ԳԵՐՊԾ. Հ. ԵՂԻԱ Թ. Ծ. Վ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅԿԱԹՈՂԻԿԷ ԹԵՄԻՆ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԳԵՐՊԾ. Հ. ԵՂԻԱ Թ. ԾՎ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅԿԱԹՈՂԻԿԷ ԹԵՄԻՆ

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, իր տարեկան Ժողովի ընթացքին, կատարեց կանոնական ընտրութիւնը Գերպծ. Հայր Եղիա Թ. Ծ. Վ. Եղիայեանի իբրեւ Առաջնորդ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Թեմին։

Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 23 յունիս 2018 թուակիր կոնդակով, իր հաճութիւնը յայտնեց Սիւնհոդոսական Հայրերուն կատարած ընտրութեան։

Հայր Եղիա Թ. Ծ. Վ. Եղիայեան ծնած է Հալէպ՝ 29 մայիս 1950-ին։ Զմմառեան Միաբանութեան Ընծայարանը եւ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանը յաճախելէ ետք, քահանայ ձեռնադրուած է իբր Զմմառու միաբան՝ Հալէպ, 24 մարտ 1974-ին։

Հետզհետէ պաշտօնավարած է Զմմառ, Պուրճ Համուտ, Զալքա, Հռոմ, Պէյրութ, զանազան առաքելութիւններով, իբր ժողովրդապետ, տնօրէն, ուսուցիչ, քարոզիչ։ Իր վերջին պաշտօնավայրը եղած է Զալքա՝ իբր ժողովրդապետ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ տնօրէն Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի։

Նորընտիր Եպիսկոպոսին Ձեռնադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12 օգոստոս 2018-ին, Զմմառու մայրավանքին մէջ։

 

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ