ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՍԱՆՏՐԻԻ

Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019-ի կէսօրուան ժամը 12:10-ին, Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի հասարակութիւնը, գլխաւորութեամբ մեծաւոր հօր՝ Գերյարգելի Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեանի, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան եւ իր վարչութեան խորհուրդի  անդամ քոյրերէն՝ քոյր Նելլի Ըզին, քոյր Ռիթա Զապարեան եւ քոյր Էմմա Մուսայեան, Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ աւանդական այցելութիւնը կատարեցին Արեւելեան եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիին, որուն հետ միասնաբար իտալերէն լեզուով աղօթեցին Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ»ը, որմէ ետք վարժարանին մեծաւորը Կարդինալին նուիրեց Տեառնընդառաջի մոմը: