարդ հոգեւոր գիրքերու պատրաստութեան աշխատանքին, որ հասած է մինչեւ 17 գրքոյկի։ 1981-ին սկսած այս գործակցութիւնը շարունակուած է, նոյնիսկ Հոգեւոր Տիրոջ մեկնումէն ետք ԱՄՆ՝ Պըրպէնք, Լոս Անճելըս, ապա Յորդանան։ Այս առթիւ Ճէպէճեան իր սրտագին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Աստուծոյ՝ Կաթողիկոս Պատրիարքի հոգեւոր, եկեղեցական եւ ազգային առաջնորդութեան համար։
Ձեռնարկի աւարտին ներկաներ իրենց շնորհաւորանքները յայտնեցին պարգեւատրեալին։
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ծնած է Պէյրութ, 1957-ին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին մէջ:
1981-ին աւարտած է Հայկազեան Համալսարանը՝ ստանալով Պսակաւոր Արուեստից վկայականը՝ Արեւտրական Գիտութեան:
1984-ին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Մագիստրոս Գիտութեան վկայականը՝ Երկրագործական Տնտեսագիտութեան:
14 Մայիս 2014-ին ստացած է Դոկտորական վկայականը՝ յաջողութեամբ պաշտպանելէ ետք իր աւարտաճարը՝ «Քրիստոնէական յոյսի պատգամին ընկալումը եւ կիրարկումը հնդիկ աշխատաւորներու կողմէ՝ անոնց արտերկեայ աշխատանքային կեանքին մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ»:
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան իր վկայականը ստացաւ Նիւ Եորքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն՝ Աստուածաշունչի Յանձնառութիւն (Bible Engagement) ճիւղին մէջ, որ կը ձգտի քաջալերել Աստուածաշունչը կարդալու եւ հասկնալու՝ մեկնելով անհատին եւ հաւաքականութեան լեզուական եւ ընկերամշակութային տուեալներէն:
Ամուսնացած է Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան ճէպէճեանի հետ եւ ունին երկու զաւակ՝ Վահէ եւ Ալիք:
2005-էն ի վեր անոր աշխատանքային նստավայրը եղած է Նիկոսիա,Կիպրոս:
- Եկեղեցական հրատարակչական կազմակերպութիւն
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան մաս կը կազմէ միջազգային քրիստոնէական միջ_եկեղեցական հրատարակաչական կազմակերպութեան՝ Միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերութեան, որ կը գործէ աւելի քան 200 երկիրներու մէջ:
- Պաշտօն եւ գործունէութիւն
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Ընդհանուր Քարտուղարն է միջազգային քրիստոնէական միջ եկեղեցական հրատարակչական կազմակերպութեան՝ Միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերութեան՝ Արաբական Ծոցի տարածաշրջանին: Ան կը գործէ այս կազմակերպութեան հետ աւելի քան 36 տարիներէ ի վեր:
- Հիմնադիր, խորհրդատու եւ ատենապետ
1991-1996 տարիներուն Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Եղած է նաեւ հիմնադիր եւ խորհրդատու-կազմակերպող Հայաստանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան:
2006-2014 եղած է ատենապետը Միջին Արեւելքի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Խորհուրդին:
- Եկեղեցական գործունէութիւն եւ համագումարներու մասնակցութիւն
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ունի միջ-եկեղեցական լայն գործունէութիւն եւ մասնակցութիւն: Ճամբորդած ու տակաւին աշխարհով մէկ տեղ եւ մասնակցած բազմաթիւ միջազգային եւ միջ եկեղեցական քրիստոնէական համագումարներու եւ ներկայացուցած զանազան դասախօսութիւններ՝ կրօնական, սուրբ գրային եւ Միջին Արեւելեան քրիստոնէական ներկայութեան մասին:
- Միութենական, գաղութային ու համահայկական գործունէութիւն
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ունի ազգային, միութենական, գաղութային ու համահայկական բեղուն գործունէութիւն՝ նկատի ունենալով, որ մօտէն ճանչցած եւ այցելած է բազմաթիւ հայկական գաղութներ աշխարհով մէկտեղ։
- Անդամակցութիւն
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի անդամակցութիւնը՝
- 1980-էն ի վեր Պէյրութի Էշրէֆիէի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ:
- 1988-1993 եւ 1997-2005 Եղած է վարչական անդամ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Կեդրոնական Մարմնին,
- 1988-1994 եւ 1996-2003 Ազունիէի Ազգային Բուժարանին,
- 1990-2005 Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Հոգաբարձութեան,
- 1991-էն ի վեր Պէյրութի Աստուածաբանական Ճեմարանի Խնամակալութեան,
- 1991-2005 Հայկազեան Համալսարանի խնամակալութեան,
- 1996-էն ի վեր ՄԱՀԱԵՄի Հրատարակչական Մարմնին,
- 2000-էն ի վեր Ատենապետն է Հայ Աւետարանական Արմիս Մշակութային յանձնախումբին,Պէյրութ, Լիբանան,
- 2004-2007 Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման 90 ամեակի Լիբանանահայ Կեդրոնական Մարմնին,
- 2007-էն ի վեր Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Վարչութեան, Կիպրոս:
1980-էն ի վեր կ’աշխատակցի լիբանանահայ, հայրենի եւ սփիւռքահայ բազմաթիւ Մամուլի օրկաններու հետ՝ գրաւոր եւ անտիպ, ստորագրելով ազգային, մշակութային եւ Աստուածաբանական նիւթերով յօդուածներ:
2010-ին հրատարակեց իր առաջին հատորը՝ «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը», ուր ամփոփուած է իր 30 տարիներու յօդուածներու հաւաքածոն:
2018-ին՝ «Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ»
Հրատարակած է նաեւ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ եւ «Bible Engagement: The Discovery of Faith, Hope and Self» գիրքերը