Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին, ինչպէս նաեւ գերապայծառ Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեանին, գերապայծառ Գէորգ եպիսկ. Խազումեանին եւ Սբ. Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ Կարապետեանին, Երկուշաբթի, 2 յունուար 2017, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, ուղղուեցաւ Պքերքէ, փոխադարձելու համար Կարդինալ Պշարա Ռաի Պատրիարքին այցելութիւնը։ Իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան ընթացքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթանքները յայտնեց մարոնիթ համայնքապետին, հոգեւորականներուն եւ համայն հաւատացեալներուն։ Ապա, երկու համայնքապետերը փոխանակեցին լաւատեսութեամբ դրոշմուած իրենց տպաւորութիւնները երկրէն ներս արձանագրուած զարգացումներու մասին։ Անոնք շեշտեցին լիբանանցիներուն միասնականութեան կարեւորութիւնը՝ յաղթահարելու երկրին դիմաց ծառացող ամէն դժուարութիւն, ի խնդիր խաղաղ, յուսալի եւ բարգաւաճ ապագայի մը։
ԼՈՒՐԵՐ
Ս. ՓՐԿԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Պէյրութի Պատրիարքական...
ՆՈՐ ԱՆՈՒԱՆՈՒՄ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Պէյրութ, Հայ Կաթողիկէ...
ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ
Ամենապատիւ Հոգևոր Տէր...