Նախագահութեամբ՝ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ՝ Նուիրապետութեան Արքեպիսկոպոսներուն ու Եպիսկոպոսներուն, Ուրբաթ՝ 4 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու տարեկան սիւնհոդոսին բացումը, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ տեղի ունեցած պատարագով: Նիստերը կը տեւեն մինչեւ 12 Փետրուար:
Սիւնհոդոսական նիստերու օրակարգը հիմնականօրէն պիտի ընդգրկէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընդհանուր կացութեան արժեւորումն ու կարիքներու ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ թեմերու հարցերն ու մարտահրաւէրները: