ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՀՍԿՈՒՄ ԵՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Հսկում կազմակերպութեամբ երկու Հայ համայնքներուն՝  Հայ Կաթողիկէ համայնքին, գլխաւորութեամբ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանի մեծաւոր, գերյարգելի  Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեանի եւ Հայ Առաքելական համայնքին, գլխաւորութեամբ գերապատիւ  Տիրայր  աբղ. Յակոբեանի։ Ներկայ էին գերապատիւ վարդապետներ, Անարատ Յղութեան հայ եւ օտար առաքինազարդ քոյրեր, եւ Հռոմաբնակ հայ եւ հայասէր հաւատացեալներ:

Բացումը կատարելով  օրուան հանդիսութեան,  գերապատիւ Տիրայր աբղ. Յակոբեան ներկայացուց ցեղասպանութիւն ապրած հայուն հոգեբարոյականութիւնը, որ զայն կը տարբերէ  ուրիշ ազգերէն, ըսելով. «Այսօր մենք, որպէս ցեղասպանութենէ վերապրած ժողովուրդ աշխարհի տարբեր անկիւններում, ներկայացնում ենք մեր ժողովուրդին տեսակը եւ բարոյական բարձր արժէքները,  վստահեցնելով համայն աշխարհին, որ մենք արարող եւ բարոյական սկզբունքներով օժտուած ժողովուրդ ենք, եւ ժամանակի կուրութեան ենթարկուած օսմանցիները չկարողացան հայ ազգի մէջ տեսնել այն վեհը եւ արդարը, որը այսօր ակնյայտ է, բոլոր քաղաքակիրթ ազգերի համար»։ Հայր սուրբը աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Այսօր օրն է աղօթք բարձրացնելու, մեր ցեղասպանութեան զոհերի համար, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի եւ մեր հայրենիքի լուսաւոր եւ բարգաւաճ ապագայի համար»։

Հայր սուրբին յաջորդեց իտալերէն լեզուով բացման խօսքը զոր ընթերցեց եղբ. Գրիգոր Պոյաճեանը, ապա ցեղասպանութեան նուիրուած կարճ տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ հանրութեան։ Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Եղբ. Վիգէն Ապասեան անգլերէն լեզուով արտասանեց Ուիլիամ Սարոյեանի «Նոր Հայաստան»ը, Մարինէ Գրիգորեան մենակատարեց Կոմիտաս վարդապետի «Կռունկ» երգը, Աննա Մանուկեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Կոմիտասի «Գարուն ա»ն, եղբ. Միլատ Սաատօ ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ եղեռնական»ը, Վերոնիքա Խիզիանիշվիլի սրինգի վրայ նուագեց «Թռչէի մտքով տուն» եւ «Կիլիկիա» երգերը, եղբ. Արամ Սաատօ մենակատարեց «Տուն իմ Հայրենի» երգը, Անիթա Մարգարեան ասմունքեց «Վերապրող Նահատակներ» բանաստեղծութիւնը, եղբ. Ժագ Քէշիշեան եւ Մարինէ Գրիգորեան ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Հայրենիքիս Հետ» երգը, ապա վարժարանի սաները քառաձայն երգեցին Հայր Անդրանիկ Կռանեանի «Բազմաչարչար նահատակ» շարականը։  Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, որպէս յարգանքի եւ ողորմութեան տուրք  վաղաժամ վախճանեալ եւ վարժարանիս նախկին սաներէն՝ գերապատիւ Հայր Եղիշէ վրդ. Ճենճիի հոգւոյն,  վարժարանիս ժառանգաւորները քառաձայն երգեցին Խորենեան եղանակով «Տէր Ողորմեա»ն:

Օրուան բանախօսն էր գերյ. Հ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ միասնականութեան գաղափարին վրայ ըսելով. «Այսօր, մենք իբրեւ Հռոմի մէջ գտնուող փոքր գաղութ, պէտք է օրինակ դառնանք համայն հայութեան, թէ ինչպէս երկու տարբեր համայնքներու զաւակներ, միատեղ հաւաքուելով վերյիշեցինք եւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցանեցինք մեր մէկուկէս միլիոն անմեղ սուրբերուն, միասնաբար, ձեռք-ձեռքի տուած աւելի բեղուն ապագայի մը ծրագիրը հաստատեցինք։ Թող թուրք մարդասպանը իմանայ, որ հայը ուր ալ ըլլայ այնտեղ պիտի ցանէ՝ այն ինչ որ 103 տարի առաջ փորձեց կործանել»։ Ապա գերյարգելին շեշտեց հայուն քրիստոնեայ ինքնութեան կարեւորութիւնը, մէջբերելով Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի յորդորը,  զոր ան արտասանած էր 1964 Ապրիլին.  «Անոնք, անշուշտ երկինքն են եւ բարեխօս են մեզի համար, սակայն ունին պատգամ մը ուղղուած մեզի: Իրաւ է որ ոճրագործները չկրցան զիրենք բնաջինջ ընել, բայց մենք կրնանք մեր նահատակները ուրիշ սուրով մը խոցել եւ անոնց յիշատակը նսեմացնել, այդ սուրը կը կոչուի անկրօնութիւն եւ հաւատուրացութիւն»:  Մեծաւոր հայրը իր խօսքը փակեց ըսելով. «Եթէ չունենանք հաւատքը Յարութեան, սէրը ազգի ու կրօնի հանդէպ եւ եթէ չհաւատանք մեր նահատակներու հրաշափառ յարութեան, ապա պիտի յայտնուինք կործանման եզրին, որով մեր նախնիները պիտի նզովեն մեզ եւ մենք եւս պիտի նմանինք այն ժողովուրդներուն որոնք եկած են ու անցած են պատմութեան: Ուրեմն ուխտենք ըլլալ հաւատարիմ մեր հայրերուն կտակին եւ մեր պահանջատիրութիւնը հասցնենք իր լրումին:» Ապա բոլոր ներկաները վարած մոմերով ուղղուեցան վարժարանիս մէջ կանգնած խաչքարին շուրջ ուր օրուայ  հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Մարինէ Գրիգորեանի մեկնաբանած «Տըլէ եաման» երգով եւ  հիւրասիրութեամբ:

 

Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դարձեալ նոյն եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ նուիրուած 1915-ի անմեղ Սուրբերուն։ Հոգեպարար արարողութիւնը մատոյց Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր՝ գերյարգելի Հ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, իսկ օրուան պատգամը փոխանցեց արեւելեան եկեղեցիներու նախագահի փոխանորդ Արհիապատիւ  Սիրիլ Արք. Վասիլ։ Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ ցորենի հատիկի մեռնելուն կարեւորութեան։ Պատարագի աւարտին, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Տիկ. Վիքթորիա Պաղտասարեան, իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Ապա  ներկաները ճերմակ վարդերով թափօր կազմելով ուղղուեցան եկեղեցւոյ կից խաչքարին դիմաց, ուր սուրբ նահատակաց աղօթքը տեղի ունեցաւ:

 

Եղբ. Ժագ Քէշիշեան