Պատրիարք Կարդինալ Լուիս Սագոյի հրաւէրով, Պաղտատի մէջ կը գումարուի Արեւելքի կաթողիկէ Պատրիարքներու համաժողով մը «Երիտասարդութիւնը յոյսի խորհրդանիշ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ» խորագրով։
Համաժողովին մասնակցելու համար երէկ Պաղտատ մեկնեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Մարոնիթներու Մար Պշարա Ռաի, Եուսէֆ Գ. Եունան եւ Եուսէֆ Ալ Ապտի Պատրիարքները։