Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան հովուական այցելութեամբ Քեսապ ժամանեց հինգշաբթի 2 օգոստոս 2018-ին եւ Քեսապի մուտքին դիմաւորուեցաւ ժողովրդապետ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի կողմէ, որուն կ’ընկերանային ժողովրդապետական օժանդակ յանձնախումբի անդամները եւ խումբ մը հաւատացեալներ: Կարճ դադարէ մը ետք, ամէնքը ուղղուեցան Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցի, որուն շրջափակին մէջ գեր. Տիրոջ դիմաւորութեան եկած էին բազմաթիւ հաւատացեալներ: Գեր. Ասատուրեան եկեղեցւոյ մէջ աղօթքէ մը եւ ժողովուրդը օրհնելէ ետք կրկին բակ իջնելով օրհնեց երեք ոչխարները, որոնք իբր մատաղ պիտի ծառայէին յաջորդ օրուայ Քեսապի տիրամօր արձանի բացումէն ետք, ժողովուրդին բաժնուելիք հերիսային պատրաստութեան:
Ուրբաթ 3 օգոստոսը տօնական օր մըն էր համայն քեսապահայութեան համար։ Արդարեւ, պիտի կատարուէր Քեսապի Տիրամօր արձանի օրհնութիւնն ու բացումը: Աւելի քան հինգ հարիւր հաւատացեալներ հաւաքուած էին Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ բարեզարդուած շրջաբակին մէջ սպասելով իրենց բարեխօս տիրամօր արձանի բացման: Պաշտօնական անձնաւորութիւններու շարքին կը նշմարուէր ներկայութիւնը Լաթաքիոյ նահանգապետի ներկայացուցչին, Քեսապի քաղաքապետին, արձանի բարերարուհի՝ օրդ. Սառա Թեմիրեանի, պետական, ապահովական եւ զինուորական պատասխանատուներու ինչպէս նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ բազմաթիւ հոգեւորականներու:
Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ մէկ վարկեան լռութեամբ ի յարգանք Սուրիոյ նահատակներուն: Բացման խօսքը կատարեց ժողովրդապետ՝ հայր Նարեկ Լուիսեան։ Ան ըսաւ որ Մարիամ մայրն է համայն մարդկութեան եւ կը յիշուի ոչ միայն Աւետարանին մէջ, այլ նաեւ իսլամներու Ղուրանի բազմաթիւ հատուածներուն մէջ: Վարդապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարուհիին եւ պետական բոլոր պատասխանատուներուն իրենց ներկայութեան համար, ապա հրաւիրեց Գերապայծառ Տէրը, բարերարուհին եւ նահանգապետի ներկայացուցիչը վերցնելու արձանին քօղը, որ կատարուեցաւ ներկայ ժողովուրդին ծափահարութիւններուն ներքեւ հետ եւ սպիտակ աղաւնիի մը արձակումով՝ խորհրդանիշ խաղաղութեան: Ապա հայր Նարեկ հերթաբար հրաւիրեց ներկայ հոգեւորականները, քրիստոնեայ թէ իսլամ, իրենց սրտի խօսքը արտասանելու եւ իւրաքանչիւր խօսքէ ետք կը հնչէր Մարեմեան երգ մը կատարողութեամբ ներկայ եկեղեցական երգչախմբերու:
Ապա տեղի ունեցաւ արձանի օծումը սուրբ Միւռոնով ձեռամբ գերպծ. Ասատուրեանի, որմէ ետք խօսք առնելով իր կարգին՝ գերպծ. Տէրը, նախ հայերէնով, շեշտեց թէ Մարիամի բարեխօսութեան շնորհիւ է որ բռնագրաւուած Քեսապը շուտով վերադարձաւ իր ժողովուրդին, որուն կոչ ըրաւ տէր կանգնելու իրենց գիւղին՝ ապաւինելով երկնաւոր մեր Մայրիկին: Ապա արաբերէն խօսքին մէջ գերպծ. Տէրը շեշտը դրաւ կրօնքներու միջեւ սերտ յարաբերութիւններուն եւ սիրոյ վրայ, ըսելով թէ մենք՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ ունինք մէկ եւ միեւնոյն Տէրը եւ Արարիչը : Գերպծ. Տէրը ըսաւ. «Մենք այս պահուս կանգնած ենք՝ անվախ, լեռան ստորոտը, որուն ետին կայ մեր դարաւոր թշնամին, որուն բիւր փորձերը մեզ ջնջելու մնացին ու պիտի մնան ապարդիւն, քանի մենք զինուած ենք մեր հաւատքով եւ կը վայելենք բարեխօսութիւնը մեր բարեխօս Մայրիկին՝ Աստուածամօր»: Ապա գերպծ․ Ասատուրեան բարերարուհի օրդ. Սառա Թեմիրեանին նուիրեց Աստուածամօր սրբապատկերը որմէ ետք Լաթաքիոյ նահանգապետին հետ տնկեցին արձանին կից ձիթենիի ծառ մը՝ խորհրդանիշ խաղաղութեան եւ յաւերժութեան եւ ուղղուեցան եկեղեցւոյ բակը ուր գերպծ. Տէրը օրհնելէ ետք մատաղ հերիսան հիւրերուն հետ ուղղուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանի մուտքի դահլիճը ուր մտերմիկ հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Միեւնոյն ատեն եկեղեցւոյ երիտասարդները կը կատարէին հրավառութիւն ճոխացնելով մթնոլորտը:
Շաբաթ, 4 Օգոստոսի 2018-ի երեկոյեան ժամը վեցին բոլորին ժամադրավայրն էր Հայ կաթողիկէ եկեղեցական հանդիսասրահը, որուն վերանոգութիւնը կատարուած էր, կողոպտուելէ եւ աւերուելէ ետք Քեսապ ներխուժած զինեալներու կողմէ 2014-ին:
Գերպծ. Ասատուրեան, հայր Նարեկ վրդ., հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւը եւ Քեսապի քաղաքապետը միասնաբար քակեցին մուտքի դրան ժապաւէնը եւ ներկաները մուտք գործեցին վերանորոգ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Բացման խօսքը արտասանեց պրն. Ռաֆֆի Ճուրեան, որ նախ ըրաւ պատմականը սրահին, որ հանդիսացած էր Քեսապի Կաթողիկէ առաջին եկեղեցին 1861-ին, ապա 1981-ին վերածուած էր եկեղեցական սրահի: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ թուրքիոյ չորս ներխուժումներուն Քեսապ որոնց իւրաքանչիւրէն ետք քեսապցին կրցած էր միշտ վերականգնիլ եւ շարունակել իր կեանքը եւ պահպանել իր բարքերն ու աւանդութիւնները:
Բացման խօսքէն ետք Հ.Կ.Մ.ի պատանիներէն Աստղիկ Դանիէլեան ասմունքեց մեծ ապրումով Յակոբ Թորոսեանի «Ուխտ»ը եւ Լիլա Չիւրիւքեան կատարեց «Կիլիկիա» մենապարը:
Գեղարուեստական բաժնին մեծ մասը տրամադրուած էր «Հայոց Գողգոթա» տեսասկաւառակի ցուցադրութեան: Ռաֆֆի Ճուրեան ներկայացուց անոր հեղինակը՝ Ղեւոնդ Ռոպէր Քէնտիրճեանը, եւ անդրադառնալով ֆիլմին, նշեց որ ան Յիսուսի չարչարանքներն ու յարութիւնը կը համեմատէր հայ ժողովուրդի չարչարանքներուն եւ յարութեան։ Ապա հրաւիրեց հեղինակը քեսապահայութեան ուղղելու իր սրտի խօսքը. Ան իր հակիրճ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց գերպծ. Տիրոջ եւ հայր Նարեկին, որոնք առիթ տուած էին իրեն իր ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութեան իր ծննդավայր Քեսապի մէջ․ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց որոնք սատարեցին ֆիլմի պատրաստութեան։ Ներկաները մեծ ուշադրութեամբ եւ յուզումով հետեւեցան ցուցադրութեան:
Հանդիսութեան փակման խօսքին համար բեմ հրաւիրուեցաւ գերպծ. Ասատուրեան.ան, որ գավաբանական խօսքերով վեր առաւ Քեսապի ժողովրդապետ հայր Նարեկի զոհողութեան եւ աշխատասիրութեան առաքինութիւնները, կոչ ըրաւ ժողովուրդին կանգնելու միշտ եկեղեցւոյ եւ իրենց հովիւին կողքին եւ միասնաբար յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները։ «Երբեք վհատելու չենք, այլ վստահելու ենք միշտ Աստուծոյ նախախնամութեան» ըսաւ ան եւ շնորհաւորեց քեսապցիները իրենց վերանորոգ սրահի բացման առիթով եւ մաղթեց որ սրահը օգտագործուի ուրախ առիթներու համար:
Գերպծ. Տիրոջ խօսքէն ետք բոլորը ուղղուեցան սրահին բակը ուր տեղի ունեցաւ շհորհաւորութիւն եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Կիրակի, 5 Օգոստոսին, Արհի.Գէորգ եպս. Ասատուրեան մատուցանեց հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին կիսասարկաւագի կարգը տուաւ Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ հաւատացեալներէն պրն. Արա Քէշիշեանին, որ երկար տարիներէ ի վեր մեծ նուիրուածութեամբ կը ծառայէ եկեղեցւոյ եւ Ս. Խորանին: Իր քարոզին մէջ գերպծ. Հայրը ըսաւ. «Կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւնը զոր կատարեցինք ՝ նշանակալից արարողութիւն մըն է, որովհետեւ ան նուիրագործումն է ձեռնադրեալի յանձնառութեան նուիրուելու Եկեղեցւոյ ծառայութեան»: Ապա իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալին, ան ըսաւ. «Սիրելի Արա, վստահ եմ որ դուն այս յանձնառութիւնը կը կատարես քաջ գիտակցութեամբ, որովհետեւ դուն իսկական զաւակն ես այս եկեղեցւոյ, եւ Ս. Խորանին քու ծառայութեամբդ, քու հաւատարմութեամբդ, բարեսրտութեամբդ ու խոնարհութեամբդ յարգուած ու գնահատուած ես իրերայաջորդ բոլոր ժողովրդապետներուն կողմէ: Վստահ եմ որ այսուհետեւ պիտի շարունակես ծառայել աւելի սիրով ու նուիրումով»: Ապա գերապայծառ Տէրը դառնալով ժողովուրդին ըսաւ. «Կը մաղթեմ եւ կ’աղօթեմ որ Արային օրինակը առիթ դառնայ նոր կոչումներու որոնց այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունին մեր Եկեղեցին ու մեր ժողովուրդը»: Ս. Հաղորդութեան բաշխումը կատարեց՝ առաջնորդ հօր հրամանաւ նոր ձեռնադրեալ կիսասարկաւագը, իսկ պատարագի աւարտին գերպծ. տէրը փոխանցեց եղբայր Արային յուշանուէր մը: Յիշատակի լուսանկարումէ մը ետք ներկաները բարձրացան Ս.Միքայէլ վանքին երկրորդ յարկի վրայ գտնուող Աղաճանեան սրահ ընդունելու ներկաներու շնորհաւորութիւններն ու խնդակցութիւնները:
Գերապայծառ Տիրոջ եռօրեայ այցելութիւնը մեծ արձագանգ ունեցաւ քեսապահայութեան մօտ, եւ անոր ներկայութիւնը հանդիսացաւ անոնց քաջալերանք եւ յոյս :