ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ Է ԳԵՐՅ. Հ. ԳԱՌՆԻԿ Ծ. ՎՐԴ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու Առաջնորդ Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան 2021թ. Սեպտեմբեր 23-ին Հռոմի մէջ կայացած Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոոսի ընտրութիւններու որպէս արդիւնք ընտրուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. անունով, բայց Պատրիարք Կաթողիկոսի պարտականութիւններուն զուգահեռ, Հռոմի Սուրբ Աթոռի տնօրինութեամբ, կը շարունակէ կատարել Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց Առաջնորդի պարտականութիւնները՝ մինչեւ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի յաջորդ գումարումը՝ նոր Առաջնորդ Եպիսկոպոս ընտրելու համար:

Մինչ այդ 2021թ. Նոյեմբեր 2-ի որոշմամբ, Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը որպէս իր տեղապահ նշանակեց Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսեփեանը, որ հանդէս պիտի գայ Կաթողիկոս Պատրիարքի անունով եւ Առաջնորդութեան ընթացիկ հարցերու վերաբերեալ որոշումներ պիտի կայացնէ՝ Կաթողիկոս Պատրիարքի հետ խորհրդակցելէ յետոյ:

 

Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի կենսագրութիւնը

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան՝ աւազանի անունով Գառնիկ Յովսէփեան, ծնած է 1976 թուականի Մայիս 20-ին՝ Սուրիոյ Մելիքիէ քաղաքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի ծխական դպրոցի՝ Եփրատի Ազգային վարժարանին մէջ:

1987-1990թթ. ուսանած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ապրած՝ Զմմառու Միաբանութեան Սուրբ Վարդանանց փոքր դպրեվանքին մէջ, որուն մեծաւորն էր Հ. Էմմանուէլ Վրդ. Տապպաղեան:

1990-1995թթ. ուսանած է Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան նորընծայարանին մէջ: Վիեննայի «Հագէր Միւլլէր» Պետական Բարձրագոյն Դպրոցը յաջողութեամբ աւարտելէ յետոյ մեկնած է Լիբանան՝ Զմմառ, եւ Պօղոսեան Հայրերու կաճառին մէջ հետեւած է Փիլիսոփայութեան նախապատրաստական դասընթացքներուն:

1996թ. մեկնած է Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական հայ վարժարան եւ բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է Հռոմի Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի Քահանայապետական համալսարանին մէջ՝ ուսանելով Աստուածաբանութիւն եւ Փիլիսոփայութիւն: 6-ամեայ համալսարանական դասընթացը աւարտած է 2002 թ.՝ ստանալով Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան պաքալորիայի աստիճան:

2002 թուականի Սեպտեմբեր 14-ին՝ Սուրիոյ Բարձր Ճեզիրէի թեմին մէջ օծուած է կուսակրօն քահանայ՝ ձեռամբ Արհի. Տէր Պետրոս Արքեպս. Միրիաթեանի: Նոյն թուականին ստանձնած է Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքի Սուրբ Ընտանեաց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնը եւ ծառայած մինչեւ 2012 թուականը:

2013 թուականին՝ որպէս ժողովրդապետ իր հոգեւոր առաքելութիւնը շարունակած է Գամիշլիի Սուրբ Յովսէփ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ:

2014 թուականի Փետրուարին՝ տեղափոխուելով Մայր Հայրենիք, որպէս փոխ-ժողովրդապետ իր հովուական գործունէութիւնը սկսած է Շիրակի մարզկեդրոն Կիւմրիի եւ Աշոցքի «Տիրամայր Նարեկի» հիւանդանոցին մէջ, ծառայած է նաեւ Աշոցքի տարածաշրջանի Սարագիւղ, Պաւրա, Սիզաւէտ եւ Ղազանչի Հայ Կաթողիկէ համայնքներուն մէջ:

2015 թուականի Փետրուար 20-ին Հայր Գառնիկ Վրդ. Յովսէփեան կը նշանակուի Փանիկ համայնքի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ-հոգեւոր հովիւ:

2015 թուականի Հոկտեմբեր 12-ին՝ կղերական ժողովի ընթացքին, Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի կողմէ նշանակուած է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան Երիտասարդաց միութեան նախագահ եւ համակարգող:

2017 թուականի Յունիս 18-ին՝ քահանայական ձեռնադրութեան 15-ամեակին կապակցութեամբ, Գերպ. Հայր Գառնիկ Վրդ. Յովսէփեանին շնորհուեցաւ ծայրագոյն վարդապետի աստիճան՝ ձեռամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրաինայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս Նշան Գարաքէհէեանի: