12 յունուար 2018, Ուրբաթ ժամը 13:00-ին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար եւ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժպրան Պասիլ այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ։
Նախարարին կ՛ընկերակցէին նախկին նախարար Նիքոլա Սահնահուի, Միշել Տը Շատարեւեան եւ Մասուտ էլ Աշքար։ Հանդիպումին ներկայ եղան Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Լիբանանի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան, գերապայծառ Մանուէլ եպիսկ․ Պաթագեան, գերապայծառ Գէորգ Արք․ Խազումեան, գերյարգելի Գէորգ ծ․վ․ Եղիայեան, ինչպէս նաեւ պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ հայ կաթողիկէ անձնաւորութիւններ։
Յետ Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորեան շնորհաւորութիւններու եւ բարեմաղթանքներու փոխանակումը, շուրջ ժամ մը տեւած խօսակցութիւնը շօշափեց երկրին ընդհանուր իրավիճակին առնչուող եւ լիբանանցիները յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական գործընթացը։