ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին, ինչպէս նաեւ գերապայծառ Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեանին, գերապայծառ Գէորգ եպիսկ. Խազումեանին եւ Սբ. Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ Կարապետեանին, Երկուշաբթի, 2 յունուար 2017, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սբ. Ծննդեան եւ Ամանորի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Պապական Նուիրակ արհիապատիւ Կապրիէլ Քաչչիա եպիսկոպոսին, Հարիսա։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները ներկայացուց Պապական Նուիրակին։ Այնուհետեւ, անոնք իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին Լիբանանի կացութեան բարելաւումին համար, մաղթելով որ Լիբանան աստիճանաբար իր ամբողջական խաղաղութիւնը վերագտնէ եւ զարգացման նոր թափ ստանայ նոր տարուան հետ։