2021ի Սեպտեմբեր 23-ին Արհ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան դարձաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ԻԱ. կաթողիկոս Պատրիարք ստանալով Գերերջանիկ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ· ՄԻՆԱՍԵԱՆ անունը
«Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 22 եւ 23 Սեպտեմբերին Հռոմի մէջ գումարուած Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարքական Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը, ընտրեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքը յանձինս Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանին, տիտղոսաւոր Կապադովկիան Կեսարիոյ Հայոց եւ Առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց: Նորընտրեալ Պատրիարքը ստացաւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան անունը»։ Լուրը կը յայտարարէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը։
Կենսագրական
Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան ծնած է 1946թ. Հոկտեմբերի 24-ին:
1958թ. կ’ընդունուի Զմմառի Պատրիարքական Միաբանութիւն ընծայարան, ուր կը ստանայ դպրոցական բարձրագոյն կրթութիւն:
1966թ. կ’ուղարկուի Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան եւ կ’աշակերտ է քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ, ուրկէ կը ստանայ փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վկայականները: Ուսումը կը շարունակէ Հռոմի Սալեզեան համալսարանին մէջ` մասնագիտանալով գործնական հոգեբանութեան մէջ:
1973թ. Յունիս 24-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ:
Մինչեւ 1980 թուական կը ստանձնէ Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ հովուութիւնը: 1978թ. Նշանակուած է Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցական ատեանի քարտուղար, ապա՝ եկեղեցական դատաւոր՝ մինչեւ 1989 թուականը:
1980 – 1984թթ. ծիսագիտութիւն կը դասաւանդէ Պէյրութի Քասլիք Սուրբ Հոգի համալսարանին մէջ:
1983 – 1986թթ. կ’ըլլայ Զալքայի (Լիբանան) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ: Անոր շնորհիւ է արդարեւ որ կառուցուած է Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցին:
1986 – 1988թթ. կ’ըլլայ պատրիարքական քարտուղար:
1988 – 1990 թթ. դարձեալ կ’անուանուի Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` միաժամանակ վարելով նորակառոյց պատրիարքական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը:
1990 – 2006թթ. կ’անուանուի ԱՄՆ- ի Քալիֆորնիա նահանգի ժողովրդապետ:
Կ’ըլլայ «Armenian Alliance» բարեգործական հիմնադրամի գլխաւոր հիմնադիր անդամներէն մէկը, որուն հովանաւորութեամբ Հայաստանի մէջ կ’իրականացուին բազմաթիւ մարդասիրական եւ բարեգործական ծրագիրներ: Հայր Ռաֆայէլ Մինասեան Կլէնտելի մէջ կը ձեռնարկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառուցման, որուն օծումը տեղի կ’ունենայ 2001թ.՝ ի յիշատակ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան ընդունման 1700 ամեակին:
2005թ. Սեպտեմբերին Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը Ռաֆայէլ վրդ. Մինասեանը կ’անուանէ պատրիարքական Փոխանորդ Երուսաղէմի եւ Ամմանի Փոխանորդութեան:
2005թ. Իտալիոյ մէջ կը հիմնէ «Telepace Armenia» հեռուստակայանը:
2009թ. Երուսաղէմի Հայ Կաթողիկէ համալիրին մէջ գտնուող Քրիստոսի Խաչի ճանապարհի 4-րդ կայանին մէջ, Հայր Ռաֆայէլը հաստատած է Սուրբ Հաղորդութեան մնայուն երկրպագութիւնը, որուն շարունակականութիւնը ապահովուած են Սուրբ Պօղոսի Միաբանութեան քոյրերը:
2011թ. Յունիս 24-ին Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետի յատուկ պապական կոնդակով Հ. Ռաֆայէլ Մինասեանը կ’արժանանայ եպիսկոպոսական կարգի, որպէս նորանշանակ Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Կապադովկիան Կեսարիոյ Հայոց եւ Առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց:
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի կ’ունենայ 2011թ. Յուլիս 16-ին Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ ձեռամբ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, ներկայութեամբ Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ Վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին:
2011թ. Օգոստոս 7-ին Շիրակի մարզի Արեւիկ գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ’ունենայ Հայր Ռաֆայէլ Արքեպս· Մինասեանի Գահակալութեան արարողութիւնը:
2021-ի Սեպտեմբերի 23ին Արհ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան կը դառնայ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ԻԱ. կաթողիկոս Պատրիարք, ստանալով Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան անունը։