armenian/arabic
Յունաստան կատարած իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, որ նաեւ տեղի կ’ունենայ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հարիւրամեակին առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Յունաստանի Հայ Առաքելական թեմի առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանին, ընկերակցութեամբ՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչի եւ խումբ մը քահանաներու:
Գեղամ Արք. Խաչերեան առաջնորդը՝ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մուտքին ընդունեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ապա բոլորը ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ խորանը, ուր շնորհակալական աղօթք մը բարձրացուցին առ Աստուած, երկու Եկեղեցիներու զաւակներուն դիտաւորութեան համար, հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Այս առիթով, Գեղամ Արք. Խաչերեան առաջնորդ հայրը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան, ըսելով. «Ձեր այցելութիւնը՝ Հոգեւոր Տէ՛ր, իսկապէս պատմական է. ան ուրախութիւն ու յոյս կը սփռէ ձեր զաւակներու հոգիներուն, մանաւանդ որ կը պատահի ձեր եկեղեցւոյ հարիւրամեակի առիթով այս սուրբ երկրին մէջ: Հետեւաբար, մեզ համար՝ մեծ ուրախութիւն է բաժնելու այս յոբելենականը ձեզ հետ, խնդրելով Աստուածամայրէն ձեզ առողջութիւն եւ երկար կեանք պարգեւէ, որպէսզի օրինակ մնաք Եկեղեցւոյ համար»:
Հոգեւոր Տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Խաչերեան առաջնորդին, քահանայ հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, անոնց եղբայրական ընդունելութեան համար, որ կ’արտացոլէ երկու Եկեղեցիներու միջեւ ջերմ ու սերտ յարաբերութիւնը:
Աղօթքի աւարտին, երկու կողմերը այս պատմական առիթով յուշանուէրներ փոխանակեցին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մէջ շրջեցան եւ ծանօթացան անոր պատմութեան եւ հնամենի առանձնայատկութիւններուն:
البطريرك ميناسيان يزور مطران الأرمن الأرثوذكس كيغام خاتشاريان في أثينا وتأكيد على عمق العلاقات التي تربط بين الكنيستين
في إطار زيارته الرعوية التاريخية إلى اليونان والتي تأتي في إطار الذكرى التأسيسية المئوية للكنيسة الأرمنية الكاثوليكية في اليونان، زار كاثوليكوس بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك البطريرك روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان، مطران الأرمن الأرثوذكس في اليونان كيغام خاتشاريان وذلك برفقة رئيس أساقفة أبرشية حلب المارونية المطران بطرس مراياتي، المدبر الرسولي للكنيسة الأرمنية الكاثوليكية في اليونان الإكسرخوس جوزيف بيزازيان وٱباء كهنة.
بداية، إستقبل المطران كيغام خاتشاريان صاحب الغبطة والوفد المرافق عند مدخل كنيسة القديس غريغوريوس المنور، تم توجه الجميع إلى الكنيسة رافعين صلاة الشكر على نية أبناء الكنيستين بحضور مؤمنين.
وألقى المطران كيغام خاتشاريان كلمة ترحيبية بغبطته والوفد المرافق قائلا:
” إن زيارتكم يا صاحب الغبطة هي زيارة تاريخية بامتياز تبعث الفرح والرجاء في نفوس أبنائكم لا سيما أنها أتت بالتزامن مع مئوية وجود كنيستكم في هذه الديار المقدسة. لذلك.يسرنا أن نتشارك معكم هذه الفرحة سائلين العذراء مريم أن تمنحكم الصحة والعمر المديد لتبقون قدوة للكنيسة”.
بدوره، شكر البطريرك ميناسيان المطران كيغام والٱباء الكهنة والشعب المؤمن لاستقبالهم الأخوي الذي ينم عن المحبة والعلاقة الطيبة والوطيدة التي تربط بين الكنيستين.
في ختام الصلاة، تبادل الطرفان الهدايا التذكارية التي تؤرخ لهذه الذكرى التاريخية
كما جالوا على أرجاء الكنيسة مطلعين على تاريخها ومميزاتها التاريخية