Օգոստոսի 9-ին Լիբանան ժամանած հայաստանեան պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ: Հանդիպմանը ներկայ եղաւ Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը:
Ողջունելով հանդիպման մասնակիցները՝ Պատրիարքը նախ և առաջ ներկայացուց լիբանանահայութեան իրավիճակը եւ համայնքին կրած մարդկային եւ նիւթական կորուստները:
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, նշեց որ Հայաստան օգնութիւն կը ցուցաբերէ Լիբանանի կառավարութեան, լիբանանցի եղբայրական ժողովուրդին, ինչպէս նաև հայ համայնքին: «Այս այցելութեան նպատակն է նաև աւելի մօտէն հասկնալ, թէ ինչպէս կրնանք աջակցիլ լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն»,-շեշտեց Գլխաւոր յանձնակատարը:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրն իր խօսքին մէջ ընդգծեց որ համայն հայութիւնը երկու սիրտ ունի՝ Հայաստանը և սփիւռքը, եւ ուրախութիւնը յայտնեց, որ վերջապէս հայ ժողովուրդը ազատ եւ անկախ հայրենիք ունի: Ան նաև կարեւորեց երկու շաբաթ առաջ Արցախի կառավարութենէն ստացուած օգնութիւնը. «Մեր եղբայրները մեզ հետ են, եւ ասիկա շատ գեղեցիկ ժեստ էր» ըսաւ ան։
Հանդիպման աւարտին Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը նշեց որ կը նախատեսուի մարդասիրական օգնութեան եւս երկու ինքնաթիռներ, որոնց փոխադրած պարէնամթերք և դեղորայքը պիտի փոխանցուի հայ համայնքին: