Երեքշաբթի, 8 Յունուար 2019-ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Ասատուրեան, Արհիապատիւ Տէր Մանուէլ Եպս․ Պաթագեան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Գերապատիւ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Հոգեշնորհ Տէր Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու ընդհանրապէս համայն Հայութիւնը յուզող խնդիրներ, եւ մասնաւորաբար Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան առընչուած հարցեր։